ՍԲ. ՆԵՐՍԷՍ ՇՆՈՐՀԱԼԻԻ ԱՂՕԹՔԻՆ
ՎԵՐԼՈՒԾԱԿԱՆ ՓՈՐՁ
Միքայէլ Անճէլոյ և Պէրնինի ունին իրենց կախարդիչ քանդակները: Պօթիչելլի և Ռափայէլօ ունին իրենց զմայլելի գեղանկարչական պաստառները: Տանթէ և Միլթոն հրաշակերտած են հոգեյոյզ բանաստեղծութիւններ: Ասոնք բոլորը կոչուած են հանճարեղ արուեստագէտներ, որոնց նմանները քիչ կը տեսնէ աշխարհ:
Ասոնք բոլորը կոչուած են արուեստագէտ ու բանաստեղծ, որովհետեւ կրցած են տեսնել, ըմբռնել ու խորհիլ այն ինչ որ սովորական մահկանացուներու աչքէն ծածկուած կը մնայ, ու յայտնաբերումով՚ մատչելի ըրած աստուածայինը ընդհանուր մարդկութեան:
Վերոյիշեալ արուեստագէտներու հոյլին կը պատկանի նաեւ Արարատեան Սբ. Ներսէս Շնորհալին, որ իր "ԱՂՕԹՔ" բանաստեղծութիւնով՚ կրցած է մարդը մօտեցնել Աստուծոյ: Իր ներշնչող տրամախօսութեամբ, Աստուծոյ հետ, վարժեցուցած է իրեն հաւատակից հայրենակիցները՚ որպէսզի անոնք ալ իրենց կարգին մենախօսեն Աստուծոյ հետ, ներշնչուին տիեզերքի խորհուրդներէն ու երաժշտութենէն և ունկնդրեն Աստուծոյ Ձայնին, որ պիտի ըլլայ ուղեցոյց նաւապետը իրենց կեանքի ծով ուղեւորութեան ընթացքին:
Յետագայ քանի մը էջերով՚ փորձած եմ ընկերակցիլ այս դարաւոր հոգեւորականին, ծանօթանալու համար իր մտերմութեան և բարեկամութեան գաղտնիքին, որ ունեցած է Աստուծոյ հետ: Կը խորհիմ, թէ Շնորհալիի աղօթքներուն մեկնաբանումովը՚ անոր աստուածպաշտական հասկացողութեան թափանցելու հետամտութիւնս՚ անտեղի ոտնձգութիւն մը չէ երբեք:
Ընտրուած գլխաւոր Աղօթքն է՚
ՀԱՒԱՏՈՎ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՄ-ը
Ա. Նորատունկեան
Հայ-Քրիստոնեայ
1986 Թորոնթօ,
ՀԱՎԱՏՈՎ ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՄ
1.--Հաւատով խոստովանիմ և երկիրպագանեմ քեզ, Հայր և Որդի և սուրբ Հոգի, անեղ և անմահ բնութիւն, արարիչ հրեշտակաց և մարդկան և ամենայն եղելոց. ողորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս:
Հաւատով.
Ինչո՞ւ հաւատով:
Որովհետեւ հաւատալ կը նշանակէ վստահութիւն և հաւաստիք: Երբ անձ մը հաւատալ կը սկսի, այդ իր մէջ գտնուոՙղ հաւատքը--անխախտ վստահութիւնը--ենթական այնպիսի կերպով կը շրջապատէ և կը պարուրէ, որ կարծես այդ անձը անսպառ ոյժ-կորովի տէր կը դառնայ: Այդ անձին հաւատալու գիտակցութիւնը ոչ միայն իմացական կ՛լլայ, այլ նաեւ փորձառական:
Հաւատալ՚ կը նշանակէ նաեւ մեր անձնաւորութիւնը յանձնել Գերագոյն Զօրութեան, որպէսզի Աՙն կառավարէ մեզ և Իր բարի կամքին փոխակերպէ:
Հաւատացեալ մը ինքզինք այնքան անձնատուր կ՛ընէ իրմէ բարձր այդ Զօրութեան կամ վեհանձն Էութեան, որ իր գործառնութիւնները նոյնիսկ երբեմն անտրամաբանական կը թուին ըլլալ, անտրամաբանական, սակայն անշուշտ ոչ-հաւատացեալի աչքին:
Կարելի է ըսել, թէ երկու որոշ տեսակի հաւատք (belief) կայ:
1.--Ներքին, բնական և լռելեայն, որ գրեթէ ամէն մարդ ունի: Օրինակի համար, հաւատալ Աստուծոյ և վստահիլ նաեւ որ Ան վարձահատոյց է Իրեն հաւատացողներուն:
2.--Հաւատալ (to believe) վերեւ յիշուած հաւատքին վրայ աւելցնել է նաեւ փորձառութիւնը, և այդ փորձառութենէն յառաջ եկած գիտութիւնն ու համոզումը:
Օրինակի համար. դիտենք Պօղոս Առաքեալը: Նախ քան դէպի Դամասկոս իր ըրած ճամբորդութիւնը, երբեմնի Սօղոս կոչուած Պօղոսը՚ հաւատացեալ մըն էր (believer) իր կրօնքին և դաւանանքին: Երբ Դամասկոսի ճամբուն վրայ աստուածային յայտնութիւնը ստացաւ և լսեց Յիսուսի մելանուշ ձայնը՚ որ զինք կը կանչէր, այսինքն՚ ունեցաւ հրեղէն և աստուածային փորձառութիւն: Պօղոս վերափոխուեցաւ ու դարձաւ առաքեալը այն Յիսուսին, զոր նախապէս կը հալածէր:
Որովհետեւ,
ա.-Ան ունեցաւ երեք տեսակի փորձառութիւն. -տեսաւ, լսեց և ձիէն ինկաւ:
բ.-Անձնատուր եղաւ այդ Տեսիլք կանչին, « ըսաւ Յիսուսի. "Ի՞նչ կուզես որ ընեմ" :
գ.-Երկու տարի Արաբիա գնաց և հոն հոգեկան խոկումով ու երկնային տեսիլքներով և զանազան փորձառութիւններով ձեռք ձգած գիտութեամբ՚ իր հաւատքը ամրապնդեց, աճեցուց և կրցաւ բացականչել, « վկայել ըսելով. «գիտեՙմ թէ որու եմ հաւատացէր, և համոզուած եմ որ իմ իրեն աւանդած բանս կրնայ պահել այն օրը--2 Տիմ. Ա.12:
Այլեւս Պօղոս Առաքեալին հաւատքը փորձառակաՙն և գիտակցական (faith)-ի փոխակերպուած էր: Ոչ միայն կը հաւատար, այլ վստաՙհ գիտէր թէ Որոՙւ կը հաւատայ և ինչոՙւ կը հաւատայ: Իր զգացական, իմացական և հոգեկան փորձառութիւնները իր հաւատքը շօշափելի և տեսանելի ըրած էին զինք: Երանելի՜ Պօղոս Առաքեալ:
Քսաներորդ դարը բնագիտական հետազօտութեանց մէջ ունեցաւ հաւատքի երկու տիտաններ, յանձին Տոքթ. Քիւրի ամոլին: Այս երկու անձնուրաց անձերը՚ զոհեցին իրենց քունը, առողջութիւնը և իրենց ընկերային փառքը, գտնելու համար Ռատիւմ կոչուած տարրը: Իրենց կատարած պրպտումները հաւատքի մը արդիւնքն էին: Որքան գիտական աշխարհը կասկած ունէր իրենց հետազօտութեանց, անոնք այնքան աւելի վստահութեամբ կը ներշնչուէին իրենց հաւատքին մէջ: Երբ իրենց վերջին տարրալուծական փորձին արդիւնքը բացին և ամանը պարապ գտան, կրնաք երեւակայել իրենց յուսախաբութիւնն ու բարոյալքումը: Հոգեկան խոր ցաւի և վհատութեան մէջ տուն գացին թաղելու իրենց վիշտը քունի և մոռացութեան մէջ:
Սակայն, նորէն իրենց հաւատքը յաղթանակեց: Իրենց յոյսերը թռիչք առին և իրիկուան մութին վերադարձան իրենց աշխատանոցը: Երբ դուռը բացին ի՞նչ կը կարծէք որ գտած ըլլան այդ սեղանին վրայ, որ պարապ աման մը կը կարծուէր ըլլալ...: Չէին կրնար երեւակայել ու հաւատալ իրենց աչքերուն. հոն, սեղանին վրայ, այդ պարապ կարծուած ամանէն կը ցայտէր կարծես, Լուսաւորչի կանթեղը, համայն լոյս և յույս սփռելով չորս դին:
Ահա այս է հաւատք կոչուած աստուածատուր պարգեւը մարդ էակին: Կառչիՙնք այսպիսի հաւատքի յոյսին, հոգ չէ թէ երբեմն յուսահատինք կամ կ՛ասկածինք: Ի վերջոյ հաւատքով է որ պիտի յառնենք, ոտքի կանգնինք մեռելներէն, այն մեծ օրը Յարութեան:
Քարլ Պարթ, որ 20-րդ դարու աստուածաբաններու հետաքրքրութիւնը շարժեց 1918-ին իր գրած մեկնաբանական գիրքովը՚ «առ Հռոմէացիս Թուղթին», սապէս կարտայայտուի "հաւատքի" մասին.-
«Աստուծոյ մօտենալու մարդկային ուղի չկայ, փրկութեան ճամբայ չկայ: Հաւատալու համար սանդուխ չկայ: Հաւատալը, անհատին սեփական նախաձեռնութիւնն է, իր անձին նախաենդադրութիւնն է: Որովհետեւ ամէն մարդու համար հաւատալը թէՙ դժուար է և թէ պարզ, բոլորին համար ալ ոստում մըն է դէպի անծանօթ անհունութիւն: Այս քայլը կարելի է բոլորին, միայն այն պատճառաւ՚ որ նաեւ անկարելի է բոլորին»
Հաւատքը այն ուժմն է, այն թաքուն ու խորհրդաւոր զօրութիւնը և առաջնորդը, որ իւրաքանչիւր անձ կամ մարդկային ընկերութիւն իր մէջ կը կրէ, սակայն քիչեր են անոնք, որ կոչ կ՛ուղղեն այս զօրաւարին, կամ անձնատուր կ՛ըլլան անոր կամքին: Երբ անձ մը գտունի անել կացութեան մէջ և այնպէս կարծէ թէ ոչ յոյս կայ ու ոչ փրկութիւն, երբ բանականութիւնն ու տրամաբանութիւնը իրենց ձեռքերը օդը նետեն, մարդկային այդ զօրութիւնը, հոգիին խորը թագնուած ուժը կը մօտենայ ենթակային կամ մարդկային ընկերութեան և անոր ի սպաս կը դնէ ինքզինք:
Այս թագուն ուժին միջոցաւ է, որ մարդիկ կոչուէր են հերոսներ կամ աստուածներ՚ դասական հին պատմութեան մէջ: Այս թագուն զօրութիւնն է, որ անկարելին կարելիՙ կը դարձնէ: Այս հաւատքի ուժին ներքեւ կամ միջոցաւ, տեղի կ՛ունենան հրաշքներ ու գերբնական դէպքեր ու պատահարներ:
Ինչո՞ւ մարդ արարած անձնատուր չ՛ըլլար, չանսար հաւատքի այս զօրութեան:
Ան չանսար, որովհետեւ մարդ, առ հասարակ, աւելի ապահով կ՛զգայ ինքզինք բանականութեան և տրամաբնանութեան իշխանութեան ներքեւ:
Հաւատքի քայլը կ՛առնուի գոց աչքերով, ու այդ քայլը կ՛առնուի դէպի անծանօթը, դէպի անյայտը: Սակայն, մարդոց անծանօթ կամ օտար թուող մարզերուն մէջ է, որ կը գործէ Աստուած: Այդ անյայտութիւն կարծուած աշխարհէՙն է որ Աստուած յայտնութիւններ կը ղրկէ մարդուն: Այդ գոց ու ծածուկ կարծուած աշխարհէՙն է որ մարգարէներն ու տեսանողները կ՛ստանան իրնց տեսիլքներն ու պատգամները: Այդ ծածկուաՙծը տեսնելու առանձնաշնորհումին համար, Յիսուս ըսաւ Իր աշակերտներուն. «Ասկէ ետեւ պիտի տեսնէք երկինքը բացուած»:
Հաւատքի հրաշքները, որոնք անկարելի բաները կարելի կը դարձնեն, մեր շուրջը կը պատահին ամէն օր, սակայն մեր ուշադրութենէն կը վրիպին, որովհետեւ մեՙր տեսողութիւնը և ըմբռնողութիւնը մեզ կը խաբեն:
Դիտենք, օրինակի համար Ֆիլիփիններու մէջ վերջերս պատահած ազգային դէպքերը: Նախագահ Մարքոսի մենատիրական, անարդար և դաժան իշխանութիւնը ո՞վ տապալեց կը կարծէք: Իրմէ աւելի՞ զօրաւոր կամ վայրագ իշխան մը: Ոՙչ, այլ, որբեւայրի մը, որ ոչ բանակ ունէր և ոչ շատ հետեւորդ: Տիկ. Աքւինոյ ունէր աՙյն ինչ որ չուներ Մարքոս--ՀԱՒԱՙՏՔ, սկզբոՙւնք, արդարամտութիՙւն և ազգասիրութիւն: Ասիկա քսաներորդ դարու ազգերու պատմութեան մէջ պատահած ամէնամեծ հրաշքներէն մէկն է, որուն գործադրութեան միակ միջոցը եղած է Տիկ. Ագւինոյին հաւաՙտքն ու վստահութիւնը առ Աստուած:
ԽՈՍՏՈՎԱՆԻՄ
Հայերէնի և ուրիշ լեզուներու մէջ, խոստովանիլը մեղքի և յանցանքի համար կ՛ըլլայ, ընդհանրապէս:
Դաւանիլ կը նշանակէ ընդունիլ, խոստովանիլ կամ ընդունուածը յայտարարել: Օրինակի համար, հայ Քրիստոնեան կ՛արտասանէ Նիկիական Հանգանակը, այսինքն կը դաւանի:
Սբ. Ներսէս Շնորհալի, որ շատ հմուտ էր հայ լեզուի և Քրիստոնէական գրականութեան, այստեղ իր գործածած "Խոստովանիմ" բառով, փոխանակ "դաւանիմի", կը ստիպէ զիս՚, որ հոգեկան խորասուզումով դիտեմ այս նախադասութիւնը, ու կարենամ արժէքաւոր մարգարիտներ գտնել անոր խորհուրդին մէջ:
Ինչո՞ւ "խոստովանիլ" և ոչ թէ "դաւանիլ":
Անձի մը համար կարելի է դաւանիլ հանգանակ մը առանց անոր մանրամասնութիւնները գիտնալու կամ ըմբռնելու: Սակայն երբ կարգը կու գայ խոստովանելու, իւրաքանչիւր բառ որ այդ անձին շրթներէն կ՛ելլէ, գիտակցութեան մը արդիւնքն է: Մարդ չիՙ կրնար խոստովանիլ աՙյն, ինչ որ չի գիտեր, չունենար սեփականօրէն:
Ինչո՞ւ համար "խոստովանիլ":
Մեղաւոր անձ մը իր յանցանքները և մեղքերը խոստովանելոՙվ է որ կ՛ապաշխարէ: Խոստովանելով կարծես թէ ան կը թեթեւնայ իր հոգիին վրայ ճնշող բեռներէն, ու հոգեպէս կը զգայ որ թողութիւն ու ներում ստացած է: Իր բերանացի խոստովանութիւնը կ՛արգիլէ զինք որ իր յանցանքները կրկնէ: Խոստովանութիւնը, արժանապատուութիւնդ կը զօրացնէ:
Ինչո՞ւ Ս. Ներսէս Շնորհալի խոստովանիմ բառը կը գործածէ ինքզինքին և նաեւ իրեն նման հաւատացեալներուն:
Ի՞նչ էր արդեօք Շնորհալիին տեսակէտը:
Այս տողերով կ՛ուզեմ յայտնել ըմբռնումս Ս. Շնորհալիի տեսակէտին: Ան ինքն իրեն համար չէ տուած "շնորհալի" որակական ստորոգելին, այլ ուրիշնեՙր զինք անուանած են "շնորհալի": Ինչո՞ւ: Որովհետեւ այս վարդապետին մէջ տեսած են շնորհք մը՚ որ սովորական չէ ամէն մարդ էակին: Ան ստացած է այս շնորհալիութիւնը Աստուծմէ:
Մեղաւոր մը երբ իր մեղքերն ու յանցանքները խոստովանի և ստանայ աստուածային ներում և փրկութիւն, հոն վերջակէտ դնելով պէտք չէ կենայ:
Մեղքերու համար եղած խոստովանութիւնը սկիզբ մըն է, առաջին քայլն է ճամբու մը՚ որուն միջոցաւ ներում ստացողը տեւապէս պիտի սրբանայ: Ապաշխարած անձը այսպէս սրբանալոՙվ է որ պիտի տեսնէ զԱստուած, այսինքն--Մարդեղացեալ Միածին Յիսուս: Որովհետեւ Հաՙյրը տակաւին մեզի՚ մահկանացուներուս անհասանելի և անտեսանելի է: Երբ կարենանք և արժանանանք տեսնել Մարդեղեալ Աստուածորդին, հոն և յայնժամ միայն պիտի տեսնենք մեր թերութիւնները Իր լոյսին միջոցաւ:
Մինջեւ աստուածային լոյսի ճառաքայթիլը մեր վրայ, մենք ապրած պիտի ըլլանք պատրանքի ու յաւակնոտութեան մէջ, թէ ստեղծուած ենք Աստուծոյ պատկերին և նմանութեան պէս: Մարդ արարածը՚ ոչ թէ Աստուծոյ պատկերին և նմանութեան պէս է, այլ որքան նուաճէՙ իր հողայնութեան ցանկութիւնները, այնքան պիտի մօտենայ Աստուծոյ և ստանայ Անոր նմանութիւնը: Ներսէս Շնորհալի իր տմարդութիւնը տաշելոՙվ է որ եղաւ շնորհալի.իր մեղանչական ցանկութիւններն ու յանցանքները խոստովանելով և օրէ օր սրբանալոՙվ հասաւ շնորհալիութեան: Այս սրբանալու եղանակին համար ան կը գործածէ "խոստովանիմ" բառը՚ փոխանակ "դաւանիմ"-ի:
Պօղոս առաքեալի տեսակէտները վերոյիշեալ գաղափարներու մասին.--
1. «Զոր մենք կը քարոզենք, ու ամէն մարդ կը խրատենք, և կը սորվեցնենք ամէն մարդ բոլոր իմաստութիւնով, որպէս զի ամէն մարդ կատարեալ կեցնենք Քրիստոս Յիսուսով»--Կող Ա.28:
2. «Սիրով միացած, ու կատարեալ իմացողութեան ամբողջ ճոխութեանը հասնիք, այսինքն Հօր Աստուծոյ և Քրիստոսի խորհուրդին գիտութեան» --Կող. Բ.2:
3. «Քրիստոսի մարմինին շինութեանը համար մինջեւ ամենն ալ հասնին հաւատքին և Աստուծոյ Որդին ճանչնալու միաբանութեան, կատարեալ մարդ ըլլալու Քրիստոսի լման հասակին չափը ունեալու»--Եբես. Դ.12-13:
Հաւատալը միայն կռուան մըն է, ոտնատախտակ մը, որմէ ետք մարդ էակ իր ազատ կամքը նուիրելով Աստուծոյ, կ՛սկսի կերպարանափոխուիլ նման իր Արարչին: Այս է խորհուրդը և նպատակը աստուածայայտնութեան՚ Յիսուսի Մարդեղութիւնը:
Ք Ե Զ.--
Խոստովանանքն ու աղօթքը ուղղուած են մէկ Անձի՚ Հաՙյր Աստուծոյ: Շնորհալին չ՛ըսէր "Ձեզ" յոգնակի, այլ կ՛ըսէ "Քեզ" եզակի: Յիսուս մեր Տէրը երբ Իր աշակերտներուն աղօթել սորվեցուց, ըսաւ. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես». ու պատուիրեց անոնց որ ինչ բան որ խնդրեն Հօրմէն, Իՙր անունովը խնդրէն, ու ոչ թէ Իրմէ:
Հ Ա Յ Ր.--
Մինջեւ Յիսուսի երեւումը, մարդիկ ճանչցած էին զԱստուած ըստ Օրէնքի, որպէս Օրէնսդիր կամ Դատաւոր: «Վասնզի Օրէնքը Մովսէսի ձեռքով տրուեցաւ, բայց շնորհք ու ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով եղան»--Յով. Ա.17:
Թէեւ Հին Կտակարանին մէջ Հրեաները զԱստուած Հայր կոչած են, սակայն անոնք զԱստուած Հայր կը կոչէին, որպէս իրենց ազգայիՙն Հայրը, Աբրահամի և Իսահակի Հայրը, ոչ որպէս տիեզերական մարդ-արարածին և բոլոր արարչագործութեան Հայրը: Հրեաները ազգայնացուցած էին զԱստուած:
Յիսուս, Աստուծոյ հանգամանքը Օրէնսդիրէ և Դատաւորէ յեղաշրջեց Հայրութեան չքացնելով ցեղային և մարդկութեան տարբերութիւնները որպէսզի համամարդկութիւնը եղբայրանայ: զԱստուած Հաՙյր կոչելով, Քրիստոնեաներ ընդունած կ՛ըլլան հայրութեան չորս նշանակութիւնները.--
1. Աստուած լմեր Ստեղծիչն է, մեր բոՙւն էութիւնը Իրեն կը պարտինք:
2. Ուստի Իրեն նմանելու հնարաւորութիւնը ունինք:
3. Պարտինք ընդունիլ Իր իշխանութիւնը, որովհետեւ Հրէական և Հռոմէական շրջանին, հօր մը միահեծան իշխանութիւնը բացարձակ էր:
4. Աստուած Տէՙր է և կը սիրէ, ոչ թէ միայն գեղեցիկը և բարին, այլ Իր բոլոր արարածները: Յիսուս ըսաւ. «Վասնզի Անիկա (Աստուած) բարերար է ապերախտներուն ու չարերուն: Ուրեմն գթած եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ գթած է»--Ղուկ. Զ.35:
Ե ւ Ո Ր Դ Ի.--
Ս. Նարեկացին կը խօսի Աստուծոյ յատկանիշնրու և հանգամանքներու մասին, ըսելով. «Անմերձենալի, անիմանալի, անհասկնալի, անտեսանելի, անըմբռնելի, անմատչելիօրէն հեռաւոր ու անընդմիջելիօրէն մերձաւոր»:
Ոչ թէ միայն Ս. Նարեկացին այսպէս արտայայտուած է Աստուծոյ համար, այլ բոլոր ազգաց սուրբերը որ մօտէն հետեւած են Հայր Աստուծոյ, իրենց փորձառութեան մէջ և չեն կրցած տեսնել զԱստուած: Նոյնիսկ Մովսէս շատ փափաքեցաւ տեսնել Աստուած, սակայն արգիլուեցաւ, ու միայն կրցաւ տեսնել այրող Մորենին:
Ս. Շնորհալին կ՛ուղղէ իր աղօթքը Յիսուս Քրիստոսի, ըսելով. «Եւ Որդի», որովհետեւ մենք եւս զԱստուած կրնանք տեսնել միայն Իր Որդւոյն Յիսուսիՙ մէջ: Որդին է միայն Աստուածային Մարդեղութիւնը, որ եկաւ յայտնելու Հայրը: Ինչպէս ժողովուրդներ կը տեսնեն աշխարհի մեծաւորները հեռատեսիլի պաստառին վրայ, մենք եւս կը տեսնենք զԱստուած Յիսուսի սիրոՙյ կեանքին ու վարմունքին մէջ:
ԵՒ ՍՈՒՐԲ ՀՈԳԻ.--
Կեանքիս ընթացաքին հանդիպած եմ կարգ մը հաւատացեալներու, որոնք ինծի ըսած են թէ, «Հոգին» իրենց սապէս կամ նապէս ըսաւ: Ու հետեւելով այդ հոգիին առաջնորդութեան, երբեմն խորտակած ու քանդած են իրենց կեանքերը:
Յովհաննէս առաքեալ իր ալեւոր և յառաջացեալ տարիքին երբ նշմարեց կարգ մը քարոզիչներ, որոնք իրենց ցանկութիւններէն տարուած, սուտ գաղափարներ կը տարածէին հաւատացեալներու մէջ, զանոնք իրենց կողմը շահելու համար, առաւ գրիչն ու մելանը և սկսաւ գրել.
«Սիրելիներ, ամէն հոգիի մի հաւատաք, հապա հոգիները փորձեցէք, թէ արդեօք Աստուծէ՞ են. վասնզի աշխարհի մէջ սուտ մարգարէներ ելած են»--Ա. Յով. Դ.1:
Հայ ազգին ալեհեր սուրբը չըսեր «եւ հոգի», այլ կ՛ըսէ Սուրբ Հոգի: Որպէս Հայ Քրիստոնեայ մենք ալ հետեւինք Սոՙւրբ Հոգիին առաջնորդութեան և ոչ միայն "հոգի"ի մը՚ որ կրնայ մեզ ենթարկել ցաւի և անորոշութեան:
Փորձեՙնք հոգիները որ մեզի տիրապետել կ՛ուզեն: Նաւապետի մը նման գիտնանք, թէ ո՞ր հոգին--հոգիին--պէտք է յանձնել մեր առագաստը, որ մեզ հասցնէ ճշմարիտ նաւահանգիստը: Որովհետեւ շատ մը տեսակ հովեր և շատ մը տեսակ հոսանքներ կան այս ծով կեանքին մէջ: Խելացի և իմաստուն նաւապետ մը միայն կրնայ գիտնալ և զանազանել հովերուն և հոսանքներուն բարին կամ չարը:
ԱՆԵՂ ԵՒ ԱՆՄԱՀ ԲՆՈՒԹԻՒՆ.--
Երբ մարդ էակին գիտակցութիւնը նման ծաղիկի, բացուի և իր շուրջը դիտէ, անիկա կը հաստատէ և կը գիտակցի, թէ իր գոյութիւնը պատրանք մը չէ այլ բացարձակ իրականութիւն: Գիտակից էակը, երբ իր շուրջը դիտելով տեսնէ որ ինք տիեզերքի մը մէջ է կամ գոյ է Գոյութեան մը մէջ, չիՙ կրնար ուրանալ իր շուրջի գոյութիւնը, որուն ինք միայն մէկ մասնիկն է, առանց պատճառի ստեղծուած կամ ինքնաբերաբար գոյութիւն առած են:
Խորհող էակ մը, իր իմացական կարողութեամբ երբ մտածէ ետ երթալ և գտնել պատճառներու նախապատսճառը, թէ չգոյութենէ ինչպէ՞ս գոյութիւն յառաջ եկած է, անխուսափելի է որ չգտնէ իր փնտռածը, հակառակ իր կանխակալ անհաւատութեան: «Անեղ Էակ»ը, որ Արարիչն ու Ստեղծիչը եղած է այս համայն և մեր գոյութեան: Մարդ արարածին և տիեզերքին գոյութիւնը, անկեղծ ու գիտակից անձին, արդէն իսկ ապացոյցն ու գրաւականն է Արարիչ Աստուծոյն: Մահ ըսուածը սկիզբի մը վերջաւորութիւնն է կամ վախճանը, նոյնպէս ալ «Անեղ Էութիւն» մը չի կրնար մեռնիլ որովհետեւ չունի սկիզբ: Աստուած Ինքնագոյ է, Իՙնքն է Նախապատճառը տիեզերքի գոյութեան: Ինչպէ՞ս կարելի է որ Ան չգոյանայ: Աստուած չգոյ ընելու համար, Իրմէ աւելի մեծ Նախապատճառ մը գոյութիւն ունեցած ըլլալու է:»
Կարդանք նահատակ Պօղոսի վկայութիւնը, որ կ՛ըսէ. «Որ միաՙյն ունի անմահութիւն՚ անմերձենալի լոյսի մէջ բնակած, զոր մարդոցմէ մէկը չտեսաւ, ոչ ալ տեսնելու կարող է, որու պատիւ և զօրութիւն յաւիտեան»--Ա. Տիմ. Զ.16:
Ուրեմն, Աստուծոյ բնութիւնը, էութիւնը, Անոր հանգամանքը կամ ինչ որ մարդկայնապէս կարելի է մտածել Իր մասին, մեզի տրուած իմացական կարողութեամբ, Աստուած Աՙն է:
ԱՐԱՐԻՉ ՀՐԵՇՏԱԿԱՑ ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՆ.--
Ի՜նչ գեղեցիկ և զմայլելի կերպով նախադասուած է վերի խօսքը: Աստուած կ՛ստեղծէ նախ հրեշտակները և ապա մարդկութիւնը: Ինչո՞ւ, որպէսզի հրեշտակները սպասարկեն Աստուծոյ սիրաՙծ մարդ էակին: Առաքեալը կ՛ըսէ. «Վասնզի Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը». ըսել կուզէ աշխարհի մէջի մարդ արարածը: Ոչ թէ լեռները, ձորերը, գետերն ու ծովերը, այլ մարդը, աՙյն էակը որ կ՛զգայ, կ՛իմանայ, կը խորհի, կ՛ըմբռնէ, կ՛ստեղծէ ու խօսելու յատկութեամբ կրնայ յարաբերիլ իր Արարչին հետ: «Չէ որ անոնք ամէնը հրեշտակները սպասաւորող հոգիներ են, որոնք սպասաւորութեան կը ղրկուին անոնց համար՚ որ փրկութիւն պիտի ժառանգէն»--Եբր. Ա.14:
Ի՜նչ գեղեցիկ զգացում է որ մարդ արարածը գիտնայ թէ ինք որբ մը չէ այս անծայրածիր տիեզերքին մէջ, այլ զաւաՙկն է Հայր Աստուծոյ: Զաւաՙկն է Արարչի մը, Միտքի մը, Խորդուրդի մը, Իմաստութեան մը, Գեղեցկութեան մը և Հայրակաՙն Սիրոյ: Ու նաեւ մարդ էակը ինքն ալ կրնայ յարաբերիլ իր Արարչին հետ, աղօթելով: Այս հրաշապատումին միակ պայմանը՚ հաւատաՙլն է:
Ինչպէս բացատրուեցաւ վերեւ, ոչ թէ հաւատալը անտրամաբանական է, այլ՚ չի հաւատալը, անզիջողութիւնը, մեծամտութիւնը և ինքնահաւանութեան հոգին է մարդ արարածին մէջ անտրամաբանականը: Մարդուս, այն աստուածային մասնիկը կամ զօրութիւնը փոխանակ սիրելու և յարգելու զԱստուած, կ՛ըմբոստանայ իր Արարչին դէմ և կ՛ուզէ տեսնել Իՙնքզինք որպէս Արարիչ:
Երբ դիտենք տիեզերքի կարգապահութիւնն ու նախագիծը, անկարելի է չնշմարել Գերագոյն Միտքն ու ծրագիրը որ պատրաստուած է Խորհուրդի մը կողմէ: Ուստի, որքան Խորհուրդը յատակագիծ մը ունի կամ նպատակ մը ստեղծելու այս վիթխարի տիեզերքը, նոյնքան և աւելի մեծ նպատակ մը պիտի ունենայ կամ ծրագիր մը՚ իր սրտին ամենամօտ մարդ արարածին համար:
Ուրեմն, մարդ երբ հաւատքով ու սիրով մօտենայ այս Սուրբ և Յաւիտենական Արարիչին, իր աղօթքն ու աղերսը կ՛ըլլայ գիտնալ իր Արարչին նպատակը և ծրագիրը, յատկապէս իՙր անձին նկատմամբ: Մարդ երբ կ՛ունենայ իր կեանքին ծրագիրը և ապրելու նպատակը, այդ անձը մտերմացած կ՛ըլլայ աշխարհի Գերագոյն Ուժին՚ Աստուծոյ: Այնուհետեւ այդ անձը ոՙչ կը յուսահատի, ոՙչ կ՛ընկրկի և ոչ ալ կը թուլնայ: Ընդհակառակը այդ անձը կ՛ըլլայ նման առաքեալներու, որոնք կրցան վկայել, ըսելով. «Վասնզի մենք հաստատ գիտենք թէ ոչ մահը, և ոչ կեանքը, ու ոչ հրեշտակները, և ոչ իշխանութիւնները ու ոչ զօրութիւնը ու ոչ խորունկութիւնը, և ոչ ուրիշ արարած մը կրնայ մեզ զատել Աստուծոյ սէրէն՚ որ Քրիստոս Յիսուս մեր Տիրոջմով է»--Հռոմ. Ը.38-39:
ՀՐԵՇՏԱԿԱՑ.--
Թէեւ արուեստագետ նկարիչներ նկարած են հրեշտակներ, տալով անոնց իգական սեռի նմանութիւն, սակայն Ս. Գրոց մէջ հրեշտակները յիշուած են որպէս արական սեռի պատկանող էութիւններ: Աստուծոյ գործերուն մէջ հրեշտակներուն պաշտօնը կամ գործունէութիւնը եղած է որպէս պատգամոր, դեսպան և լրաբեր:
Սոդոմ և Գոմոր քաղաքներու կործանումէն առաջ, Աբրահամ նահապետ կ՛ընդունի երեք պատգամաւորներ, որոնք իրեն կ՛իմացնեն Սոդոմի և Գոմորի պատահելիք կործանումը: Յակոբ, Եսաւի եղբայրը, կը մարտնչի հրեշտակի մը հետ և անունը փոխուելով կը կոչուի Իսրայէլ:
Այրող մորէնիի մէջէն հրեշտակ մը պատգամներ կու տայ Մովսէս մարգարէին: Ելից Գ.1-6:
Դանիէլի երեք ընկերները իրենց կրօնը չուրանալու համար կը ձգուին կրակի հնոցին մէջ, Տէրոջը հրեշտակը զիրենք կ՛ազատէ ստոյգ մահէ: Դան. Գ.24-28:
Յլովսէփ, երազի մէջ պատգամ առնելով հրեշտակէ մը, կ՛առնէ Յիսուս Մանուկը և մայրը, ու կը մեկնի Եգիպտոս: Մատ. Բ.18:
Պետրոս առաքեալ, երբ բանտին մէջ կը քնանար, հրեշտակ մը զինք կ՛արթնցնէ ու կ՛ազատէ զինք Հերովդէս թագաւորին ձեռքէն: Առաք. ԺԲ.5-10:
Յիսուս, Գեդսեմանի պարտէզին մէջ երբ Իր կամքը բոլորովին յանձնեց Իր Հօր կամաց, հրեշտակ մը ղրկուեցաւ որ զօրացնէ Զինքը: Ղուկ. ԻԲ.49:
Ուստի, Աստուած՚ մեր Արարիչը մարդս որբ և առանձին չէ լքած երբէք, այլ շարունակ օգնական մը ղրկած է, հոգ չէ թէ վերջին պահուն: Այսպիսի Արարիչի մը ինչո՞ւ չհաւատալ և անձնատուր չ՛ըլլալ: Ո՞վ ունինք տիեզերքի մէջ Իրմէ աւելի մեզ սիրող և մեզի ապահովութիւն եղող:
ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՆ.--
Ի՜նչ ուրախութիւն է գիտնալ և ճանչնալ թէ մենք մարդ էակներ ենք, ու ոչ թէ գերմարդ: Երբեմն մարդ արարածը կը մոռնայ իր սահմանումը, և կ՛ուզէ անսխալական երեւնալ: Յաճախ մարդիկ իրենք զիրենք դատապարտած են խորհելով որ այսինչ գործը սխալ ըրած են, կամ այսինչ պաշտօնը չեն կրցած կատարել: Մարդ պէտք է գիտնայ թէ ինք արարաՙծ մըն է միայն ու ոչ թէ Արարիչ: Թեւ մեր փափաքները արարիչի փափաքներուն չափ մեծ են, սակայն ոՙչ մեր կարողութիւնները: «Հոգին յօժար է, իսկ մարմինը տկար» ըսաւ Յիսուս տեսնելով մարդ արարածին որքան դիւրաբեկ ըլլալը: Երբ Յիսուս ականատես եղաւ շնչաւոր փոշի մարդոց տկարութեան և անզօրութեան, փոխանակ դատապարտելու զիրենք, ներում շնորհեց անոնց ձրի և անկաշկանդ:
Երբ Մովսիսական Օրէնքը մահ կը պահանջէր պոռնիկի մը համար, Յիսուս տուաւ ներում և պատուիրեց չկրկնել: Յիսուս երբ հանդիսատես եղաւ մարդ արարածին ոդիսական կեանքին, մօտեցաւ անոր որպէս Բժիՙշկ, ապաքինելու զայն ու ոչ որպէս մեռելաթաղ, զինք թաղելու հողին տակ:
ԵՒ ԱՄԵՆԱՅՆ ԵՂԵԼՈՑ.--
Տակաւին քանի մը տասնեակ տարիներ է որ կարգ մը գիտնականներ հետաքրքրուած են «ամենայն եղելոց»-ով, այսինքն environment-ով: Ճարտարարուեստն ու արուեստաբանութիւնը փոխանակ պաշտպանելու «ամենայն եղելոց»ը բռնաբարած էին հողը, ջուրը, և օդը իրենց ագահութեան և քմահաճոյքին բերմամբ: (Acid Rain) ըսուածը որ սպաննած էր ձուկերը և անհետացուցած կեանքը լիճերու մէջ, տակաւին միայն վիճաբանական սեղանի վրայ է:
Այս աշխարհի մեծաւորներն ու տիրակալները ոչ միայն գերեվարեցին և ստրկացուցած են ժողովուրդները, այլ կ՛ուզեն նաեւ խոշտանգել երկիրն ու միջավայրը--Ամենայն եղելոց-ը:
Ս. Ներսէս Շնորհալի ութը դարեր առաջ, մեզ զգուշացուցած է որ յարգանքով վարուինք միջավայրին հետ, որովհետեւ «ամենայն եղելոցն» ալ Արարչին ձեռաց գործն է:
ՈՂՈՐՄԵԱ ՔՈՒ ԱՐԱՐԱԾՈՑ.--
Ողորմութիւն խնդրելը մարդուս կողմէ գրաւականն է, թէ Աստուած կարեկից է մարդուս թշուառութեան և խղճալիութեան: Աստուած միայն ստեղծագործ զօրութիւն մը չէ, ինչպէս մարդամեքենա (robot) մը, այլ զգացումի, խորհուրդի և գիտակցութեաՙն ուժ է, սիրոյ և գթութեան ակնաղբիՙւրն է: Աստուած հաւասարապէս կ՛ողորմի թէՙ բարիներու և թէ Չարերու:
Ողորմութիւնը գերագոյն բարիքը կը փնտռէ յանցաւորին համար: Սաղմոսներու մէջ շատ գեղեցիկ կերպով նկարագրուած է ողորմութիւնը: «Ողորմութիւնը և ճշմարտութիւնը իրարու պատահեցան, Արդարութիւնը և Խաղաղութիւնը զիրար համբուրեցին»--Սաղ. 85.10:
ՔՈՒ ԱՐԱՐԱԾՈՑ ԵՒ ԻՆՁ.--
Ի՜նչ անձնուրացութիւն: Նախ կ՛ուզէ ողորմութիւն ուրիշին և յետոյ իրեն համար: Այստեղ կը տեսնենք Շնորհալիին կարեկցութիւնը հանդէպ իր եղբայր արարածներուն:
Ինքզինք նոյնօրինակ կ՛ընէ բոլոր արարածներու հետ: Ինչպէս Յիսուս Ինքզինք նման ըրաւ մարդ արարածին՚ Իր Մարդեղութեամբ: Դժբախտաբար բազմաթիւ Աստուծոյ պաշտօնեաներ իրենք զիրենք չեն կրնար նոյնացնել իրենց ծուխերուն հետ: Իրենք զիրենք աւելի բարձր կամ գերադաս կը համարեն: Սորվիՙնք Յիսուսէ, որ մարդացաւ մեզի նման: Հետեւիՙնք Շնորահալիին որ հետեւեցաւ Յիսուսի և մենք զմեզ հաւասար նկատենք մեզմէ ստորադաս կարծուածին:
ԵՒ ԻՆՁ ԲԱԶՄԱՄԵՂԻՍ.--
"Եւ ինձ" էն կը նշանակէ ինքզինք հաւասարեցնել ուրիշնբերու: Շնորհալին՚ Փարիսեցիական արդարակարծիքէն իջած է և ինքզինք կը նոյնացնէ բոլոր մեղաւորներուն հետ: Պատճա՞ռը, Աստուծոյ լոյսին ներկայութեան, մեզի սուրբ կարծուածը այդքան ալ մաքուր չեՙրեւիր այլեւս: Ս. Ներսէս Շնորհալի կը թաթխէ փետուրը կաղամարին մէջ ու կ՛արձանագրէ. «Եւ ինձ մազմամեղիս»:
2. «Հաւատով խոստովանիմ, և երկիրպագանեմ քեզ, անբաժանելի լոյս, միասնական սուրբ երրորդութիւն և մի աստուածութիւն, արարիչ լուսոյ և հալածիչ խաւարի, հալածեա ի հոգւոյ իմմէ զխաւար մեղաց և անգիտութեան, և լուսաւորեա զմիտս իմ ի ժամուս յայսմիկ աղօթել քեզ ի հաճոյս, և ընդունել ի քէն զխնդրուածս իմ. և ողորմեայ քո արարածաոց և ինձ բազմամեղիս:
ԱՆԲԱԺԱՆԵԼԻ ԼՈՅՍ.--
Սուրբ Ներսէս Շնորհալին վերոյիշեալ բառերը չոՙւղղէր ստեղծուած լոյսին, զոր մարդիկ կ՛ստանան արեւէն, լուսինէն կամ աստղերէն, այլ՚ տիեզերքը ստեղծոՙղ Լոյսին: Ստեղծուած արեւին լոյսը, Իսահակ Նիւթոն, եկաւ փաստելու, որ բաժանելի է ապակիէ պրիսմակով մը, և լոյս կարծուածը գոյներու ներդաշնակութիւն մըն է կամ ալիքներու ուժգնութիւն:
Ստեղծուած լոյսը մարդիկ բնալուծարանին մէջ կրնան չափել, բաժնել և ելեքտրականութիւն արտադրելով, իրենց ուզած ձեւով գործածել: Այսինքն, մարդ ինչ որ կը գտնէ տիեզերքի մէջ, կ՛ուզէ իրեն ենթարկել, ինքզինք տեսակ մը ստեղծիչ աստուած կ՛ուզէ ընել: Այս բոլորը լաւ է և բարի, եթէ ինքն ալ ինքզինք ենթարկէ, իր ազատ կամքով, զինք ստեղծող Արարչի կանոնին և պատուիրաններուն:
Այստեղ է որ երկու տիտանային կամքեր, աստուածային և մարդկային, իրարու կը բախին, որպէս ընդհարում և պայքար, կամ որպէս միացում և համաձուլում: Մարդկային կամքն ալ տիտանային կը կոչեմ, որովհետեւ «կամք» ըսուածը կաւէ և նիւթէ չէ կազմուած մարդուն մէջ, այլ նուէՙր մըն է Արարիչ Աստուծմէ շնորհուած իր սիրած "ստեղծագործութեան գլուխ-գործոց» բանաւոր մարդ էակին:
Երբ մարդ՚ իր երկու ոտքերուն վրայ կանգնած կ՛սկսի դիտել իր շուրջը, և մանաւանդ դիտել իրմէ ցած չորքոտանիները, որոնց գլուխը վար ծռած է շարունակ և իր գլուխը վեր դէպ աստղերը կը դիտէ, իր գիտակցութեամբ և գիտութեամբ, երբեմն կը փորձուի կարծել ինքզինքը որպէս արարիչ, փոխանակ արարածի: Ահաՙ մարդ արարածին այս ամբատաւանութիւնն է , որ կը կոչուի, Քրիստոնէական հաւատքին մէջ, "մեղանչում": Մարդուն այս հպարտութեան հետեւանքն է, որ տիեզերքի մէջ գոյութիւն կ՛առնէ պայքարը: Մարդկային այս գոռոզութիւնն ու կոկոզավիզութիւնն է, որ շփոթութիւն կ՛ստեղծէ տիեզերական գոյացութեան մէջ, թէ ո՞վ է Արարիչ և ո՞վ է մարդ արարած, որ կը ձգտի ինքզինքը աստուած տեսնել և ցուցնել:
Իսկ այն մարդ արարածները, որոնք իրենց իսկութիւնն ու սահմանումը կը ճանչնան և կը գիտակցին, որ իրենց կեանքին թելը կախեալ է երկնային սիրոՙյ Աստուծմէն, իրենք զիրենք կ՛ենթարկեն այդ Արարիչ Աստուծոյ, որ զիրենք կաւի ու տիղմի անէութենէ՚ էութեան, գիտակցութեան և շէնշող կեանքի փոխակերպած է: Իրենց այս կեանքին ու կամքին ընծայումը Աստուծոյ՚ ոչ թէ ստրկութիւն մը կ՛ըլլայ, նման գերութեան և նուաստութեան, այլ՚ կը դառնայ և կը կերպարանափոխուի որդեգրութեաՙն և ժառանգորդի հանգամանքին, աստուածային նկարագրին և յաւիտենական կեանքին:
«Եղիցին կամք քո որպէս յերկինս և յերկրի»
գերագոյն նուիրումը և ուխտը: Անձնական կամքը պէտք է փոխուի, չքանայ որպէսզի տիրական դառնայ մի միայն աստուածային կամքը, և մեզ առաջնորդէ նոր ճամբաներով և յառաջ բերէ Նոր Երկինք մը և Նոր Երկիր մը: Ասիկա, մարդկային կամքին դաշնաւորոՙւմն է աստուածյին կամքին հետ, որմէ յետոյ է որ կը սկսի մարդուն վերելքը դէպի միացում առ Աստուած և առ Իր Որդին Յիսուս Քրիստոս:
ԱՐԱՐԻՉ ԼՈՒՍՈՅ ԵՒ ՀԱԼԱԾԻՉ ԽԱՒԱՐԻ.--
Մեր աչքերովը տեսած և մարմինովը զգացած լոյսերնիս, արեւէն կամ աստղերէն ստացածնիս, ստեղծուաՙծ լոյսեր են ու ոչ թէ, ինքնաստեղծ Լոյսն Աստուած:
Ինչո՞ւ Արարիչ:
Եթէ կայ բան մը որ Աստուած չի կրնար ընել, այդ ալ չի ստեղծելն է: Կարելի՞ է ակնկալել բանաստեղծէ մը, որ ոտանաւոր չգրէ. կարելի՞ է ակնկալել արուեստագէտէ մը որ արձաններ չքանդակէ: Նոյնպէս ալ կարելի չէՙ որ Աստուած դադրի արարչագործելէ:
Աստուած լոյսով է որ կը լեցնէ անհունութիւնը, ուր միայն խաւար էր երբեմն և ուր կը տիրէր քաոս, ոչնչութիւն, այսինքն ձեւաւոր բան չկար: Յաւերժաբոյր Աստուածը ուրկէ որ անցնի այնտեղ լապատեր մը կը վառէ, այսինքն՚ աստղալոյս մը կը զետեղէ այդ անհունութեան մէջ: Հետեւաբար, երբ դիտենք երկինքը, այսինքն՚ մթնոլորտն ու անհունութիւնը, մեր աչքերը պիտի տեսնեն հազարաւոր լուսաւորութիւններ, որոնք որպէս կանթեղներ կախուած կ՛երեւին տիեզերքի կամարակապ առաստաղէն: Ու երբ նոյն երկինքը դիտեն հեռադիտակներու մէջէն, վերջը չի գար այդ հրեղէն ու փայլատակող կանթեղներուն: Այս նշան մըն է, որ մեր լուսարար Արարիչը անցած է այդ բոլոր անհունութիւններու մէջէն և թողած է Իր լուսաստեղծ, լուսապայծառ Հետքը:
Եթէ երբէք ակնարկ մը նետենք նաեւ մեր ներաշխարհին, մեր հոգեկան տիեզերքին, մեր խորհուրդներու անհունութեան, հոՙն եւս պիտի տեսնենք Լոյս Աստուծոյ ոտնաձայնին հետքերը, որպէս գոյնզգոյն գեղեցիկ լապտերներ, որոնք ուղղութիւն կու տան մեր կեանքի ճանապարհին: Միայն, մեզի կը մնայ տեսնեՙլ այն բանը որուն կը նայինք: Օրինակի համար, մարդկային աչքը շատ բանի կը նայի, սակայն այդ նայուած առարկաներուն մէջ շատ քիչ բաներ կը տեսնէ: Որովհետեւ նայիլը աչքով է, իսկ տեսնելը հոգիով և իմացականութեամբ:
Եթէ մեր ներաշխարհը օժտուած է Լոյս-Աստուծոյ հպումին գերապայծառութեամբ, մեր նայած իրերուն և առարկաներուն մէջ պիտի գտնենք, պիտի տեսնենք անթիւ անհամար այլ բաներ:
ԵՒ ՀԱԼԱԾԻՉ ԽԱՒԱՐԻ.--
Հոն ուր Աստուած չկայ, խաւար է, մահ է: Հոն ոչ միայն խաւար կայ, այլ ոչինչ: Խաւարը գոյութիւն մը չէ, այլ՚ անգոյութեան, չգոյութեան նշան: Հոն ուր խաւար է, կեանք ալ չկայ: Աստուածային հալածանքը ընդդէմ խաւարին՚ մարդկային հալածանքին չիՙ նմանիր: Աստուած բռնութեամբ չիՙ հալածէր, ալ՚ խաղաղութեամբ: Ան կը վառէ լոյս մը, ճրագ մը և խաւարը կը փարատի, կ՛անհետանայ ինքաբերաբար: Մահը (խաւարը)՚ լոյսի և կեանքի կը վերածուի:
ՀԱԼԱԾԵԱ Ի ՀՈԳՒՈՁ ԻՄՄԷ.--
Ահաւասիկ, Շնորհալին, մարդուս հոգին նաեւ կը նմանցնէ տիեզերքի անհունութեան: Այս հոգեկան տիեզերքին խաւարը կ՛ուզէ որ փոխակերուի լոյսի և գիտութեան:
Ահա այս մտային լուսաւորութեան համար էր, որ Յիսուս եկաւ և լուսաւորեց «հալածեց» խաւարը մարդկանց, ի մասնաւորի Հայ Ազգին, որ կոչուեցաւ Լուսաւորչական՚ լուսաւորութիւն:
ԶԽԱՒԱՐ ՄԵՂԱՑ ԵՒ ԱՆԳԻՏՈՒԹԵԱՆ.--
Ս. Շնորհալին կ՛ուզէ որ անկենդանն ու ժխտականը վերածուին դրականի և կեանքի: Տգիտութեան բռնակալութիւնը որուն տակ կ՛ապրի մարդկութիւնը, խաբէութիւն մը եղած է մարդ արարածին համար: Սեւը ճերմակ և սուտը որպէս ճշմարտութիւն ներկայացնելով մարդկութեան, մարդը հեռացած է զինք սիրող Արարիչէն: Հետեւաբար Ս. Ներսէս Շնորհալի կ՛աղօթէ և կ՛աղերսէ ըսելով.
ԵՒ ԼՈՒՍԱՒՈՐԵԱՙ ԶՄԻՏՍ ԻՄ.--
Մտքի լուսաւորումն է որ մարդս կը փոխակերպէ և կ՛ազատագրէ, այսինքն աչքերը կը բացուին և մարդ վերստին կը ծնի, նոր մարդ կ՛ըլլայ և Աստուծոյ կը մօտենայ, Աստուծոյ հետ կը հաշտուի:
Մարդուս ներաշխարհի մուտքը կամ դուռը իր միՙտքն է: Անգամ մը որ մարդկային միտքը լուսաւորուի աստուածային անցքով, մարդուս կենսազգացումը և աշխարհաըմբռնումը կը փոխուի ժխտականէն դրականի, տգիտութենէ գիտութեան և անհաւատութենէ հաւատաւորութեան: Այս է, Շնորհալիի ջատագոված և փառաբանած Լոՙյս Աստուածը:
«Վասնզի Աստուած որ հրաման ըրաւ խաւարէն լոյս ծագել՚ Ինք մեր սիրտերուն մէջ ծագեց Աստուծոյ փառաց գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսի ձեռքով»--Բ Կորն. Դ.6:
Ի ԺԱՄՈՒՍ.--
Աՙյս ժամուս, ոչ թէ վաղը կամ միւս օրը, այլ հիմայ: Ասիկա ոչ թէ հրամայել է Աստուծոյ՚ այլ խնդրանք մըն է հաւատքի այն զօրութեամբ, որ Աստուած որպէս ամենակալ, կարող է անմիջապէս լուսաւորել և լուսաբանել մարդս, անոր հոգին, ներաշխարհը և գնացքի ճամբաները:
Մարդ արարած գիտնալով որ անցեալը անցած է արդէն և ապագան անորոշ և անստոյգ, ապրելով միայն ներկային մէջ, կ՛աղերսէ իր Արարիչին ըսելով. «Այս ժամուս»:
ՅԱՅՍՄԻԿ ԱՂՕԹԵԼ ՔԵԶ Ի ՀԱՃՈՅՍ.--
Ի՜նչ առինքնող անձնատուութիւն և նուիրում է ասիկա, առ Աստուած: Մարդ արարածը իր գիտութիւնը թոթափած և աստուածային վառող մորէնիէն լուսաւորուած, իր հողաթափները կը հանէ և ծունկի գալով կ՛ուզէ աղօթել իր Երկնաւոր Հօր՚ «հաճելի ձեւով»: Ոչ թէ կ՛ուզէ, որ Աստուած իրեն հաճի, այլ իՙնք կը ձգտի հաճելի ըլլալ Աստուծոյ: Հոս է որ ականատես կ՛ըլլանք լուսաւորուած մտքի մը, որուն ներաշխարհի կամարին վրայ Աստուած կախած է Իր գիտութեան լուսապսակ կանթեղը:
Իրականութեան մէջ երբ մարդկային ներաշխարհին մէջ աստուածային լոյս չկայ, ներաշխարհ ալ չկայ: Խաւարի և մութի մէջ տիեզերք կամ ներաշխարհ գոյութիւն չեն կրնար ունենալ: Երբ մարդուն միտքը չէՙ լուսաւորուած, հոն իմացականութիւն ալ չ՛ըլլար, և հոն ուր իմացականութիւն չ՛ըլլար, մարդը տարբերութիւն չ՛ունենար անասունէ մը: Մարդ իր բանականութեամբը և մտածելու կարողութեաՙմբն է, որ իր անասնական վիճակէն դէպի աստուածային նմանութեան ճամբորդը կը հանդիսանայ: Աստուածային այս մտածելու կամ խորհելու կաՙյծն է, որ մարդ պիտի արծարծէ ու բոցավառէ լուսաւորելու իր միտքն ու տեսնելու ճշմարտութեան և կեանքի աստուածային ճամբան:
Երբ մարդ հասնի այս հանգրուանին՚ հաշտուած և Աստուծմէ ներում ստացած, իր հաճոյքը կ՛ըլլայ իմանալ Աստուծոյ ձայնը, որ իրեն կը խօսի: Կարգ մը հաւատացեալներ կը սիրեն որ միայն իրեՙնք խօսին Աստուծոյ: Բնաւ առիթ չեն տար, որ Աստուած ալ խօսի իրենց...: Ասոր համար է որ Շնորհալին կը փափաքի հաճելի կերպով աղօթել Աստուծոյ: Ան չուզեր որ Աստուծոյ հետ իր յարաբերութիւնը ըլլայ միակողմանի, այսինքն, միայն ինք խօսի Աստուծոյ և Աստուած միայն մտիկ ընող ըլլայ: Այլ կը շարունակէ և կ՛ըսէ.
ԵՒ ԸՆԴՈՒՆԻԼ Ի ՔԷՆ ԶԽՆԴՐՈՒԱԾՍ ԻՄ.--
Ինչպէ՞ս կարելի է Աստուծմէ ընդունիլ խնդրուածք մը՚ եթէ իրեն մտիկ պիտի չընենք: Հոս է որ կարգ մը հաւատացեալներ կը կարծեն, որ Աստուած իրենց աղօթքին չիՙ պատասխաներ: Աստուած մեզ այնքան կը սիրէ, որ անկարելի է անպատասխանի ձգէ մեզ: Մենք ենք որ այնք՜ան կը խօսինք և շատ մը աւելորդ խօսքեր կ՛ընենք, որ ականջ դնելու ժամանակ չենք տար թէ Աստուած իՙնչ կ՛ըսէ մեզի. ու, երբեմն կը մեղանչենք և զԱստուած յանցաւոր կը նկատենք, թէ մեզի չէՙ պատասխանած:
Չմոռնանք, սիրելիներ, Շնորհալիին պայմանը՚ աղօթելու «որպէս զի աղօթեմ Քեզի հաճելի ձեւով»:
Երբ մեր ներաշխարհը լուսաւորուած է Աստուծոյ Ներկայութեամբ, մեր մտքէն ու խորհուրդներէն արդէն կ՛անհետանան մեր հինցած նախապաշարումներն ու սխալ կարծիքները այս կամ այն անձին կամ այս ու այն բանին նկատմամբ, ու մենք կ՛ըլլանք նոր ստեղծուածներ, նոր ծնած էութիւններ: Սակայն Աստուծոյ փափաքը մեզ մշտնչենապէս նորածին տեսնել չէ օրօրոցի մը մէջ:
Շատ մը հաւատացեալներ յաւիտենականապէս նորածին մնացած են օրօրոցի մէջ և իրենց նորածնութեամբ ալ կը հպարտանան: Աստուած մեզի կեաՙնք տուած է: Աճելու, զարգանալու և մեծնալու: Եթէ օրօրոցի մէջ մնանք՚ պիտի ըլլանք տկարամիտ և տկարակազմ (retarded) և պիտի ճանչցուինք որպէս տխեղծներ և ցաւագարներ: Ի՜նչ ամօթ մեզի և մանաւանդ մեր հաւատացեալի անունին՚ ճանչցուիլ որպէս անգիտակից մանուկներ:
Ճանչցած եմ կարգ մը անձեր և բարեկամներ, որոնք քէն ունին կամ ոխ՚ իրենց ազգականներուն կամ բարեկամներուն հանդէպ: Երբ խօսիմ իրենց անցեալ կեանքի մասին, միշտ մաղձ մը ունին իրենց սրտին մէջ՚ հանդէպ անոնց, որոնք զլացած են նիւթական կամ բարոյական օգնութիւն ընել: Մինչդեռ, մեծ Վարդապետը Միածին Յիսուս, մեզի բերած է Հայր Աստուծոյ սա պատգամը եւս. «Սիրեցէՙք ձեր թշնաիմին...»:
Ինչ գութի արժանի հաւատացեալներ. ինչո՞ւ ակնկալել և խնդրել ազգականներէ կամ բարեկամները՚ երբ Աստուած--ամենահարուստ և ամենողորմ Արարիչը--կ՛ուզէ օգնել քեզի և ինծի: Յիսուս ըսաւ. «Խնդրեցէք և պիտի տրուի, զարկէք և պիտի բացուի ձեզի»: Պատուիրան, և հրաւէր է Աստուծմէ, որ Իրմէՙ խնդրենք...և պիտի տրուի մեզի...: Խնդրենք սակայն պարկեշտօրէն, պատշաճօրէն, աննիւթասէրօրէն, և անձնուրացութեամբ:
3. Հայր երկնաւոր Աստուած ճշմարիտ, որ առաքեցեր զորդիդ քո սիրելի ի խնդիր մոլորեալ ոչխարին. մեղայ յերկինս և առաջի քո, ընկալ զիս որպէս զանառակ որդին, և զգեցո ինձ զպատմուճանն զառաջին զոր մերկացայ մեղօք, և որղորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս:
ՀԱՅՐ ԵՐԿՆԱՒՈՐ.--
Ո՞ր մէկ հարուստը կ՛արտօնէ որ աղքատ ու անզօր մէկը զինք հայր կոչէ, կամ նոյնիսկ կնքահայր: Ի՞նչ օժանդակութիւն, թէՙ նիւթապէս և թէ բարոյապէս կը պահանջուի անձէ մը, որ հայր կը կոչուի: Ապա՚ երբ ժառանգութեան հարցը գայ, ինչո՞ւ օտարական մը ժառանգորդ ըլլայ հարուստին կալուածներուն և դրամին:
Կը տեսնէ՞ք սէրը Աստուծոյ, որ կ՛ուզէ կոչուիլ Հաՙյր Իր արարածներուն կողմէ: Ի՞նչ շնորհ և զիջում և ի՜նչ զոհողութիւն: Աստուած՚ որ, որպէս դատաւոր և բռնակալ ճանչցուած էր երկար դարեր, Յիսուսի միջոցաւ ճանչցուեցաւ որպէս Հայր համայն մարդկանց, և ոչ թէ միայն Հայրը Իսրայէլացի ժողովուրդին: Քրիստոնէական կրօնքին տիեզերականութիւնը՚ այստեղ կը հաստատուի նաեւ գիտականօրէն: Աստուած Աբրահամու, Իսահակա և միւս սուրբերուն Հայրը չէ միայն, այլ՚ Հաՙյրը՚ յետին մռչիւններուն, հայրը՚ ամբողջ գոյացութեան: Գոյացութիւնն՚ ինքն է Աստուած: Շնորհալիի բառերով՚ ՀԱՙՅՐ ԵՐԿՆԱՒՈՐ:
ԵՐԿՆԱՒՈՐ.--
Երբ կ՛ըսենք երկիր կամ աշխարհ, և ինչ որ կը պարունակէ իր մէջ, կերպով մը սահմանափակած կ՛ըլլանք տուեալ տարածութիւնը: Օրինակի համար, երկրագունդը հինգերորդ մոլորակն է արեգակնային դրութեան. երկրագունտին շրջագիծը՚ 24,902 մղոն է:
Իսկ, երբ մարդ իր ամբողջ գիտութեամբ ու արուեստաբանութեամբ (technology) մէկտեղ մօտենայ երկինքին՚ տիեզերքին, ինքզինքը շատ պզտիկ կը գտնէ, նոյնիսկ հիւլէէն ալ փոքր: Երկինք ըսուածը, այսինքն՚ միջոցը, այնքան անհուն, անսահման և անծայրածիր է, որ մարդ իր ներկայ իմացականութեամբ չի կրնար ըմբռնել, նոյնիսկ իր տեսնել կրցածները, առանց նկատի առնելու այն բաները, որ երկինքի կամ միջոցի խորերը, տակաւին մարդոց չեն յայտնուած:
Այսպիսի մեծ Երկնաւոր Հօր մըն է, որ մենք՚ Աստուծոյ ժառանգորդներս հաւատքով կը խոստովանինք ու կ՛ապաւինինք:
ԱՍՏՈՒԱԾ ՃՇՄԱՐԻՏ.--
Մարդ արարած, երբ աստուածային նկարագիր կրող այս շնորհաբերձ և անծայրածիր միջոց-երկինքին կ՛ուղղէ իր դէմքը, իր զմայլումէն յափշտակուած իր աջ ձեռքը երկինք կը բարձրացնէ և կ՛ըսէ. «Աստուաՙծ Ճշմարիտ»: Գիտակից և խոնարհ մարդն է միայն որ կրնայ տեսնել մեծութիւնը Աստուծոյ և Անոր ճարտարապետութիւնը, ընդհանուր տիեզերքին մէջ, ինչպէս վկայած է Իսահակ Նիւթօն 18-րդ դարուն:
Ներկայիս լեզուաբանական բառերն ու գրականական կանոները իրենց հմայքն ու հրապոյրը կորսնցուցած են գրական աշխարհին մէջ: Ինչ աղէտալի ծանուցում մըն է համայն աշխարհին մէջ, Coca Cola-ն կոչել "Ճշմարիտը", "The Real Thing": Ի՞նչն է ճշմարիտը, անիմաստ գունաւորուած ջուրի մը մէջ, որ ամբողջ աշխարհի ծանուցումներէն կը յորջորջուի «ճշմարիտը»: Կը տեսնէ՞ք թէ որքա՜ն բառերն ու գիրերը իրենց իսկական ու նուիրական իմաստը կորսնցուցած ու դարձած են խաղալիքը շահամոլութեան, ընչաքաղցութեան և նիւթապաշտութեան:
Ճշմարիտ է այն անձը միայն, որ իր բոլոր խոստումները կը պահէ: Շնորհալին իր կեանքը ապրած է Աստուծոյ շուքին տակ, մօտէն ճանչցած է զԱստուած և տեսած է, թէ Աստուած որքա՜ն ճշմարտախօս և խոստմնապահ եղած է մարդոց հանդէպ, նոյնիսկ ուղղարկելով իր Միածինը՚ դէպի աշխարհ:
ՈՐ ԱՌԱՔԵՑԻՐ ԶՈՐԴԻԴ ՔՈ ՍԻՐԵԼԻ.--
Կարգ մը քրիստոնէական հաւատալիքներու մէջ կայ այն կարծիքը, թէ Յիսուս շատ բարի և շատ խելացի և իմաստուն ըլլալուն համար, Աստուած Զինք ընտրեց և Իր Հոգին անսահմանօրէն լեցուց Յիսուս կոչուած մարդուն մէջ: Յիսուս, այս հոգին ստանալով է, կ՛ըսեն, որ կոչուեցաւ Աստուած Որդի:
Այսինքն, կարգ մը քրիստոնեաներ այնպէս կը հաւատային, որ Յիսուս Աստուծոյ Հոգին «առաւ» կամ Հոգին «հագաւ»: Մինչդեղ, Յովհաննէս առաքեալ, որոշ կերպով կը շեշտէ որ Աստուծոյ Հոգի Յիսոՙւսը մարմին «եղաւ» և ոչ թէ մարդկային մարմինը Հոգի «առաւ կամ հագաւ»:
Վերոյիշեալ պատճառաւ, ուղղափառն Շնորհալին կ՛ըսէ. «Առաքեցիր զՈրդիդ»: Յիսուս ոչ թէ աւելի մեծ մարգարէ մըն էր մարդոց մէջէն ծնած և սերած, այլ նոյնինքն Բանն Աստուծոյ, որ մարդացաւ, մարդու կերպարանք ստացաւ: Այլ խօսքով՚ Յիսուս մարդկայնութենէ՚ աստուածութեան չբարձրացաւ, այլ՚ աստուածութենէ Մարդեղութեան իջաՙւ: Յիսուս Աստուած Որդի էՙր և մարդացաւ՚ մարմնացաւ: Ան ուղղարկուեցաւ երկինքէն դէպի երկիր մասնայատուկ պաուիրակութեամբ: Պաշտօն մը՚ զոր մենք կը կոչենք Փրկութիւնն աշխարհի: Երկինքի մէջ չգտնուեցաւ ուրիշ էութիւն մը, անձ մը որ կատարէր Հայր Աստուծոյ կամքը այն հաւատարմութեամբ, որ պիտի իրագործէր Յիսուս: Աստուծոյ փնտռածը Իր տիեզերքին մէջ, ոչ թէ խելքով օժտուած և տաղանդաւոր անձաւորութիւններ են, այլ՚ հաւատարիմներ:
Աշխարհի մէջ կան շատ մը կրօնքներ և անհամար կրօնաւորներ: Քրիստոնէական կրօնքին և տարբեր կրօնքներու գլխաւոր տարբերութիւնը կը կայանայ սա կէտին մէջ. ուրիշ կրօնքներու մէջ մաՙրդն է որ Աստուած կը փնտռէ, իսկ Քրիստոնէական հաւատքին մէջ, Աստուաՙծ է որ կը փնտռէ մարդը և բարիքներ կ՛ընծայէ ու ներում կը շնորհէ անոր ձրիօրէն:
Պուտտա երկար տարիներ փնտռեց ճշմարտոութիւնը--զԱստուած: Մովսէս լեռ ելաւ տեսնելու համար այրող Մորենին և շատ մը ուրիշներ կը ճգնին կամ անապատները կը քաշուին գտնելու համար Աստուած:
Սակայն, մարդիկ կը մոռնան, որ Աստուած երկինքն է, այսինքն՚ միջոցին մէջն է, և ուր միջոց կայ, հոն Աստուած կայ: Մարդ արարած և իր հոգին մաս կը կազմեն Աստուծմով լեցուած այս միջոցին մէջ: Հետեւաբար, Աստուած մարդուս հոգիին մէջն է արդէն...: Ինչո՞ւ փնտռել Զայն անապատներուն մէջ: Յիսուս ըսաւ, «Աստուած Հոգի է, և անոնք որ Աստուած գտնել կ՛ուզեն ու պաշտել, միաՙյն հոգիով և ճշմարտութեամբ կը գտնեն ու կը պաշտեն զԱյն»:
Մեր Տէրը Յիսուս չըսաւ, «Գացէք անապատ և հոն է Աստուած», այլ Ան ըսաւ. «Երբ կ՛աղօթէս, մտիր քու ներքին սենեակդ, և դուռդ գոցէ, և աղօթք ըրէ քու Հօրդ որ գաղտուկ տեղը կը գտնուի և գաղտուկը կը տեսնէ»--Մատթ. Զ.4:
Ի ԽՆԴԻՐ ՄՈԼՈՐԵԱԼ ՈՉԽԱՐԻՆ.--
Աստուած միայն ազգային կամ ընկերային խմբաւորումներով չի հետաքրքրուիր, այլ Իր ամենաշատ հետաքրքրութիւնը անհաՙտ մարդուն համար է: ինիսունը իննը կը թողու անապատին մէջ, ու կ՛երթայ փնտռելու մէՙկ հատիկ Իր ճամբան կորսնցուցած ոչխարը: Աստուած անհատը հաւաքականութեան համար չի զոհեր՚ աշխարհի կառավարութիւններու նման: Որովհետեւ, Աստուծոյ համար մարդ՚ թիւ մը չէՙ, այլ էութիւն մը և աՙնձ մըն է: Աստուած մեզ մեր անուններոՙվը կը կանչէ:
"Ի խնդիր" բառերը կը նշանակեն նաեւ փնտռել: Գիտէ՞ք ի՜նչ սրտմաշուկ բան է փնտռելը: Անցեալները Նովա Սգոշիայի մէջ կորսուած պատանիի մը համար քանի՞ հազար հոգի քանիՙ օրեր փնտռտուքներ ըրին և վերջապէս գտան անոր մահացած մարմինը: Տան մը մէջ կորսուած առարկայ մը կամ սխալ տեղ դրուած ծրար մը, որքան դժուար կ՛ըլլայ գտնել. երբեմն օրեր, շաբաթներ և երբեմն ամիսներ կը տեւէ:
Մեր Փրկիչ Յիսուսի ստանձնած պաշտօնը, այսինքն առաքելութիւնը, այսպիսի սրտհատնում և սիրտմաշող գործ մըն է: Յիսուս չփնտռեց և չիՙ փնտռեր հարուստն ու գեղեցիկը, զօրաւորն ու առողջը, պալատականն ու քաղաքագէտը, այլ՚ շփոթած, շուարած հոգին, արհամարհուածը, մեղաւոր համարուածը և նոյնիսկ իր ուղին կորսնցուցած պոռնիկը, աւազակն ու մաքսաւորը, որոնք զոհերն են կրօնաւորներու կեղծաւորութեան, հաւատացեալ կարծեցեալներու ագահութեան, և կարգ մը հրապարակաւ աղօթող ցուցամոլներու և բռնատէր իշխանաւորներու ...:
ՄԵՂԱՅ ՅԵՐԿԻՆՍ ԵՒ ԱՌԱՋԻ ՔՈ.--
Աստուած երբ այս սրտայոյզ և հոգի մաշեցնող փնտռտուքի ընթացքին գտնէ Իր մոլորեալ ոչխարը, չուզեր ստիպողաբար որդեգրել զայն, այլ կ՛ըսպասէ, որ մոլորեալ ոչխաՙրը ինք անձամբ տրամադրուի Իր բժշկութեան և փրկութեան:
Իր ուղին կորսնցուցած, շփոթած, շուարած և յոգնած, պարտասած մարդը երբ զԱստուած գտնէ իր հոգիին մէջ, այսինքն երբ գիտակցութեան գայ, ու իր ազատ կամքով՚ բոլորանուէր ենթարկուի Աստուծոյ կամքին ու պատուիրաններուն, տեղի կ՛ունենայ ընծայում, որ կը կոչուի ապաշխարութիւն: Այսինքն մոլորեալ ոչխարը գիտակցութեամբ կը խոստովանի իր սխալած ըլլալը, և Աստուած զինք ուղիղ ճամբու և ուղիղ կեանքի մէջ կը դնէ:
«Մեղաՙյ երկինս և առաջի քո» անհրաժեշտութիւն մըն է մոլորեալին կողմէ առ Աստուած: Վերոյիշեալ խոստովանութիւնը այն ջուրն է, որ պիտի կակուղցնէ կաւը, որպէսզի Բրուտը կարենայ նոր ձեւ և նոր նկարագիր դրոշմել որպէս Արուեստագէտ:
ԸՆԿԱԼ ԶԻՍ ՈՐՊԷՍ ԱՆԱՌԱԿ ՈՐԴԻՆ.--
"Ձգտիլ" և ընդունուիլ աւելի բարձր տեղի մը կամ շրջանակի մը մէջ--շատ բնական զգացում մըն է մարդ էակի մը համար: Ինչպէս ոմանք կը պարծենան ըսելով. «Ես այս ինչ կամ այնինչ ընտանիքին զաւակն եմ», կամ քեզի կ՛սեն որ իրենք այսինչ ընկերութեան ակումբին անդամ են, կամ այսինչ համալսարանի շատ յատկանշական խումբին կը պատկանին:
Ս. Ներսէս Շնորհալին հրապուրիչ կերպով կը ներկայացնէ "Անառակ Որդիին" առակը: Ան չ՛ըսեր. անառակը, այլ կ՛ըսէ. Անառակ որդին: Մեղաւոր մը որքան ալ անառակ եղած ըլլայ, որքան ալ ցաւցուցած ըլլայ իր հայրը, այդ անառակը, մեղաւորը և դատապարտելին չիՙ դադրիր որդի մը ըլլալէ. բնական զօրոյթով ան մասնիկն է սոյն ընտանիքին: Նոյն մականունը կը կրէ հօր մը, որմէ ծնունդ առած է և ունի անոր աղաւաղեալ նմանութիւնը:
ԵՒ ԶԳԵՑՈ ԻՆՁ ՊԱՏՄՈՒՃԱՆՆ ԶԱՌԱՋԻՆ.--
Հին ազգած պատմութեան մէջ պատմուճան հագուիլը կամ զգեստաւորուիլը ազատութեան նշան էր: Բոլոր գերիներն ու ստրուկները միայն ծածկոց մը կ՛ունենային իրենց առաջքը: Ազատութեան և քաղաքացիութեան պայմանը՚ զգեստաւորուիՙլն էր: Շնորհալիի այս խնդրանքը, ազատ քաղաքացիի շնորհին արժանանալու ձգտում մըն է:
ԶՈՐ ՄԵՐԿԱՑԱՅ ՄԵՂՕՔ.--
Հոս կը տեսնենք մեղքին գործած աւերները և հետեւանքները: Ազատ քաղաքացին, երբ իր տկար կամքովը կ՛ընտրէ սխալ ճամբան և սայթաքելով կ՛իյնայ մեղքի մէջ ու կը մոլորի, իր բախտը, ճակատագիրը կ՛ըլլայ ստրկութիւն և օտարութիւն: Մեղքը ահռելի զօրութեամբ կը բռնէ, կը գերէ ենթական: Միայն Աստուած, Իր Հայրական սիրով, կրնայ ազատել Իր որդին վերջնական կորուստէ, այսինքն՚ ստոյգ մահէ և չարին թունաւոր ճիրաններէ:
Մեղքը ոչ միայն պատմուճանէն կը մերկացնէ մարդը, այլ և կը զրկէ իմացականութենէ: Մեղաւորը կորսուած կ՛ըլլայ ոչ թէ իր շրջանակին մէջ, այլ՚ իր գիտակցութեանը մէջ: Դատողոութիւնն ու տրամաբանութիւնը սխալ կ՛աշխատին և օրէ օր, ենթական, աւելի կը մխրճուի անդունդն ի վար, մինչեւ որ Տէր Յիսուս զինք գտնէ և վերադարձնէ հօտին, այսինքն՚ աստուածահաճոյ ճամբու և Ճշմարտութեան:
Վերադառնալով ոչխարներու հօտին և վերագտնելով ինքզինքն ու իր Արարիչը, մարդ կ՛սկսի ծնրադրել առ Աստուած և իր սրտաբուխ աղօթքը կը բարձրանայ երկինք՚ նման անուշահոտ խունկի, ու կ՛իմացուի անառակ որդւոյն աղօթք աղերսը, որ կ՛ըսէ. «Ողորմիա քու արարածոց և ինձ բազմամեղիս»: Պատուական Ներսէս Շնորհալիի աղօթքին այս հատուածը՚ իրաւ ապաշխարութեան արարքին, գեղեցկագոյն բանաձեւումն է, ըստ իս:
4.--Որդի Աստուծոյ՚ Աստուած ճշմարիտ, որ խոնարհեցար ի հայրական ծոցոյ և առեր մարմին ի սրբոյ կուսէն Մարիամայ վասն մերոյ փրկութեան, խաչեցար, թաղեցար և յարեար ի մեռ- ելոց, և համբարձար փառոք առ Հայր. մեղայ յերկինս և առաջի քո, յիշեա զիս որպէս զաւազակն յորժամ գաս արքայութեամբ քով. և ողորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս:
ՈՐԴԻ ԱՍՏՈՒԾՈՅ.--
Աշխարհի կրօնքներու պատմութեան մէջ կը տեսնենք որ շատ որդի աստուծոյ-ներ եկած և գացած են: Իրենց ետին ձգած հետքը, պատմութեան մէջ, եղած է միայն անուն մը: Օրինակ, Ապողոն և Զեւս աստուծոյ որդիք կոչուած են: Ասոնց յատկանիշներէն կամ երեւոյթներէն ոմանք էին.--
1. Մարգարեական հոգի տալ կարգ մը մահկանացուներու:
2. Աստուածներ էին երաժշտութեան և երգի:
Յ. Սակայն անոնց ամենակարեւոր յատկանիշն էր՚ վրէժխնդիր աստուածներ ըլլալ, որոնք իրենց նետով և աղեղով ժանտախտ և մահ կը ղրկէին մարդաշխարհ:
Հին Եգիպտացիներու կրօնական ըմբռնումը, Նախ քան Քրիստոս Յ1ՕՕ-26ՕՕ թուական, որ հինգ հարիւր տարիներու շրջան մը կընէ, կը ներկայացուի այն իրողութեամբ, որ իրենց կրօնական արարողութեանց մէջ կը յիշէին փարաւոնը որպէս Արեւ աստուծոյ որդին, այսինքն՚ մարդեղութիւնը Horos, արեւին, և թէ առանց անոր, ոչՙ լոյս կարելի էր և ոչ ալ կեանք:
Չինաստանի կրօնական հաւատալիքներուն մէջ (15OO-11OO Ք.Ա.) երկինքը պաշտամունքի առարկայ սկսաւ ըլլալ: Չինացիներու համար երկինքը «բնակարանն էր մեծ հոգիներու»: Այնտեղ, գերբնական կամ բարձրագոյն հոգիները կը բնակէին: Շու (Chou) և իրեն յաջորդող կայսրերը այսպէսով սկսան կոչուիլ "որդիք երկնաւորք":
Դարերու ընդմեջէն երբ դիտենք զանազան ազգերու կրօնքներու պատմութիւնը և անոնց ձգած ազդեցութիւնը մարդկային քաղաքակրդութեան վրայ, անկարելի է չտեսնել անբաղդատելի վեհութիւնը և սրբութիւնը Քրիստոնեայ հաւատացեալներու: Անվիճելի է անոնց շնորհուած հոգեկան զօրութիւնն ու մարդը փոխակերպելու և աստուածացնելու գերբնական Զօրութիւնը:
Հրէական կրօնքը, որ շատ զօրաւոր կերպով մի-Աստուածեան էր, "Որդի Աստուծոյ" ասույթը կ՛ըմբռնէր այլաբանօրէն: Սեմական լեզուաբանութեան մէջ, "որդի" բառը կը նշանակէր որպէս "մտերմութիւն" կամ "մօտիկութիւն": Հետեւաբար թագաւորին խորհրդականներն ու ժողովականները կը կոչուէին "որդիք թագաւորի": Նոյնիսկ հրեշտակները, այս իմաստով՚ կոչուած են "Աստուծոյ որդիները": Լեզուաբանական այս ըմբռնումով է, որ Իսրայէլացի ազգն ալ կոչուած էր "Աստուծոյ որդին": Այսինքն՚ Աստուծոյ ընտրեալ ժողովուրդը "Քրիստոսէ առաջ":
Քրիստոնէական ըմբռնումը և հաւատամքը՚ Յիսուսի «Որդի Աստուծոյ» կոչման մէջ, վերոյիշեալ գաղափարներէն բոլորովին տարբեր և գեր ի վեր ու անհամեմատօրէն վեհ ու բարձր է: Որովհետեւ, մարդ էակը ժառանգած է տրամաբանող միտք մը և զգացական իմացութիւն մը, և կ՛ուզէ ու կը ջանայ հասկնալ, ըմբռնել և գիտնալ և ապա բացատրել այն հոգին, և կեանքը, որ կը կազմեն իր հաւատքը: Մարդ իր ներաշխարհին մէջ կը տեսնէ և կը գիտակցի Աստուածային Հոգիին ներգործութիւնը՚ «Բանն Աստուծոյ»-ն:
Այս բոլոր շարժումներն ու հոգեկան գործունէութիւնները չկաՙն ոչ-բանաւոր անասուններու մօտ: Կաՙյ և գոյ է միայն մարդ արարածիՙն մէջ:
Ինչո՞ւ: Որովհետեւ մարդ-արարածը այս անսահման տիեզերքին մէջ՚ իՙնքն ալ տիեզերք մըն է ու միտք մը՚ անսկիզբ և անվախճան, անսպառ և անվերջ, զոր կը կոչենք մանրաշխարհ (micracosm):
Այս տիեզերական անհասանելին և անըմբռնելին՚ մեզի՚ մահկանացուներուս հասկնալի եղաւ, որովհետեւ Հայր Աստուած հաճեցաւ և սիրեց Իր մարդ-արարածը: Անոր համար իբրեւ Փրկիչ՚ մարդացուց Իր Որդին: Յիսուսի Մարդեղացումը կամ մարդանալը (Incarnation) բանալին է՚ հասկնալու և ըմբռնելու պատմական այն դէպք եղելութիւնը, որ կը կոչենք «Որդի Աստուծոյ»:
Յիսուս Քրիստոս, "Որդի Աստուծոյ" կոչումը կամ տիտղոսը չստացաւ որովհետեւ.-
1. Ան յաջողեցաւ Իր փրկչական առաքելութեան մէջ:
2. Մարդկային բարձրագոյն գիտութեան մը տէր ըլլալուն համար:
Յ. Ոչ ալ երկնային հոգի մըն էր որ մտնալով մարդու կերպարանքէն ներս՚ զայն Աստուծոյ Որդի ըրաւ:
Յիսուս՚ Ինք ի սկզբանէ Իր իսկութեան և էութեան մէջ Որդի Աստուծոյն էր: Աստուած Իր մարդ-արարածներուն ղրկեց իմաստասէրներ, մարգարէներ, տեսանողներ և քահանաներ. սակայն այս բոլորն ալ զԱստուած թերի կերպով կամ սխալ կերպով ներկայացուցին և վկայեցին համայն աշխարհի, ոչ թէ մարդը խաբելու դիտաւորութեամբ, այլ որովհետեւ իրեՙնք նոյնիսկ բաւարար չափով չի հասկցան Աստուծոյ պատգամը. ու երբեմն ալ՚ չուզեցիՙն հասկնալ, ինչպէս՚ Յովնան մարգարէն որ չ՛ուզեց երթալ ու վկայել Ասորի ժողովուրդին որ դարձի գալով ներում ստանան Աստուծմէ ու չկորսուին: Ի՜նչ ազգային մոլեռանդութիւն: Աստուած ի վերջոյ որոշեց ուղարկել Իր Որդին, Իր Միածինը: Երկինքէն ուղարկուածը և աշխարհ եկողը Որդին Աստուծոյն էր:
Եւ «Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ և անոր փառքը տեսանք՚ Հօրմէն միածինի փառքին պէս, շնորհքով ու ճշմարտութիւնով լեցուն»--Յով. Ա.14: «Ճշմարիտ լոյսը ան էր, որ աշխարհ եկող բոլոր մարդիկը կը լուսաւորէ»--Յով. Ա.9: «Մէկը երբէք Աստուած տեսած չէ, բայց միածին Որդին որ Հօրը ծոցն է անիկա պատմեց»--Յով. Ա.18: «Ամէն բան ինծի տրուեցաւ իմ Հօրմէս, ու մէկը չի ճանչնար Որդին, բայց Հայրը, և մէկը չի ճանչնար Հայրը, բայց Որդին, և ան՚ որու Որդին կուզէ յայտնել»--Մատ. ԺԱ.27:
Բնազանցական (metaphysical) բացատրութեամբ. Յիսուսի "Որդի Աստուած"ութեան առջեւ Յունական իմաստասիրական միտքը իր բոլոր կարելիութիւններով չկրցաւ համոզիչ լեզուաբանական եզրի մը հանգիլ: Որովհետեւ Աստուածային կեանքը մարդկային դատողութեամբ բացատրելու անկատար վերլուծումով կարելի չէր լուսաբանել: Գիտութեամբ և մաթեմաթիքով չի բացատրուիր կամ նոյնիսկ չ՛ըմբռնուիր Հոգի Աստուած: Աստուած, ըլլալով հոգի, կեանք և ապրում, մեր հոգեկան կեանքին և խղճի ապրումին ելեւէջներուն մէՙջ կը հասկցուի և կ՛ըմբռնուի:
Յիսուս երբ ըսաւ, «Ես եմ կեանքը», Ան ըսել ուզեց՚ որ մեր իւրաքանչիւրին կեանքին մէջ, մեր օրէ օր ապրելու եղանակիՙն մէջ, պիտի կարենանք Զինքը ճանչնալ և հասկնալ: Չեմ ակնկալէր, որ մատենագրութիւնը ասկից աւելի կարենայ բացատրել Յիսուս Որդին առանց զգացական ապրումներու և վերացումի փորձառութեան:
ԱՍՏՈՒԱԾ ՃՇՄԱՐԻՏ
"Ճշմարիտ" բառը չենք կրնար մակերեսային կերպով դիտել: "Ճշմարիտ" բառը իր խոր անդրադարձումները ունի: Անձ մը Երբ դատարանի մէջ վկայութեան կանչուի, ան պարտաւոր է երդում ընել՚ որ ճշմարիտը, ճշմարտութիւնը (the Truth) պիտի վկայէ: Ճշմարիտին հակառակ բառը սուտն է: Եթէ մէկու մը վկայութիւնը երկրորդական աղբիւրէ գայ, այդ վկան կը նկատուի որպէս ստախօս: Դատաւորին փնտռածը ճշմարիՙտ վկայութիւնն է, որ է աչքով տեսնուածը կամ ականջով լսուածը: Այսինքն՚ վկան ինք իր ականատեսի և ականջալուրի տուեալներով և փաստերով պէտք է որ այդ տեղեկութիւնները ձեռք ձգած ըլլայ: Այս տեղեկութեանց, մենք կուտանք փորձառութիւն և փորձարկութիւն բառերը:
Անձ մը՚ եթէ իր կենսազգացումով, սեփական փորձառութեան և աշխարհաճանաչումին մէջ Աստուծոյ ճշմարիտ ըլլալը չէ ապրած ու վայելած, դժուար է Աստուծոյ ճշմարտութիւնը ջամբել կամ սորվեցնել ուրիշ անձի մը:
Աստուած որքան ալ գիտութիւն մը, որքան ալ ուսումնասիրութիւն մը եղած ըլլայ չի կրնար որպէս ճշմարտութիւն մը հաղորդուիլ ուրիշ ենթակայի մը, եթէ այդ անձը իր սեփական ապրումն ու փորձառութիւնը չէ ունեցած: Որովհետեւ, Աստուած իմացական և մտային ըմբռնումէն վեր, յարաբերութիՙւն մըն է: Անձնական Փորձառութիՙւն մըն է: Այնպէս ինչպէս մայր ըլլալը. տեսնելով կամ մայրութեան մասին կարդալով չես կրնար մայր մը ըլլալու փորձառութիւնը և մայրական սիրոյ զգացումները ունենալ: Նոյնպէս ալ Աստուծոյ հետ յարաբերութիՙւն մը միայն քեզի կը զգացնէ, քու հոգիդ կ՛ապրեցնէ, ճանչնալու Աստուած Ճշմարիտը: Որովհետեւ Ան ոչ թէ միայն տիեզերքի մէջն է, այլ նաեւ մեր անձերոՙւն մէջ կ՛ապրի:
Ճշմարիտը՚ միաժամանակ իրողութիւն է, դէպք է և եղելութիւն: Ուստի երբ կ՛ըսենք՚ թէ Աստուած մեզի համար եղելութիւն մը, իրողութիւն մը եղած է: Մեզի պատահար մը, արարք մը կատարուած է, իրական և իսկական անցք մը ու դէպք մը: Ի՞նչ կը կարծէք որ ըլլար այդ դէպքն ու եղելութիւնը, որ մեզի պատահած է: Երբ այսպիսի դէպք մը պատահեցաւ Մովսէսի բոցավառ մորենիին առջեւ, ան ոչխարներու հովիւ մը ըլլալէ փոխակերպեցաւ ու դարձաւ Իսրայէլացիներոՙւ հովիւ և առաջնորդ: Երբ Յիսուս Աստուած Որդին հանդիպում ունեցաւ մաքսաւոր Մատթէոսի, Մատթէոս դարձաւ Յիսուսի աշակերտ: Երբ հրեղէն Քրիստոս փայլատակեց Փարիսեցի Սօղոսին Դամասկոսի ճամբուն վրայ, Սօղոս դարձաւ Պօղոս Առաքեալ:
Այո, «Աստուած Ճշմարիտ» անցք մը, դէպք մը եղած է մարդկային կեանքէն ներս, նաեւ, ազգային, ընկերային և թէ անհատական կեանքէն ներս: Մարդ-արարած չէ կրցած աստուածային այս դէպքը կամ եղելութիւնը անջատել իր կեանքէն: Աստուածային այս դէպք ճշմարտութեան համաձայն ապրած է մարդ, կամ ալ՚ անոր հակառակ: Մարդ չիՙ կրնար զԱստուած իր կեանքէն դուրս ընել, անտեսել, կամ հեռացնել և, ի նպաստ կամ աննպաստ կեցուաքով մը միայն ապրիլ իր կեանքը:
Հետեւաբար, մենք՚ հայ մնացորդներս, շարաւիՙղն ենք այն կտրիճներուն և հերոսներուն, որոնց համար Աստուած եղած էր եղելութիւն մը՚ իրենց կեանքի պատմութեան և անհատական կենցաղին մէջ: Այս դիւցազնական ազգի զաւակները կրցած էին զգալ, տեսնել և իմանաՙլ աստուածային առաջնորդութիւնը իրենց կեանքէն ու խիղճէն ներս և համարձակօրէն վկայեցին ըսելով՚ «Աստուած Ճշմարիտ» Ալէլո՜ւեա:
Որ Խոնարհեցար ի Հայրական Ծոցոյ.--
Վերի նախադասութիւնը կուգայ մեզի հաւաստիացնել՚ թէ Յիսուս Գոյութիւն ունէր Հայրական Ծոցին մէջ, նախ քան Անոր Մարդեղութիւնը, ի Բեթլեհեմ քաղաք:
Ինչի՞ հետեւանք էր արդեօք Յիսուսի "խոնարհեցար"-ը: Հօրը կամքը կատարե՞լ, թէ Անոր սէ՞րը արտայայտել հանդէպ մարդկութեան: Վստահաբար Յիսուսի խոնարհումը՚ մարդանալը արդիւնքն էր երկու իրողութիւններուն ալ, որ մէկ են և անբաժանելի, մէկ և անյեղելի: Գեթսեմանի պարտէզին մէջ Յիսուս կ՛աղօթէ և կ՛ըսէ. «Ոչ թէ իմ կամքս, այլ քու կամքդ թող լինի»--Մատ. ԻԶ.39: «Ես իմ կամքս չեմ փնտռեր, հապա Անոր կամքը, որ զիս ղրկեց: «Ով պիտի զատէ մեզ Քրիստոսի սէրէն, տառապանքը, թէ նեղութիւնը»--Հռով. 8.38-39: «Այսինքն՚ ճանչնալ Քրիստոսի սէրը որ գիտութենէ գերազանց է»--Եփես. Յ.18:
Եւ Առեր Մարմին.--
Չեմ գիտեր ինչպէս քննադատեմ վերեւ յիշուած "առեր" բառը: Որովհետեւ Յիսուսի Մարդեղութիւնը տեղի չունեցաւ "մարմին առնել"-ով, այլ «մարմին ըլլալ-ոՙվ: Այս խօսքը կը գտնուի Յովհաննու Աւետարանին Ա.14-րդ համարին մէջ, ուր կը կարդանք. «Եւ Բանը մարմին եղաւ ու բնակեցաւ մեր մէջ:
Յունարէն բնագիրը «էյէնեթօ» է, որ "եղաւ" կը նշանակէ: Ինչո՞ւ ծանրանալ այս մէկ բառին վրայ: Այս "եղաւ", "առաւ" կամ "հագաւ" բառերը, որ շատ մը անցեալ և ներկայ եկեղեցական հայրեր սխալմամբ գործածած են ու տակաւին կը գործածէն, իրենց աւերները գործած էին սկսեալ առաջին դարէն մինչեւ եօթներորդ դար և կամ աւելի վերջ ալ: Հարեւանցի ուսանողի մը համար, գուցէ, այս վերլուծումը "հաւկիթի մէջ մազ փնտռել կարծուի": Սակայն կ՛ուզեմ միտքս բացատրել:
Առաջին դարէն սկսեալ աղանդ մը գտնուեցաւ, որ Յիսուսի "ի Հայրական ծոցոյ" գալուստին չէր հաւատար: Օրինակի համար. այնպէս կը հաւատային՚ թէ Յիսուս կոչուած մարգարէն, այնքան գերազանց անձ մըն էր, որ թէՙ գիտութեամբ և թէ բարոյապէս՚ Յիսուսի հոգին հաճեցաւ այս մարդուն կամ մարգարէին մարմինը առնել: Հետեւաբար, այն բոլոր հրաշքները որ գործուեցան և ճշմարտութիւնները որ քարոզուեցան, ոչ թէ Յիսուս մարգարէին միջոցաւ եղան, այլ աՙյն Հոգիին՚ որ գրաւած էր այս մարգարէն: Ու երբ խաչուեցաւ Յիսուս մարգարէՙն, ոչ թէ Աստուածորդիՙն էր որ խաչուեցաւ ու մեռաւ, այլ՚ այդ մարգարէին մարմինը, որ Յիսուսի Հոգին "առած" (ստացած) էր: Իսկ Աստուածորդին որ Յիսուս մարգարէին մարմինը առած էր կամ զգեցած, արդէն այդ մարմինէն հեռացած էր դատավարութենէն առաջ:
Այս աղանդին հաւատալիքին հետեւանքով է, որ Իսլամութիւնը կուրանայ Յիսուսի խաչելութիւնը, մահը և յարութիւնը, ըսելով,
"Ուալէ սալապու, ուալէ քաթալու, պէլ շուպիհէ լահու" որուն հայերէն թարգմանութիւնն է. «ոչ խաչեցին և ոչ մեռցուցին, այլ իրեն նմանեալ»-ը խաչուեցաւ:
Այս աղանդը կը կոչուէր Կնոստիկեան: Միայն կ՛ուզեմ որ նախապաշարումով չնայինք այս Կնոստիկեաններուն: Ասոնք ալ Քրիստոնեաներ էին՚ շատ սրբակեաց և մեծ նուիրումով հաւատացեալներ: Իրենց համար Աստուածորդին այնքաՙն մեծ էր և սուրբ, որ չէին կրնար ըմբռնել թէ Աստուածորդի մը մարդոց համար կրնայ մեռնիլ: Այս աղանդին համար մարմին՚ նիւթ ըսուածը այնքաՙն պիղծ բան մը կը նկատուէր, որ չէին կրնար հաշտեցնել իրենց միտքը՚ թէ սուրբ և անբիծ Հոգի մը ինչպէ՞ս կրնայ մարդանալ--մարմին ըլլալ--Յիսուսի Մարդեղութիւնը՚ (Incarnation)-ը, այս- պէսով կ՛ուրանային անոնք:
Երբ այս աղանդին գաղափարները հրապարակ կ՛ելլէին, Յովհաննէս Առաքեալ տակաւին ողջ էր և իր Աւետարանին առաջին էջին վրայ ադամանդեայ գիրերով քանդակեց՚ ըսելով.
«և Բանը մարմին եղաւ ու մեր մէջ բնակեցաւ»:
Յովհաննէս առաքեալ իր մահէն քիչ առաջ իր ձեռքերով նամակագրեց ըսելով.
«Սիրելիներ, ամէն հոգիի մի հաւատաք, հապա հոգիները փորձեցէք՚ թէ արդեօք Աստուծմէ՞ են. վասնզի աշխարհի մէջ շատ սուտ մարգարէներ ելած են: Ասով կրնանք ճանչնալ Աստուծոյ Հոգին. ամէն հոգի որ Յիսուս Քրիստոսը Մարմինոՙվ եկած կը խոստովանի, անիկա Աստուծմէ է. և ամէն հոգի որ Յիսուս Քրիստոս մարմինով եկած չի խոստովանիր, անիկա Աստուծմէ չէ»--Ա. Յով. Դ.1-3:
Եթէ կան այս մասին հետաքրքրւող անձեր, կրնան ուսումնասիրել Gnosticism.
Ի Սրբոյ Կուսէն Մարիամայ.--
Յիսուսի Մարդեղութիւնը, որ տեղի ունեցաւ սուրբ կոյս Մարիամի միջոցաւ, անգամ մը եւս կու գայ փաստել մարդկութեան՚ թէ մարդ արարածը Աստուծոյ գործակիցն է: Աստուծոյ մեծութիւնը հոն կը կայանայ, թէ հակառակ որ Աստուած ընդհանուր տիեզերքին կ՛իշխէ ու զայն կը կառավարէ, Ան ժամանակ ունի հետաքրքրուելու համեստ ու աննշմար կոյսով մը: Չմոռնանք սակայն, որ կոյս բառը կը նշանակէ անարատ: Արդեօք մենք ալ կուզե՞նք ըլլալ գործակից և աջակից Աստուծոյ...: Եթէ այո, ուրեմն պայմանը՚ անարատ և կոյս ըլլալն է, ոչ թէ՚ կուսակրօն ըլլալ, այլ ըլլալ սրբակենցաղ և մաքուր:
Վասն Մերոյ Փրկութեան.--
Կը նշանակէ կարգ մը հիմնական տեսութիւններ: Նախ կարժէ գիտնալ թէ Յիսուս մեզ ինչէ՞ն կը փրկէ: Նախ քան Աստուածային յայտնութիւնը Յիսուս Քրիստոսով, մարդկային կարծիքն ու տպաւորութիւնը Աստուծոյ մասին անբաւարար էր: Մարդիկ այնպէս կը կարծէին, որ Աստուած վրէժխնդիր դատաւոր մըն է: Փոխանակ սիրելու զԱստուած, Իրմէ կը վախնային և կը սարսափէին: Այս պատճառաւ է, որ առանց մատաղի կամ զոհի չէին համարձակեր մօտենալ Աստուծոյ: Մարդիկ կը կարծէին թէ պէտք է Աստուած հաճեցնել: Յիսուս փրկեց մեզ այս սխալ համոզումէն, կարծիքէն և բոլոր աւանդական նախապաշարումներէն: "Յիսուս" բառը Եբրայեցերէն գրականութեան մէջ Փրկիչ կը նշանակէ:
Երկրորդ.--Յիսուս կը փրկէ բոլոր անոնք որոնք Իրեն կը հաւատան ու կը սիրեն Զինք, ոչ թէ միայն հաւատք ունին, այլ իրենց հաւատքը շարժման մէջ կը դնեն: Որովհետեւ մինչեւ որ մարդ իր ազատ կամքով ինքզինք չի դնէ տիեզերական Բրուտին Ձեռքը, իր կեանքը սահման մը ունի, այսինքն՚ մահը վերջապէս կուգայ և իր կեանքը կը խլէ: Իսկ երբ տիեզերական Բրուտը Իր նմանութիւնը և պատկերը դրոշմէ այդ սահմանաւոր կաւէ էակին, այդ անձը կ՛երաշխաւորուի յաւիտենական կեանքի, այսինքն մահուանէ փրկուելով կը ժառանգէ յաւիտենական կեանքը:
Խաչեցար.--
"Խաչեցար" բառը պէտք չէ հասկցուի որպէս զոհագործութիւն կամ պատարագ, այլ ճակատամարտի ընթացքին կամաւորապէս և հերոսաբար կռուիլ և ի պահանջեալ հարկին սպանուիլ առանց նահանջելու:
Յիսուսի աննահանջ և կամաւոր կերպով մեռնիլը՚ Իր առաքելութեան մէջ անուրանալի կ՛ընէ Հայր Աստուծոյ սէրը հանդէպ մարդկութեան: Մանաւանդ երբ խաչին վրայ Ան կ՛արտասանէ, «Հաՙյր, թող դոցա, զի ոչ գիտեն զինչ գործեն»--Ղուկ 2Յ:Յ4: Յիսուսի խաչելութիւնն էր, որ երբեմնի խստաբարոյ դատաւոր կարծեցեալ Աստուածը վերածեց սիրոՙղ և ներոՙղ Երկնաւոր Հօր:
Թաղեցար և Յարեար Ի Մեռելոց.--
Յիսուս մեռաւ և թաղուեցաւ, բայց ոչ երբէք պարտուեցաւ: Յիսուս Իր խաչելութեամբ և թաղումով չէՙր որ անմահացաւ, այլ Իր Յաղթակաՙն Յարութեամբը: Երբ վաղեմի մահը իր ճիրանները բացած ուզեց կալանաւոր պահել Աստուածային կեանքը Յիսուսի, աստուածային միջամտութիւնը կայծակնահար ըրաւ մահուան ճիրանները և Յիսուս որպէս յաղթական, անմահութեան թափնեպսակով յարեաւ ի մեռելոց:
Կարգ մը անձերու համար Յիսուսի Յարութիւնը հոգեկան վիճակ մըն է միայն: Այսպիսիները պէտք չէ այպանել, այլ համբերութեամբ բացատրել անոնց, իրողութիւնը Մեռելոց յարութեան: Ոմանք կ՛ըսէն թէ կը հաւատան Յիսուսի Յարութեան, որովհետեւ Յիսուս իրենց կեանքին մէջ կ՛ապրի: Ոչ թէ՚ որովհետեւ Յիսուս մեռելներէՙն յարեաւ, մարմնապէս գերեզմանէն դուրս եկաւ, այլ՚ իրեՙնց մէջ ապրելոՙւն համար, Յիսուս յարութիւն առած կ՛ըլլայ: Այս մօտեցումը քիչ մը խոտոր կը թուի Յիսուսի Աւետարաններու գրութեան:
Շատ մը Իսլամներու կեանքին մէջ ալ իրենց մարգարէն՚ Մուհամմէտ կ՛ապրի և զիրենք կը քաջալերէ, միթէ Իսլամներու մարգարէին հոգեկան ապրումի զգացումը իրենց մարգարէն գերեզմանէն յարուցաՙծ կ՛ըլլա՞յ: Նոյնպէս է նաեւ, Պուտտաեականներու համար: Միթէ Պուտտհա իր հետեւորդներու կեանքին մէջ զիրենք խրախուսելո՞ւն համար Պուտտհան յարութիւն առած պէտք է սեպուի:
Շնորհալիին հաւատացած Յիսուսը խաչուած, թաղուած և մեռելներէՙն Յաղթականօրէն Յարութիւն առած Յիսուսն է:
Եւ Համբարձար Փառօք Առ Հայր.--
(Mission accomplished.) Երբ Յիսուս հաւատարմօրէն կատարեց Իր առաքելութիւնը, Աստուած ալ Զինք Իր քով վերադարձուց:
«Վասն որոյ և Աստուած զնա առաւել բարցրացուց, և
շնորհեա նմա անուն որ ի վեր է քան զամենայն անուն: Զի յանուն Յիսուսի Քրիստոսի ամենայն ծունր կրկնեայի, երկնաւորաց և երկրաւորայ և սանդարամետականաց, և ամենայն լեզու խոստովան լիցի թէ Տէր է Յիսուս Քրիստոս Ի փառս Աստուծոյ Հօր»--Փիլ. Բ.7-11:
Մեղայ Յերկինս եւ Առաջի Քու.--
Երբ կը տեսնենք Յիսուսի աննահանջ և կամաւոր զոհողութիւնը, կը մղուինք մեր համոզումները ուղիղ ճամբու մէջ դնել և սիրել զԱստուած, փոխանակ իրմէ սարսափելու: Ու ծունկի կուգանք և կ՛ապաշխարենք այսինքն՚ կը հրաժարինք մեր անցեալի սխալ համոզումներէն և մեր սխալ նախապաշարումներու հետեւանքով գործած մեղքերէն: Ապաշխարանքը կը կատարուի ըսելով. «Մեղայ յերկինս և առաջի Քո:
Մեղանջելը բառեր են, որոնք իրենց սահմանումը կ՛առնեն ոչ թէ քաղաքական կամ բարոյագիտական ըմբռնումէ, այլ կրօնական մղումէ: Անձ մը երբէք քաղաքական օրէնքի և կանոնի դէմ չմեղանջեր, այլ՚ օրինազանց կ՛ըլլայ կամ օրէնքի դէմ կը գործէ: Մեղանջումը միայն Աստուծոյ սրբութեան դէմ եղած արարք մըն է: Հետեւաբար, զղջացող անձ մը միշտ երկինքի և Աստուծոյ դէմ կը մեղանչէ:
Քրիստոնէական ըմբռնումին մէջ մեծագոյն մեղքը հպարտութիւնն ու մարմնական ցանկութիւնները եղած են: Այս պատճառաւ, շատ մը հաւատացեալներ և հաւատքի զինուորեալներ հետեւած են կուսակրօնութեան և կամ անապատները քաշուելով ապրած են որպէս ճգնաւոր: Երբ հայ հաւատացեալ մը իր շրթները բանալով մեղաՙյ բառը կ՛արտասանէ, արդէն վստահ է որ սիրոյ Աստուածը իրեն պիտի ներէ: Մեղաՙյ բառը իր մէջ ներումի վստահութիւնը կը պարունակէ:
Յիշեաՙ Զիս Որպէս Զաւազակն.--
Երբ խաչին վրայի աւազակը վերոյիշեալ բառերը արտասանեց Յիսուսի, Յիսուս հերոս մը չէր այդ պահուն, և ոչ իսկ յաղթող, այլ՚ հանրութեան համար, պարտուած, ինքնախաբէութեան զոհ մը: Սակայն ներում ստացող աւազակը այս բոլոր անկարելիութեանց մէջէն կրցաւ տեսնել յաղթակաՙն և անմահութեամբ պսակուած Աստուածորդի մը և իր էութիւնը վստահեցաւ դատապարտեալ կարծուած Խաչեցեալին: Ահաւասիկ այսպիսի կենդանիՙ հաւատք կ՛ուզէ մեր Տէրը՚ Յիսուս, իր հետեւորդներէն: Ի՞նչ արժէք պիտի ունենար հաւատալ Յիսուսին՚ երբ որ Ան գար Իր զօրութեամբը և արքայութեամբը: Ասոր համար՚ Յիսուս կ՛ըսէ Թովմասին,
«Դուն տեսար և հաւատացիր, բայց երանի՜
անոնց որ չտեսած կը հաւատան»:
Յորժամ Գաս Արքայութեամբ Քով.--
Քրիստոնէական հաւատալիքը ենթական անորոշութեան մէջ չթողուր: Յիսուս Իրեն հետեւողին, ծովու խաւար ալիքներուն մէջ իսկ չլքեր: Յիսուս աշխարհիՙ լոյսն է մտածմունքիՙ լոյսն է. գաղափարիՙ լոյսն է. զգացումիՙ լոյսն է. գիտակցութեա՛ն լոյսն է. անցեալի, ներկայի և ապագայիՙ լոյսն է. ի վերջոյ՚ Յիսուս յոյսիՙն Լոյսն է:
Յիսուս անստուգութիւն չէ, այլ արքայութեան մը Տէրն է: Աշխարհի յաղթականներն ու տիրակալները բոլորն ալ գացած են անվերադարձօրէն: Բայց Յիսուս խոստացած է վերադառնալ: Ոչ թէ վերադառնալ պարապ ձեռքով, այլ Աստուածային Թագաւորութեամբ: Վերադառնալ վարձատրելու համար Իր բոլոր հաւատարիմները: Քրիստոս խոստացած է հատուցում, յոյս և յաւիտենական կեանք տալ բոլոր Իրեն հաւատացող հետեւորդներուն: Յիսուսի շնորհած ներումն ու յաւիտենական կեանքը չէՙ այն՚ ինչ որ մարդ ձեռք կը ձգէ հարիւրաւոր անգամ ծնանելով կամ վերամարմնացումով (reincarnation) և իր մեղքերը քաւելով՚ իր բարոյական ապրումով: Մարդ ոչ թէ կրկին անգամ մարմին կ՛առնէ իր մեղքերը քաւելու համար, այլ Յիսուս Ինք կը խոստանայ կրկին գալ, ու կ՛ըսէ.
«Եկէՙք, Հօրս կողմէ որհնեալներ, և ժառանգեցէք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է: Որովհետեւ անօթի էի և զիս կերակրեցիք, ծարաւ էի և ջուր տուիք, օտարական էի և ընդունեցիք զիս, մերկ էի և հագցուցիք ինծի, հիւանդ էի և հոգ տարիք ինծի, բանտի մէջ էի և այցելեցիք ինծի»--Մատթ. ԻԵ.34-36:
5.--Հոգի Աստուծոյ՚ Աստուած ճշմարիտ, որ իջեր ի Յորդանան և ի վերնատունն, և լուսաւորեցեր զիս մկրտութեամբ սուրբ աւազանին. մեղայ յերկինս և առաջի քո, մաքրեա զիս վերստին Աստուածային հրով քո՚ որպէս հրեղէն լեզուօք սուրբ զառաքեալսն. և ողորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս:
Հոգի Աստուծոյ՚ Աստուած Ճշմարիտ.--
Շատ խորհրդանշական խօսքեր են՚ ոՙչ թէ միայն Քրիստոնէական հաւատալիութեան մէջ, այլեւ բոլոր հին հաւատալիքներու մէջ ալ: Այս մասին կան շատ գրութիւններ, որոնք թարգմանաբար կամ անգլերէնով մատջելի են գրադարաներու մէջ: Հոս կուզեմ միայն անցողակի ակնարկ մը նետել: Այս մասին հանգամանօրէն և սպառիչ բացատրութիւններ տալու համար՚ հարկ է քանի մը հատոր գիրք գրել: Գանատայի հնդիկները, որոնք դարերով կտրուած էին հին աշխարհէն, իրենց աստուածը կ՛անուանէին "Մեծ Հոգին" (the Great Spirit the Manitou): Այսպէս կոչած են նաեւ (Manitoulin Island, Georgian Bay)-ի մէջ:
Աստուած, մարմին չէՙ, որ հոգի ալ ունենայ. ուստի մեզի կը մնայ խիստ զգուշութեամբ ու մեծ ակնածութեամբ մտածել և արտայայտուիլ: Յիսուս ըսած է՚ «Աստուած հոգի է, և իրեն երկրպագողներն ալ պէտք է որ հոգիով ու ճշմարտութիւնով ընեն» Յով. Դ.26: "Իսկ երբ Ինք ճշմարտութեան Հոգին գայ, ամէն ճշմարտութեան պիտի առաջնորդէ ձեզի. վասնզի ոչ թէ ինքնիրմէ պիտի խօսի, հապա ինչ որ լսէ՚ զայն պիտի խօսի ու գալիքները ձեզի պիտի պատմէ»--Յով. ԺԴ.26:
Աւելի պատշած պիտի ըլլայ յարաբերիլ և ունկնդրել «Հոգի Աստուծոյ»ին, քան աստուածաբանական պրպտումներ ընել: Ինչպէս Սբ. Գրիգոր Նարեկացին կը խոստովանի և կ՛ըսէ՚ "Անհասկնալի Աստուած», ինչպէս կարելի կ՛ըլլայ հասկնալ "Հոգին Աստուծոյ»: Այս ըսել չէ, որ ուրանանք Հոգի Աստուծոյն, ոչ երբէք: Այլ՚ ստեղծեՙնք աղօթքի յարաբերութիւն մը Աստուծոյ հետ, որու ընթացքին չՙըլլանք միայն խօսողներ, այլ ըլլանք նաեւ ունկնդիրներ՚ լսելու և իմանալու ինչ որ Հոգին կ՛ուզէ մեզի սորվեցնել, յայտնել և շնորհել:
Մարդ էակը իր սահմանափակ գիտութեամբն ու ծանօթութիւններովը շատ ջանացած է գիտնալ թէ ի՞նչ է այս "Հոգի Աստուծոյ"ն կամ ո՞վ է Սուրբ Հոգի» կոչուած Իսկութիւնը կամ Անձնաւորութիւնը և անոր յարաբերութիւնը «Որդի Աստուծոյ»ի հետ: Մարդկային հետազօտիչ միտքը աւելի իր հետաքրքրութիւնը գոհացնելու շարժառիթով մօտեցած է այս նիւթին, քան թէ Աստուածահաճոյ ըլլալու նպատակաւ: Անցեալի կարգ մը եկեղեցական "հայրապետներն ու աստուածաբանները" աւելի իրենց փառամոլութեան համար ճառած ու գրած են այս նիւթին շուրջ, քան օգտակար ըլլալու համար իրենց հօտի ոչխարներուն: Տակաւին, հակառակ մեր թեքնոլոճիք հսկայ արշաւին, չենք կրցած գիտնալ՚ թէ ո՞վ է մարդ արարածը, որ կը տեսնենք, կը շօշափենք և գիտակցութեան մէջ կը յարաբերինք իրեն հետ: Եթէ այսպիսի մարմնաւոՙր էակ մը մեզի խորհրդաւոր առեղծուած մըն է տակաւին, իՙնչ ոտնձգութիւն է ջանալ, պարզ կամ ոչ-պարզ հետաքրքրութեան մը համար խօսիլ և բացատրել Սրբութիւն մը, Աստուածային Էութիւն մը, որ մեզի չէ յայտնուած Իր ամբողջական իսկութեամբ: Սակայն, Ասիկա չնշանակեր երբեք թէ Սուրբ Հոգւոյն շնորհները, արտայայտութիւնները, և պտուղները չճանչնանք, չսերտենք, և չձգտինք հաղորդակից և ժառանգորդ ըլլալ այս «Հոգի Աստուծոյ»ի շնորհներուն:
Ամէնագլխաւոր և առաջին քայլը որ հաւատացեալ մը պէտք է առնէ Սուրբ Հոգիի մօտեցման մէջ, գիտնալու է. թէ "Հովը ոՙւր որ ուզէ՚ կը փչէ, և անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր ուրկէՙ կուգայ կամ ուր կերթայ" --Յով. Գ.8: Հաւատացեալ մը, որքան ալ ըլլայ սրբակեաց, աղօթասէր կամ աստուածաբան, իշխանութիւն չունի սահմանափակելու Սուրբ Հոգիի Գործունէութեան եղանակը, կամ ծիր մը քաշել Անոր շուրջ: Սուրբ Հոգին տիեզերքի ամէնաազատ և անկաշկանդ ստեղծագործ Հոգին է: Ի՞նչ է կամ Ո՞վ է այս Հոգին,--մեզի տակաւին ամբողջականօրէն, չէՙ յայտնուած:
Տեսնենք Սուրբ Հոգւոյ անկախ գործունէութիւնը հեթանոս Կոռնելիոսի տան մէջ: «Ու երբ Պետրոս այս խօսքերը կը խօսէր, Հոգին Սուրբ իջաւ ամէնուն վրայ՚ որոնք խօսքը կը լսէին: Եւ թլփատուածներէն եղող հաւատացեալները, որոնք Պետրոսի հետ եկած էին, զարմացան որ հեթանոսներու վրաՙյ ալ Հոգւոյն Սրբոյ պարգեւը կը լեցուէր: Քանզի կը լսէին անոնցմէ որ ուրիշ լեզուներով կը խօսէին, և զԱստուած կը փառաւորէին--Առաք. Ժ.44-48: Վերոյիշեալ աննախընթաց դէպքը, որ տեղի ունեցաւ Յոպպէ--ներկայիս՚ Եաֆա--քաղաքի մէջ, անգամ եւս կու գայ փաստելու մոլեռանդ Հրեայ Քրիստոնեաներուն, թէ հասած է դարաշրջանը աստուածային ներգործումի, որ տեղի պիտի ունենայ առանց Մովսիսական օրէնքներու, կամ մարդկային պայմանադրական դաշնագրութեանց:
Շատ յստակ կերպով դիտենք սկզբնական Հրեայ Քրիստոնեաներու ազգայնականութեան և իրենց հաւատքին:-
1. Հեթանոս մը՚ քրիստոնեայ ըլլալու համար, նախ Հրեայ դառնալու էր:
2. Պարտաւոր էր թլփատուիլ:
Յ. Պարտաւոր էր նաեւ հետեւիլ ուտեստեղենի գաւաթներու և ամաններու զանազանութիւնը ընել "քոշէյր":
4. Պարտաւոր էր հետեւիլ Հին Կտակարանի բոլոր օրէնքներուն:
5. Մկրտուիլ Յիսուսի անունով, որ ստանայ Սուրբ Հոգին:
Տեսնենք ի՞նչ պատահեցաւ Պետրոսին, Յոպպէի մէջ ըրած աւետարանչական շարժման ընթացքին: Ամէնացնցիչ դէպքը պատահեցաւ, երբ Պետրոս Առաքեալ իր բերանը բանալով արտասանեց առաջին խօսքերը.
«Ճշմարտութեամբ կը հասկնամ որ Աստուծոյ քով աչառութիւն չկայ, հապա ամէն ազգի մէջ՚ ան որ Անկէ կը վախնայ ու արդարութիւն կը գործէ, Անոր ընդունելի է»--Առաք. Ժ.34:
Պետրոս մէկ հարուածով տապալեց Հրեայ Քրիստոնեաներու մոլեռանդ պահանջքները նախկին հեթանոս նորահաւատներէն: Իսկ գալով Սուրբ Հոգւոյն, որ Հրեայ Քրիստոնեաներ իրենց մենաշնորհը դարձուցած ըլլալ կը կարծէին, շատ զարմացան, երբ տեսան՚ որ հեթանոսները չթլփատուած և չմկրտուած՚ կ՛ստանային Աստուածային այս շնորհը, որ սկսած էր Պէնտեկոստէի հուր փոթորիկով և Հոգեգալուստով:
Բանանք միասին Առաքեալներէն մեզի աւանդ մնացած Սբ. Գրութիւնները և ջանանք տեսնել անոնց մէջ Սբ. Հոգիէն մեզի խոստացուած շնորհները և բաժին ինկած ժառանգութիւնները: Պօղոս Առաքեալ, որ երկար տարիներ աշխատեցաւ Կորնթոսի Եկեղեցիին մէջ, կը գրէ իր հոգեւոր զաւակներուն՚ իր հայրական և զարթնեցուցիչ նամակը, որուն 12-րդ գլխուն մէջ սապէս կ՛ըսէ ան.
«Բայց հոգեւոր պարգեւներուն վրայով չեմ ուզեր, եղբայրներ, որ չգիտցող ըլլաք: ...Պարգեւները զանազան են, բայց նոյն Հոգին է: Նաեւ պաշտօնները զանազան են, բայց նոյն Տէրն է: Նոյնպէս ներգործութիւնները զանազան են, բայց նոյն Աստուածն է, որ կը ներգործէ ամէնը ամէն բանի մէջ: Բայց ամէն մէկուն Հոգւոյն յայտնութիւնը տրուած է օգուտի համար: Մէկուն հոգիով իմաստութեան խօսք տրուած է, ուրիշին գիտութեան խօսք, նոյն Հոգիին տուած չափովը. միւսին հաւատք՚ նոյն Հոգիով. ուրիշին հրաշագործութիւններ, ուիշին մարգարէութիւն, ուրիշին՚ հոգիներու ընտրութիւն, ուրիշին՚ զանազան լեզուներ, ուրիշին՚ լեզուներու թարգմանութիւն: Բայց այս ամէնը միեւնոյն Հոգին կը ներգործէ, և ամէն մէկուն զատ զատ կը բաժնէ՚ ինչպէս կ՛ուզէ»--Ա Կորն. ԺԲ. 7-11:
Վերոյիշեալ զմայլելի գրութեամբ, Յիսուսի առաքեալ Պօղոս, մեզի հաւատացեալներս կը խրախուսէ և կը խանդավառէ որ արժանանանք այս պարգեւներէն գէթ մէՙկ հատին: Որքան բազմազան են Հոգիին պարգեւները և պտուղները: Միասին կարդանք նաեւ Գաղատ. Ե.22 համարները աղօթաշունչ հոգիով. «Բայց Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն. այսպիսի բաներու դէմ օրէնք չկայ ... Եթէ Հոգիով կ՛ապրինք, Հոգիին համեմատ քալենք: Սնապարծ չըլլանք՚ մէկզմէկ գրգռելով ու իրարու վրայ նախանձելով»:
ԺԶ-րդ դարէն մինչեւ ԺԸ-րդ դար, Եւրոպայի, մանաւանդ Անգլիոյ մէջ տեղի ունեցաւ (Puritanic) մաքրակրօն կենցաղավարութեան (lifestyle) շարժում, որուն ընթացքին գոյութիւն ստացաւ լեզուներ խօսելու և Սուրբ Հոգւոյ լեցունութիւնը ստանալու փորձառութիւնը: Այս անձերը մաքրակրօն և նուիրումով անկեղծ ու Աստուածային սիրով լեցուն անձեր էին: Այս փորձառութեան հետեւողներուն վնասը այն եղաւ, որ իրենց հոգեկան խանդավառութեան մէջ ծայրայեղութեան գացին և որդեգրեցին մոլեռանդութիւն: Սկսան հաւատալ և հաւատացնել իրենց հետեւորդներուն, որ Սուրբ Հոգւոյ լեցունութեան կամ հասողութեան կնիքը միաՙյն լեզուներ խօսելով է որ ձեռք կը բերուի:
Վերոյիշեալ մաքրակրօն և նուիրեալ այս հաւատացեալները, մոռցան Առաքեալներու Սուրբ Հոգիով գրած ու մեզի մատակարարած խօսքին ամբողջականութիւնը: Մոռցան Սուրբ Հոգիին պտուղներուն, շնորհքներուն և յայտնութիւններուն բազմերեսութիւնը և զանազանութիւնը, ինչպէս վերը գրուած է: Եւ դժբախտաբար, բոլոր այդ շնորհքները օրինաչափուած (standardise) դարձուցին միայն լեզուախօսութեամբ: Ջանացին սահմանափակել Հոգի Աստուծոյ-ին գործունէութեան կերպը ու եղանակը: Այս դժբախտ մոլեռանդութեան հետեւանքով իրենք զիրենք սեպեցին աւելի սուրբ և Աստուածահաճոյ: Ու իրենց նման չզգացող և իրենց նման չմտածող մարդիկը՚ մեղաւոր և դատապարտեալ հռչակեցին: Այս պատճառաւ, Ս. Շնորհալին կ՛ըսէ. «Հոգի Աստուծոյ, Աստուած ճշմարիտ» Այսինքն՚ ճշմարտութիւնը մէկ բառի մը մէջ չկայանար, այնպէս ինչպէս Պետրոս Առաքեալի Հրեայ Քրիստոնեաներուն բարեկամները կը կարծէին, այլ՚ Սուրբ Հոգւոյն արտայայտած բոլոր շնորհներուն և պարգեւներուն միացեաՙլ հասկացողութեան մէջ: Արեւմտեան քաղաքակրթութեան մէջ մշակութային ըմբռնում մը կայ, որ կ՛ուզէ ամէն ինչ դասաւորուած տեսնել և կանոնաչափուած (standardize) ընել: Այս ըմբռնումը իր ազդեցութիւնը գործած է կրօններու հաւատալիքներու--վարդապետութեանց--սահմանումին մէջ եւս:
ԺԶ-րդ դարէն սկսեալ Բարեկարգութիւն (Reformation) կոչուած շարժումը երբ Սուրբ Գիրքի մեկնաբանութիւնը ազատ հռչակեց անհատին կամքին՚ իր օգուտին զուգընթաց ունեցաւ նաեւ իր վնասակար հետեւանքը:
Որ Իջեր Ի Յորդանան Եւ ի Վերնատանն.--
Կրօնական զգացմունքի և հաւատքի ըմբռնումի տարբերութիւնը Քրիստոնեութեան և ուրիշ հաւատալիքներու վարդապետութիւններու մէջ այն է, որ ուրիշ կրօնքներու հետեւորդներ իրենք կը փնտռեն զԱստուած, մինչդեռ Քրիստոնէութեան մէջ՚ Աստուաՙծ է որ Իր սիրոՙյ Հոգիով կը փնտռէ մարդը: Աւետարաններու պատմուածքներուն մէջ այնպէս կ՛երեւի, որ Աստուած Իր Հոգիին միջոցաւ շարունակ Իր ստեղծած մարդ-արարածը կը հետապնդէ, որ Ինքզինքը յայտնէ անոր: Այս նպատակաւ է, որ "Հոգի Աստուած" կ՛իջնէ ի Յորդանան և Յիսուսի մկրտութեան պահուն աղաւնիի կերպարանքով կ՛երեւի կարգ մը անձերու, որոնց մէջ կային անշուշտ Յովհաննես Մկրտիչին աշակերտները, որոնք եւս վկայեցին պատահած դեպքը:
Թէեւ հեթանոս պատմութեան մէջ արձանագրութիւններ կան, որ կարգ մը իմաստասէրներ և բանաստեղծներ ներշնչում ունեցած են գերբնական ոյժէ մը, զոր կոչած են մուսայ (Muse), սակայն երբէք արձանագրութիւն չկայ որ Հոգին Աստուած երեւելիՙ կերպարանքով յայտնուած է մարդկութեան, նախ քան Պենտեկոստէի օրը:
Եւ Ի Վերնատունն.--
Ի՜նչ անակնկալ և ի՜նչ ազատ արտայայտութիւն "Հոգի Աստուծոյ"-ին կողմէ: Աշակերտներ հաւաքուած են իրարու քով և միահամուռ կ՛աղօթէն ու զիրար կը քաջալերեն և կը խրախուսեն՚ երբ յանկարծ սաստկաշունչ փոթորիկի նման հով մը կը սարսէ վերնատունը և իւրաքանչիւր հաւատացեալի վրայ կ՛երեւի կրակի բոց մը լեզուի նման:
Այս անգամ "հոգի Աստուած" չ՛առներ աղաւնիի կերպարանք, այլ կրակի նմանութիւն: "Զի հողմ ու կամի շնչէ, և զձայն նորա լսես, այլ ոչ գիտես ուստի գայ կամ յո երթայ" Յով. Գ.8: Որքան ազատ և անկաշկանդ է Սուրբ Հոգւոյն գործունէութեան ձեւն ու եղանակը:
Այս պատճառաւ էր, որ չուզեցի բացատրութիւն մը տալ "Հոգի Աստուծոյ"-ի մասին, որովհետեւ անբացատրելի է ու անգուշակելի: Կարելի չէ սահմանում մը կամ օրինագիծ մը տալ Սուրբ Հոգւոյն մասին, որովհետեւ բացարձակ անկախ է և անկերպարան՚ մարդկային ըմբռնումով: Կարելի՞ է արդեօք, անուշահոտ խունկի մը, քուլայ քուլայ բարձրացող ամպանման ծուխը մեր ուզած ձեւին կամ կերպարանքին նմանցնել: Ոչ երբէք: Նոյնպէս և Սուրբ Հոգին չենք կրնար օրէնքի կամ կանոնի ենթարկել և ըսել, որ Սուրբ Հոգին սապէս կը գործէ կամ նապէս չի կրնար գործել:
Դժբախտաբար, բոլոր դարերու ընթացքին, ու նաեւ ներկայ դարուս դժուարութիւնը այն հաւատացեալներուն հետ է, որոնք կը կարծեն, թէ Սուրբ Հոգին ստացած են, որովհետեւ լեզուներ խօսած են աղօթքի մը ընթացքին: Այս անուշիկ հաւատացեալները չեն կրցած թափանցել Սուրբ Հոգւոյն զօրութեան՚ թէ որքաՙն անկախ է Հոգին, և չի կրնար մարդոց կողմէ կաշկանդուած գործել...: "Հովը ուր որ ուզէ կը փչէ, և անոր ձայնը կը լսես, բայց չես գիտեր ուրկէ կուգայ կամ ուր կերթայ": Հաւատացեալներ երբ վերոյիշեալ համարը կարդան՚ "բայց չես գիտեր" նախադասութիւնը չեն տեսներ: Կրկին, կուզեմ խոնարհաբար ըսել որ «Եՙս ալ չեմ գիտեր»:
Եւ Լուսաւորեցիր Զիս.--
Մարդիկ այսօր ալ շփոթած են կարծելով, թէ լուսաւորուիլը գիտութիւն ամբարել է: Շատ բան գիտնալը լուսաւորուած ըլլալ չէՙ երբէք...: Մարդիկ կրնան ոսկիէ լուսահեղ պալատներու մէջ ապրիլ և ադամանդեայ սալայատակուած գետնի վրայ կոխել. իսկ եթէ Հոգիի լոյսը չունին և բարոյական խաւարի մէջ կ՛ապրին՚ ոսկին և ադամանդը երկաթէ և խճաքարէ տարբերութիւն չեն ունենար: Այս է վիճակը ներկայ քաղաքակրթութեան:
Ունինք գիտական ամենայառաջադէմ ու կատարելագոյն գործիքները --հեռատեսիլը և համակարգիչը (computer): Սակայն ի՞նչ յայտագիրներ և գիտելիքներ կը հրամցուին մեզի: Ունինք ամենարդիական մեքենաներ, և միլիոնաւոր ծառեր կը կացինահարուին ու կ՛իյնան՚ թուղթի գործարաններու անկուշտ որովայնը լեցնելու. սակայն, ի՞նչ կը տպագրուի այդ թուղթերուն վրայ: Սուտեր, որպէս անձի, իշխանութեան կամ ապրանքի փրոփականտի համար: Ծանուցումներ, որպէս խաբէութիւն, կեղծիք և անպատկառութիւններ՚ որպէս արուեստ և մշակոյթ:
Այս պատճառաւ է որ Ս. Շնորհալին կ՛ըսէ. "զիս լուսաւորեցիր": Իր փորձառութեան մէկ նմոյշն է, որ կ՛արձանագրէ հոս: Զի, մի միայն լոյսով է որ մասնագէտներ կը զանազանեն արժէքաւորը անարժէքէն կամ նուազ արժէքաւորէն: Հայ հաւատքի տիտան Շնորհալին կը փափաքի որ իր ազգակիցները հաւաքեն արժէգաւոր գիտութիւնը, հետեւաբար, ան իր ազգը կ՛առաջնորդէ դէպի լոյս, դէպի լոյս ճշմարիտ, և դէպի Աստուածայիՙն Լոյսը:
Մկրտութեամբ Սուրբ Աւազանին.--
Ներկայ դարու հարուստ ճոխութեան մէջ Սուրբ մկրտութեան խորհուրդը փոխակերպուած է ուտելու և խմելու խնճոյքի: Հոգեկան սրբութենէ դարձած է՚ որկորի և ստամոքսի գոհացում: Սխալ չեմ ուզեր հասկցուիլ: Չեմ ուզէր ըսել որ Ս. Մկրութեան արարողութիւնները սուգի վերածուին, այլ ձգտիՙնք որ այդ Աստուածային խորհրդակատարումը չմոռցուի: Վերոյիշեալ երկու պարագաներու ներդաշնակութեան մէջ կը կայանայ ուղիղ գիծը սրբութեան և ուրախութեան:
Մկրտութեան խորհրդակատարումը Յիսուսի Մկրտութեամբ չէՙ սկսուած: Այս խորհուրդը շատ հին է և կարեւոր կրօնքներու մէջ կը գործադրուէր: Մկրտուող անձերը կը հաւատային, որ ջուրը կը մաքրէ զիրենք, կը քաւէ իրենց մեղքերը և յարաբերութեան մէջ կը դնէ զիրենք Աստուածութեան հետ, որուն միջոցաւ կ՛արժանանան յաւիտենական կեանքին: Աւազանի ջուրին մէջ դաղուիլ և դուրս ելլելը նշան էր երկրորդ ծննդեան և յարութեան:
Այս չի նշանակեր թէ Յիսուս հին կրօնքներու մէկ խորհուրդն է որ առաւ և իւրացնելով սրբագործեց կամ Իրը ըրաւ զայն: Յիսուս ոՙչ թէ հեթանոս կրօնքներու մէկ խորհրդանիշը գործածեց, այլ հեթանոս մոգերն ու բանաստեղծ իմաստասէրները կրցած էին իրենց տրուած աստուածային յայտնատեսութեամբ, աղաւաղեալ կերպով տեսնել աստուածային ճշմարտութ- իւններէն կարգ մը մարգարիտներ, որոնց գլխաւոր յայտնութիւնը Ինքն էր՚ Յիսուս Ճշմարիտ:
Չմոռնանք երբէք, որ այս հեթանոս կարծուած մոգերն էին, որ տեսան Աստուածայայտնութիւնը երկինքի աստղին մէջ ու եկան երկրպագեցին Բեթղեհէմի տան մէջ եղող Մանուկը՚ առանց ոևէ կերպով կասկածելու...: Կ՛ուզեմ շեշտել, թէ հեթանոս կարծուած հաւատքին մէջն ալ կար առաքինութիւն, ճշմարտութիւն և սրբութիւն: Նոյնիսկ Յիսուս զարմանք յայտնեց Հռոմայեցի հարիւրապետին արտայայտած հաւատքին և Իր կնիքը դրաւ՚ ըսելով. «Իսրայէլի մէջ իսկ այսպիսի հաւատք» չէ տեսած:
Մաքրեՙ Զիս Վերստին.--
Ինչպէս յաճախ մեր մարմինները կը լուանք այս մարմնական ապրումի ընթացքին, նոյնը նաեւ պէտք է ըլլայ հոգեկան մաքրութեան ընթացքին: Հաւատացեալներ կան, որ կը կարծէն՚ թէ մէկ անգամ ապաշխարելով ընդմիշտ փրկուած են, ու անկէ ետք մեղք չեն գործեր:
Սբ. Շնորհալին շատ գեղեցիկ կերպով կը գործածէ "վերստին" բառը այս աղօթքին մէջ: Ինչպէս գործաւոր մը կ՛աղտոտի աշխատանքի պահուն, նոյնպէս ալ ապրող անձ մը կը մեղանջէ իր կեանքի ընթացքին յարաբերելով իր նմաններուն հետ: Շատ մը ճգնաւորներ հեռացան մարդկային ընկերութենէն, որպէսզի չմեղանչեն: Սակայն անապատին ու առանձնութեան մէջ ալ մեղանչեցին իրենց մտքովն ու ցանկութիւններովը: Ապրող մը միշտ ենթակայ է մեղանչումի:
Հաւատացեալին պարտականութիւնն է, ոչ թէ աշխարհէն քաշուիլ, որ չմեղանչէ, այլ՚ խնդրել Աստուծմէ զօրութիւն՚ յաղթելու համար փորձութեան: Եթէ պարտուի և մեղանչէ, ունի Միջնորդ և Բարեխօս Յիսուս Տէրը, որ պատրաստ է զինք "վերստին" մաքրելու:
Աստուածային Հրով Քու.--
Անապատի լեռան բարձր լանջքին, երբ Մովսէս մարգարէն տեսաւ այրող մորենին, զարմացաւ որ այդ թուփը չէր սպառեր: Այդ մորենիին չսպառիՙլն էր որ զինք առաջնորդեց Աստուծոյ ներկայութեան:
Յովհաննէս Առաքեալ իր խոր ծերութեան, գրիչ կը շարժէ բացատրելու համար զԱստուած և կ՛ըսէ. «Զի օրէնքն ի ձեռն Մովսէսի տուան, շնորհքն և ճշմարտութիւն ի ձեռն Յիսուս Քրիստոսի եղեն»--Յով. Ա.17: Յիսուս Քրիստոսով յայտնուած Աստուածային կրակը, կործանելու կամ այրելու նպատակաւ չեկաւ առաքեալներուն և աշակերտներուն վրայ, այլ՚ զանոնք սրբացնելու, խանդավառելու ու զօրացնելու համար: Շնորհքի դարը՚ որուն բացումը ըրաւ Յիսուս, եկաւ միանգամըդմիշտ աւետելու Աստուծոյ սէրը՚ թէ Աստուած մաշող և սպառող կրակ չէՙ, այլ հոգին լուսաւորող, զօրացնող, խանդավառող և մաքրող լուսեղէն Ոյժ մը և Զօրութիւն մը, որ ենթական կը փոխակերպէ լաւատես և անպարտելի հաւատացեալի:
Որպէս Հրեղէն Լեզուօք Սուրբ Զառաքեալսն.--
Ինչպէս այրող մորենին չէր սպառեր, նոյնպէս պէտք է իւրաքանչիւր հաւատացեալի լեզուն՚ դպչելով այդ կրակին, դառնայ շնորհալի կարեկից և գթասէր: Չքարոզենք թժոխք ու դատապարտութիւնը այլ քարոզենք Աստուածային սէրն ու նուիրումը: Փոխանակ վկայութիւն տալու Մովսէսի վրեժխնդիր և նախանցոտ Աստուծոյն մասին, երգենք և փառաբանենք Անառակ Որդւոյն Հայր Աստուածութիւնը: Փոխանակ աւետարանելու վախի և սարսափի Աստուածը, վկայեՙնք որ այդ կրակէ լեզուն գթութեամբ և սիրով հրապուրէ մեզ ալ: Յիսուս Քրիստոս վայեր չկարդաց Մարիամ Մագթաղենացիին, այլ՚ զայն փոխակերպեց սրբութեան և նուիրումի: Հրեղէն լեզուն չիՙ սպառիր, այլ կապրիՙ, չկորսնցներ՚ այլ կապրեցնէՙ: Յիսուս եկաւ աշխարհ, որ մարդիկ կեանք ունենան, և առաւեՙլ կեանք, ի փառս Երկնաւորին, Բարձրեալին և Ամէնակարողին:
6--Անեղ բնութիւն, մեղայ քեզ մտօք իմովք, հոգւով և մարմնով իմով. միՙ յիշեր զմեղս իմ զառաջինս վասն անուանդ քում սրբոյ. և ողորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս:
Անեղ Բնութիւն.--
Այսինքն, Էութիւն մը կամ բնութիւն մը, որուն գոյութեան դրդապատճառ մը չէ եղած: Ինքն է Իր գոյութեան նախապատճառը և ամբողջ այս տեսանելի և աներեւոյթ տիեզերքին:
Մեղաՙյ Քեզ.--
Ի՜նչ համարձակութիւն կամ առանձնաշնորհում, որ մարդ արարած կարելիութիւնը կ՛ունենայ յարաբերելու այսպիսի Անեղ Բնութեան մը հետ: Այս Հեղինակը՚ Սկզբնապատճառը, բոլոր Իրմով յառաջ եկած գոյացութիւններուն, կարեւորութիւն կ՛ընծայէ մարդ արարածին՚ որ Իրեն հետ հաղորդուի և յարաբերի: Երբ Ս. Ներսէս Շնորհալին կը ներկայանայ այս Անեղ Բնութեան՚ Աստուածային կրակին, Ան զինք չ՛սպաններ, այլ՚ Հայոց Ս. Շնորհալիին առաջին խօսքը կ՛ըլլայ. «Մեղաՙյ Քեզ»:-
Երբ մարդ էակ դէմ հանդիման գայ Սուրբ Սկզբնապատճառին, այսինքն Անեղ Բնութեան՚ Աստուածային լոյսին, ան չ՛սպառիր, այլ՚ առաւեՙլ կենդանացած կը գտնէ ինզինք: Այդ լուսեղէն և հրեղէն Ներկայութեան առջեւ՚ մենք, մարդ արարածներ, պիտի ըլլանք թափանցիկ, ու ոչ մէկ գաղտնիք պիտի կրնանք պահել Աստուծմէ: Հետեւաբար մեր առաջին բացականչութիւնը պիտի ըլլայ նման Ս. Ներսէս Շնորհալիի. "մեղաՙյ Քեզ": Այդ անչափելի սուրբ Ներկայութեան միայն պիտի տեսնենք մեր թերութիւնները և ողբերգականութիւնը:
Մենք միայն մեր կարողութիւնը և մեր անձնաւորութիւնը պէտք չէ տեսնենք, այլ նաեւ Անեղ Բնութեան՚ Հաՙյր Երկնաւորին սէրն ու ներումը հանդէպ բոլոր մարդկութեան: "մեղայ" բառը պիտի ելլէ մեր բերանէն ոչ թէ որպէս յուսահատութիւն, այլ որպէս հաւատք և յոյս այն Աստուծոյն հանդէպ, որ Իր սիրոյն զօրոյթին համար, պիտի ներէ և մեզի պիտի շնորհէ յաւիտենական կեանք:
Մտօք Իմովք.--
Մարդուն միտքը այն ծածուկ քարայրն է ուր ան կը պահէ իր գաղտնիքները: Միտքը՚ խորհրդարանն է մարդուն. այնտեղ գաղտնի և թագուն հարցեր կը կշռուին ու եզրակացութեան կը յանգին, ըլլայ անոնք բարի կամ չար: Ճակատամարտի դատրոնն է մարդ արարածին ուր որոշումներ կ՛առնէ անձը ընելու բարին կամ չարը, ուղիղը կամ սխալը: Երբ մարդ Անեղ Էութեան լոյսին ենթարկուի, չի կրնար ծածուկ պահել իր միտքը: Աստուածային լոյսը կը թափանցէ նոյնիսկ այդ քարայրէն ներս ու խորհրդարանի ծածուկ և թագուն հարցերը հրապարակ կը հանէ: Ի՞նչ կրնայ ընել մարդ այնուհետեւ, եթէ ոչ ապաւինիլ Աստուծոյ բարի շնորհքին և աղաղակել հաւատքով և ըսել. «Տէՙր, յիշէ զիս երբ քու թագաւորութեամբդ գաս:» Ինչպէս աղաղակեց գիտակցութեան և հաւատքի եկած աւազակը խաչին վրայ:
Հոգւով եւ Մարմնով Իմով.--
Մարդ կը մեղանչէ թէՙ հոգիով և թէՙ մարմինով: Հոգիով կը ցանկայ, իսկ մարմինով իր ցանկացածը կ՛իրագործէ: Կամ հոգիով կը ճակատամարտի, կը յաղթէ իր կրքոտ ցանկութիւններուն ու մարմինին չ՛արտօներ՚ որ սխալը գործադրէ:
Ինչպէս տիեզերքի մէջ բոլոր գոյ եղած բաները շարժման մէջ են ու կայուն բան չկայ, նոյնն է նաեւ մարդկային ապրումը: Միտքը և մարմինը շարունակ շարժման մէջ են թէՙ իրարու հետ, և թէՙ տիեզերքի նիւթական և ոգեկան քաշողական զօրութիւններու հետ:
Մարդու զգայարանքները, ոգեկան բոլոր ձգտումները և գիտակցութիւնը շարժման մէջ են կատարելու հրամանը՚ որ պիտի տրուի մարդու խղճմտանքէն: Մարդու խղճմտանքի այս խորհրդարանն է, զոր Աստուած կ՛ուզէ բարեկարգել, որպէսզի մարդ արարած մօտենայ Իրեն և դառնայ նման իր Արարչին:
Միՙ Յիշեր Զմեղս Իմ Զառաջինս Վասն Անուանդ Քում Սրբոյ.--
Հաւատքի ի՜նչ խորութիւն և վստահութիւն կ՛արտայայտէ Շնորհալին այս տողերուն մէջ: Խանդավառուած աստուածային սէրէն և վստահելով Անոր սրբութեան, ներում կը խնդրէ: Ներում մը, որուն մէջ Շնորհալին կը փափաքի որ ջնջուին իր մեղքերը և այլեւս չյիշուին յաւիտեան: Սուրբ Ներսէս Շնորհալիին ըրածը ոչ թէ ոտնձգութիւն մըն է Աստուծոյ գործելակերպին, այլ Աստուածային սէրէն յափշտակուած ու հաւատքի բացարձակ վստահութեամբ՚ իր խնդրանքը կը ներկայացնէ Տէր Աստուծոյ:
7.--Տեսող ամենայնի, մեղայ քեզ խորհըրդով բանիւ և գործով. ջնջեա զձեռագիր յանցանաց իմոց, և գրեա զանուն իմ ի դպրութեան կենաց. և ողորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս:
Տեսող Ամենայնի.--
Հանդիպա՞ծ էք արդեօք բանտին մէջ դատապարտեալի մը՚ որ կ՛ըսէ. «ես չէի ոճիր գործողը, գիտեմ ով գործած է ոճիրը, սակայն փաստ չունիմ»: "Գիտեմ, բայց չեմ կրնար փաստել": Դատաւորներ, որովհետեւ ամենատես չեն, փաստիՙ վրայ կը շարժին, և ապացոյցիՙ վրայ վճիռ կ՛արձակեն: Այս անմեղ դատապարտեալը որքա՜ն պիտի ուրախանար եթէ իր դատաւորը ամենատես եղած ըլլար: Այսպէս նաեւ, Աստուած "Տեսող Ամենայնի"ն մէՙկ անմեղ հոգին պիտի չդատապարտէ երբեք:
Կարգ մը ազգային դէմքեր, որոնք իրենց երիտասարդութեան ճոխ շրջանին, ազգին բոլոր հոգերը տարած են ու շատերու օգնած, երբ կորսնցնեն իրենց փարթամ դիրքը՚ տասնեակ մը տարիներ վերջ, ազգը կը մոռնայ նոյնիսկ այս բարերար և բարեգործ անձերու գոյութիւնն իսկ: Այսպէս չէ սակայն Ամենատես Աստուծոյ յարաբերոութիւնը մարդոց հետ: Ինչպէս առածը կ՛ըսէ՚ "Հացը կտրէ ծովը ձգէ, եթէ ձուկը չտեսնէ, Աստուած կը տեսնէ": Ի՜նչ քաջալերական է գիտնալ, թէ Աստուած, որուն կը հաւատանք և կապաւինինք, Ամենատեՙս Աստուած է, ամէն բան գիտէ և կը տեսնէ յառաջագոյնս:
Մեղայ Քեզ Խորհրդով.--
Որովհետեւ մենք մարդ ենք ու ոչ Աստուած, յաճախ կը սխալինք մեր խորհուրդներուն մէջ: Մեր դատողութիւնը մեզ սխալ համոզումներու կրնայ առաջնորդել, որովհետեւ շուտ կը դատենք, շուտ կը բորբոքինք և շուտ ալ վճիռ կ՛արձակենք:
Բանիւ եւ Գործով.--
Խօսելով վճիռ կ՛արձակենք, և որքա՜ն կը սիրենք ուրիշը նուաստացնել և զրպարտել, կարելի՞ է չարախօսել առանց մեր լեզուն շարժելու:
Միտքով կը խորհինք, սխալ դատողութեամբ կը սայթաքինք, բերնով կը մրոտենք մեր հակառակորդը և երբեմն ալ գործքով զինք կործանելու կ՛աշխատինք, ըլլայ բարոյապէս կամ նիւթապէս: Այս բաները կը պատահին շարունակ մարդկային ընկերութեան մէջ: Օրինակ, մեր գաղութի ընկերային կազմակերպութիւններուն և եկեղեցիներուն մէջ, կամ շուկայի մէջ, ուր վաճառականներ, ագահութեան և ընչաքաղցութեան համար, միթէ իրենց դրացի և բարեկամ արհեստակիցները չե՞ն քանդեր ու չե՞ն կործաներ:
Ջնջեՙ Զձեռագիր Յանցանաց Իմոց.--
Թէեւ չարերը և մեղաւորները, համեմատաբար ապաշխարողներէն աւելի են թիւով, սակայն միշտ գոյութիւն ունեցած են, բայց պիտի ջնջուին: Սակայն պզտիկ կորիզը, որ պիտի հաւատայ և ապաւինի սիրոՙյ Աստուծոյ ողորմութեան և Անոր ներումին, յաւերժօրէն պիտի գոյատեւէ: Այս փոքրիկ կորիզը անարգել և աներկիւղ պիտի խնդրէ Հայր Երկնաւորէն, որ ջնջուին իՙր ալ մեղքերն ու յանցանքները:
Մեղաւորի մը ապաշխարանքի աղերսանքը առ Աստուած, գրաւականն է իր հաւատքին, անձնուրացութեան և վստահութեան հանդէպ Աստուծոյ: Աստուած ամէն մարդ նոյն ջուրով չի լուար և ոչ ալ իւրաքանչիւր մարդը հաւասարապէս մեղաւոր կը ճանչնայ: Աստուծոյ համար իւրաքանչիւր մարդ եզակի անձնաւորութիւն մըն է: Հետեւաբար, իւրաքանչիւր անհատին սխալները զատ զատ արձանագրուած են: Որովհետեւ գործուած արարքը չէՙ մեղքը, այլ այդ գործադրութեան ետեւը եղող շարժառիթը և դրդապատճառը:
Եւ Գրեա Զանուն իմ Ի Դպրութեան Կենաց.--
"Գրէ իմ անունս" ոչ թէ հրաման մըն է արարածէ մը առ Արարիչը, այլ նախասահմանութեան (predestination) գաղափարին դէմ անկեղծ վստահութիւն: Կարգ մը աստուածաբաններ այնպէս կը հաւատան և կ՛ուզեն հաւատացնել, որ մարդուս փրկութիւնն ու կորուստը, չծնած արդէն իսկ ճակատագրուած է: Ս. Շնորհալին այնքան մօտէն ճանչցած էր զԱստուած, որ չէր կրնար մարդկային նախասահմանութեան հաւատալ: Ան կը հաւատար Աստուծոյ անսահման սիրոյն և վստահ էր, որ ոևէ մեղաւոր երբ անսաՙյ Աստուծոյ և ներում խնդրէ իր յանցանքներուն համար, Ան թէՙ կը ներէ և թէՙ զինք կ՛ընդունի Իր յաւիտենական թագաւորութեան մէջ:
8.--Քննող գաղտնեաց, մեղայ քեզ կամաւ և ակամայ, գիտութեամբ և անգիտութեամբ, թողութիւն շնորհեա մեղաւորիս, զի ի ծննդենէ սուրբ աւազանին մինչեւ ցայսօր մեղուցեալ եմ առաջի Աստուածութեանդ քո զգայարանօք իմովք, և ամենայն անդամօք մարմնոյս. և ողորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս:
Քննող Գաղտնեաց.--
Աստուած ոչ թէ կը քննէ մեր գաղտնիքները՚ այլ գիտէ և կը տեսնէ մեր խորհուրդները: Կը նմանի գործարանատէրի մը, որ կոճակ մը դարձնելով իր գրասենեակէն, կրնայ տեսնել իւրաքանչիւր գործաւորին աշխատելու ձեւը, առանց որ գործաւորը տեղեակ ըլլայ թէ ինք տեսանելի է իր տիրոջը:
Աստուծոյ նախագիտութիւնը և նախատեսելու այս կարողութիւնը մեր կեանքէն ներս ոտնձգութիւն մը չէ, այլ առաւելութիւն մըն է մեզի համար: Աստուած տեսնելով մեր ընթացքը, կանխաւ կրնայ մեզ զգուշացնել գալիք չարիքէն և փորձանքէն: Աստուածային այս ամէնատեսութիւնը բարիի տեսանկիւնէն դիտելով, մարդ արարած կարգ մը մեղքերէ կը զգուշանայ: Օրինակ. մարդ բարկութեան մէկ պահու մը, կ՛ըսէ. «Ես զինք պիտի սպաննեմ» կամ «ես քեզ կ՛ատեմ», կամ «կորսուէ այստեղէն»: Այս բոլոր ժխտական արտայայտութիւնները մարդ կը գործէ, ոչ թէ կամաւ, այլ ակամայ, բարկութեան մը րոպէին: Դիմացինը շատ դիւրաւ կրնայ վշտանալ ու քէն պահել՚ եթէ իսկապէս պատճառ մը կը փնտռէր իր յարաբերութիւնը խզելու այս բարկացոտ անձէն:
Բազմաթիւ անգամներ շատ գեղեցիկ և մտերիմ յարաբերութիւններ և բարեկամութիւններ, նոյն իսկ ամուսնութիւններ, կործանած են այսպիսի րոպէական բորբոքումով: Սակայն գաղտնիքները և շարժառիթները քննող Աստուած, կրնայ տեսնել՚ որ այդ մեր բերնէն ելած ժխտական և ամօթալի խօսքերը ակամայ պոռթկումներն են մեր մարդկային տկարութեան պատճա- ռաւ: Մեր բերնէն ելած կարգ մը բառերը յաճախ իրենց բուն իմաստովը չէՙ որ կը կրկնենք կամ կը գործածենք:
Երբեմն, մեր սիրած անձին հոգիս կըսենք, մեզի կը պատասխանէ ըսելով՚ "հոգիդ ելլէ" որովհետեւ լաւ գիտէ որ այդ "հոգի" բառին ետեւ սիրոյ և անձնուրացութեան հոգի չկայ:
Մարդկային յարաբերութիւնները միայն խօսքով չեն, այլ գաղափարներով, զգացումներով ու գործքոՙվ է որ կը մշակուին: Բառերը պարզապէս միջոց եղած են պարզաբանելու մարդկային այս յարաբերութիւնները: Միթէ անասունները իրենց յարաբերութիւնները բառերո՞վ կ՛արտայայտեն: Սոյն պատճառաւ, մեր Տէրը Յիսուս պատուիրեց ըսելով. «Իսկ դուն երբ աղօթք ընես, մտիր քու ներքին սենեակդ ու դուռդ գոցէ, և աղօթք ըրէ քու Հօրդ՚ որ գաղտուկը կը տեսնէ, քեզի յայտնապէս հատուցում պիտի ընէ»--Մատ. Զ.6:
Աստուած մեր գործերուն շարժառիթը կը տեսնէ, մեր յայտնի խորհուրդներուն իրականութեան և իսկութեան կը թափանցէ: Եւ կանխաւ կը ճանչնայ որ մեր խօսքերուն ո՞ր մասը դրական և որ մասը՚ ժխտական է: Այս հիման վրայ է որ Աստուած մտիկ կ՛ընէ նաեւ մեր խոստովանութիւնները և աղօթքները: Եթէ երբեմն փորձած ենք կեղծել մենք զմեզ՚ մեր շուրջիններուն առջեւ, չփորձեՙնք նոյնը ընել Աստուծոյ, որովհետեւ Ան "քննոՙղն է գաղտնեաց":
Մեղայ Քեզ.--
Մարդ իր բոլոր մեղքերուն ներումը Աստուծմէ կը խնդրէ, ըսելով. "մեղայ Քեզ" Հաՙյր Երկնաւոր": Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ մարդկային բոլոր մեղանչումները Աստուծոՙյ դէմ է որ կը գործուին: Ի՞նչպէս:
Երբ մէկու մը կը հայհոյէս, հայհոյած կ՛ըլլաս Աստուծոյ, որովհետեւ այդ անձը իր Արարչին կերպարը և դրոշմը կը կրէ: Երբ անձ մը սպաննես, մարմնապէս կամ բարոյապէս, զարկած և հարուածած կըլլաս Աստուածդ, որովհետեւ այդ մեռնող անձը ձեռակեՙրտն է և պատկերը կը կրէ Արարիչ Աստուծոյ: Իսկ եթէ դուն քեՙզ ալ սխալ արարքի ենթարկես, դարձեալ մեղանչած կ՛ըլլաս Աստուծոյ դէմ, որովհետեւ դուն իՙնքդ ալ Աստուծոյ նմանութիւնը ունիս, Աստուծոյ աւանդը կը սեպուիս: Միթէ չէ՞ գրուած՚ որ ձեր մարմինները Աստուծոյ տաճար է: «Չէ՞ք գիտեր որ ձեր մարմինները տաճար են Սուրբ Հոգիին որ ձեր մէջ է»--Ա Կոր. Զ.19: «Չէք գիտեր որ Աստուծոյ տաճար էք դուք, և Աստուծոյ Հոգին ձեր մէջ բնակած է»--Ա Կորն. Գ.16:
Կամաւ եւ Ակամայ.--
Մարդկային մեղանջումներուն գրեթէ բոլորը ակամայ են: Մարդ արարածը այնքան դիւրաբեկ է աստուածային պատուիրաններուն դիմաց, որ աջ դառնայ կամ ձախ՚ միշտ կը սայթաքի և կը մեղանչէ: Մարդ-արարածը տիեզերքի պատմութեան մէջ տակաւին մանուկ մըն է: Իր ձայնը բարձր է և խրոխտ որպէս երախայ: Թերեւս միտքն ալ քիչ մը աճած է, սակայն իր զգացումները ներդաշնակող, իր մտածումները համակարգող միտքն ու կամքը, թերի են ու երախայական: Մարդկային այս ապրումները մաքրելու և բիւրեղացնելու համար եկաւ Յիսուս մարդաշխարհ: Որովհետեւ զգացումը բառերով չի բացատրուիր: Յիսուս գիր և գրականութիւն չթողուց Իր ետին, այլ կեանք մը, ապրոՙւմ մը ու նուիրում մը ցմահ:
Ներդաշնակելու համար մեր զգացումները, և իմանալու Աստուծոյ մեզի տուած խղճին ձայնը, ուսումնասիրելու ենք կեանքը Յիսուսի, զոր արձանագրած են չորս անմահ Աւետարանիչները իրենց երեք տարիներու աշակերտութեան շրջանին, որ ապրեցան Յիսուս Քրիստոսի ընկերակցութեան մէջ, ականատես ըլլալով Տիրոջ կեանքի բոլոր հանգրուաններուն: Յիսուս, Իր Մարդեղութեան վերջաւորութեան կնքեց Իր վկայութիւնը, մարդ-արարածին նկատմամբ, երբ արտասանեց ու խնդրեց Իր Հօրմէն, ըսելով. «Հաՙյր թողութիւն տուր ատոնց, վասնզի չեն գիտեր թէ ինչ կ՛ընէն»--Ղուկ ԻԳ.34: Խաչելութեան սոյն հանգրուանին յայտնուեցաւ ճշմարիտ բարեխօսութիւնը մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի:
Գիտութեամբ եւ Անգիտութեամբ.--
Մարդիկ շատ հպարտ են իրենց ունեցած գիտութեամբ, որովհետեւ իրենց որքան չգիտցած ըլլալը չեն գիտեր: Գիտութիւն ըսուածը սահման չունի՚ որ կարենանք չափել մեր գիտութիւնը և ըսել որ գիտութեան այսչափը գիտեմ:
Ինչպէս տիեզերքը անհուն է ու անսահման, գիտութիւնն ալ նոյնքան անսահման է: Անշուշտ գիտնականներ հպարտ են լուսին երթալով, գունաւոր հեռատեսիլ հնարելով, հեռաձայն և տիեզերանաւեր յօրինելով: Այս բոլորը սակայն, գիտութեան միայն մակերեսը շօշափել է: Ո՞ր գիտնականը կամ մասնագէտը կրցած է կովուն կերած խոտը ստեղծել՚ որ իր հունտին միջոցաւ բազմանայ: Ես չեմ արհամարհեր մարդկային գիտութիւնը կամ հանճարը ոչ երբեք. այլ կ՛ուզեմ ըլլալ իրատես, թէ մարդ որքա՜ն ճամբայ ունի քալելիք՚ որ հասնի իրաւ գիտութեան:
Սոյն պատճառաւ, մեր մեղանջումներն ալ ոչ թէ գիտութեամբ կ՛ըլլան՚ այլ անգիտութեամբ, որովհետեւ ընդհանուր տիեզերքին մէջ, մենք մանուկ ենք ու երախայ տակաւին: Ուստի, որովհետեւ մանուկ, կարօտ ենք Արարիչ Աստոծոյն թողութեան:
Զի Ի Ծննդենէ Սուրբ Աւազանին Մինչեւ Ցայսօր Մեղուցեալ Եմ Առաջի Աստուածութեանդ Քո.--
Թէեւ Սբ. Աւազանի Մկրտութիւնը իր իմաստն ու խորհուրդը կորսնցուցած է այսօր, սակայն անցեալին մէջ շատ մեծ կարեւորութիւն կը տրուէր Մկրտութեան:
Երկրորդ դարուն, ըստ Ս. Յուստինոսի տեղեկատուութեան, մկրտուող ենթական նախ ծոմապահութեան շրջան մը աւարտելէ յետոյ կը մկրտուէր որպէս վերստին ծնեալ մը, դէպի նոր և սուրբ կեանք: Ստանալով իմացական լուսաւորում սոյն մկրտութեան խորհրդակատարումէն: Հիւսիսային Ափրիկէ, ուր Տէրտիւղիանոս եպիսկոպոսը կը գործէր, մկրտութեան արարողութիւնը շատ աւելի խորհրդանշական կըլլար և ծիսակատարութիւնը բարդ ու պաշտօնական:
Նախ ծոմապահութիւն և խոստովանանք, որմէ յետոյ թեկնածուն հրապարակաւ կ՛ուրանար Սատանան և կը դաւանէր Առաքելական Հաւատամքը: Որմէ յետոյ մկրտութեան ջուրը կ՛օրհնուէր սրբագործելու նկատմամբ և նորահաւատ ենթական երեք անգամ կը մխրճուէր ջուր, Երրորդութեան իւրաքանչիւր անուան հետեւողութեան համեմատ: Երբ ջուրէն կ՛ելլէր, օծում տեղի կ՛ունենար և ձեռնադրութիւն: Մկրտութեան խորհրդակատարումը վերջ կը գտնէր երբ սկսնակ հաւատացեալը կ՛ըմպէր խառնուած կաթ և մեղր: Մեծ իմաստ կը տրուէր մկրտութեան, որպէս Աստուածային ներգործում մը մարդու հոգիէն ներս:
Զգայարանօք Իմովք՚ Եւ Ամենայն Անդամօք Մարմնոյս.--
Եթէ մարդ արարածը ճշգրտօրէն բնորոշել կ՛ուզէ մէկը, կրնայ զինք կոչել զգայարանքներու համալիր մը: Ինչպէս որդերն ու միջատները ցոլանալով՚ (reflex)-ով կ՛ապրին և կը շարժին, մարդ եւս իր զգայարանք- ներովը կ՛ապրի և կը շարժի:
Մարդ արարածին խորհուրդը ինչ որ հրամայէ զգայարանքներուն, մարդ այդ կը կատարէ: Երկրորդ, իր զգայարանքները ինչ որ պահանջէն, միտքը այդ հրամանը կ՛արձակէ: Այնպիսի բարդ կազմած մընէ մարդ-արարածը, որ շատ դժուար է վերջնական վերլուծում մը յայտնել: Սակայն նորէն կը ջանանք վերլուծել որ մեր միտքը հաճեցնենք:
Մարդու մտքին և զգայարանքներուն վրայ կայ նաեւ աւելի բարձր իշխանութիւն մը, որ կը կոչենք բանականութիւն, խելք կամ տրամաբանութիւն: Որովհետեւ ամէն անձի նոյն չափով չէ տրուած բանականութիւն, խելք և տրամաբանութիւն: Մարդիկ զիրար չեն հասկնար և երբեմն ալ հասկնալ չեն ուզեր: Այս անհաւասար մտածողական և բանականութեան պատճառաւ, շատ մը լեզուներու մէջ կ՛ըսենք, "դուն խելք չունիս": Ընթերցողներէն շատեր, գուցէ ինծի դէմ բողոքէն՚ ըսելով, թէ ամէն մարդու խելքը հաւասար է իրարու:
Միթէ, ամէն անձ, արական կամ իգական, ունի՞ գեղեցիկ ձայն: Ոչ: Միթէ աշխարհի բոլոր ծնունդները գեղեցի՞կ են դէմքով կամ մարմինով: Ոչ: Նոյնպէս է նաեւ բոլոր ծնած անձերը իրենց խելքովը:
Նոյնիսկ Յիսուս շեշտեց այս հարցը տաղանդներու առակին մէջ, ըսելով որ մեկուն տուաւ տասը տաղանդ, ուրիշին հինգ, երրորդի մը երկու տաղանդ, և մեկու մըն ալ մէկ տաղանդ:
Մարդ-արարածին ստացած անհաւասար կարողութիւններուն պատճառաւ, Յիսուս խաչին վրայ ներեց իր հալածիչները ու Հօրմէն ներում խնդրեց անոնց յանձանաց, ըսելով. "չեն գիտեր ինչ կ՛ընեն", հոգ չէ թէ մտաւորական և քահանայական կարգին կը պատկանին:
Իմ համեստ կարծիքով, մարդ-արարածին զգայարանքներուն վրայ խելքէ աւելի բարձր իշխանութիւն մը եւս կայ, որ կը կոչուի Աստուածայայտնութիւն կամ Աստուածա-լուսաւորում: Աստուած երբ Իր Հոգիով լուսաւորէ անձ մը, ենթական այլեւս իՙնք պիտի որոշէ իր ազատ կամքով ընտրել բարին կամ չարը: Մի կարծէք որ Աստուած կը լուսաւորէ միայն արդարներուն միտքը կամ խորհուրդը: Աստուծոյ Հոգին կ՛իջնէ երկինքէն, որպէս մանանայ և բոլոր անոնք որոնք լուսաւորուիլ կը կամին՚ այդ լոյսը իրենց մատջելի կը դառնայ, ըլլան անոնք բարի կամ չար: Աստուած Իր արեւ լոյսը կը ծագէ թէՙ բարիներուն և թէՙ չարերուն վրայ, ըսաւ մեր Տէրը Յիսուս:
Դատաստանին օրը չարերը պիտի կորսուին, ոչ թէ Աստուած զանոնք պիտի պատժէ, այլ որովհետեւ չարերը մերժած էին յաւիտենական կեանքը, իրենց ազատ կամքով, այսինքն չարերը իրե՛նք զիրենք կորսնցուցած պիտի ըլլան: Ուստի, "հոն պիտի ըլլայ լալ և ակռաներ կրճտել":
Զգայարանքներէն և մարդկային զգացումներէ յետոյ, կուգանք մարմնի միւս անդամներուն: Քրիստոնէական սկիզբնական դարերուն, աղանդներ երեւան եկան, որոնք կ՛ուրանային մարմնական մեղքերը որպէս Աստուծոյ դէմ մեղանչում: Իրենց տրամաբանութեամբ կը խորհէին, թէ որքան ժամանակ մեղանչումը հոգեկան չէ, ուստի այդ մեղանչումը, Աստուծոյ դէմ չկրնար սեպուիլ: Մարմինով գործուած սխալ մը հանդուժէլի է, որովհետեւ մարմինը բնական կերպով կը մեղանչէ, կամ հակամէտ է մեղանչելու, որովհետեւ մարմինը աստուածային չէ: Մարդկային հոգին է, որ պէտք չէ մեղանչէ:
Այս վարդապետական տրամաբանութեան պատճառաւ Մանիքէցի (Manicheam) Օգոստինոս կը պահէր սիրուհի հարճ մը, որմէ նաեւ ունեցաւ մանչ զաւակ մը: Օգոստինոս՚ առանց խղճահարութեան և ամօթի զգացումին, պաշտօնապէս կը կենակցէր այս կնոջ հետ: Իսկ երբ այս հռետոր և իմաստասէր անձը դարձաւ Սոՙւրբ Օգոստինոս և աստուածային լոյսը փայլատակեց իր գիտակցութեան ներաշխարհը, աՙյն ժամանակ Օոգոստինոս սկսաւ տեսնել դէպքերը տարբեր իմաստով և կեդրոնացումով: Մարմինի և հոգիի տարբերութիւնը վերացաւ, երբ հարցը եղաւ մարդկային գործադրութեան և մեղանչումին նկատմամբ: Օգոստինոս երբ կը կարդար Պօղոս Առաքեալի պատուէրները, ուր ան կը գրէ. «Վասնզի պէտք է որ ամէնքս ալ Քրիստոսի ատեանին առջեւ ներկայանանք, որպէսզի ամէն մէկը իր մարմինով ըրածներուն փոխարէնը առնէ՚ ինչ որ գործեր է, թէ բարի և թէՙ չար»--Բ Կորն. Ե.10:
Մարդ միայն իր լեզուով և ձեռքով չէ որ կը մեղանչէ: Մենք երբեմն կը մեղանչենք մեր աչքերով: Կամ չար աչքով և կամ շնացող աչքերով: Կը մեղանչենք մեր ձեռքերով՚ գրելով սուտ զրպարտութիւններ հանդէպ մեր մրցակիցներուն: Կամ մահու հարուած մը տալով մեր ձեռքով: Մեր ոտքերով կը մեղանչենք երբ մեր ամբողջ մարմինը կ՛առաջնորդենք անվայել միջավայրեր: Մեր ամենանուիրական և սուրբ անդամներով կրնանք փորձուիլ և գործել ամենաամօթալի մեղքերը՚ տուժելով երբեմն, այդ մեղքերուն հետեւանքը, մինչեւ մահ:
Հայրանման Շնորհալին մեզ կը սթափեցնէ սոյն ամօթալի մեղքերէն և կ՛ուղղէ մեր շրթները ըսելու. «թողութիւն շնորհեաՙ մեղաւորիս»:
9--Ամենախնամ տէր, դիր պահապան աչաց իմոց զերկիւղ քո սուրբ ոՙչ եւս հայիլ յայրատ, և ականջաց իմոց՚ ոՙչ ախորժել լսել զբանս չարութեան, և բերանոյ իմոյ՚ ոՙչ խօսել զստութիւն, և սրտի իմոյ՚ ոՙչ խորհել զչարութիւն, և ձեռաց իմոց՚ ոՙչ գործել զանիրաւութիւն, և ոտից իմոց՚ ոՙչ գնալ ի ճանապարհս անօրէնութեան, այլ ուղղեա զշարժումն սոցա լինել միշտ ըստ պատուիրանաց քոց յամենայնի. և ողորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս:
Ամենախնամ Տէր.--
Սուրբ Ներսէս կոչուեցաւ Շնորհալի, որովհետեւ--Ենովք՚ նախա-Նոյ Հայրապետին նման--այնքան մօտէն քալեց Աստուծոյ հետ, որ կրցաւ նկարագրել աստուածային դրոշմը և նկարագիրը: Շնորհալին երբ իր գրիչը շարժելով, զԱստուած ամենախնամ կ՛անուանէ, ասիկա գրական բառ մը և եզր մը աւելցնելու համար չէՙ, այլ՚ վկայութիւն տալու իր տեսածին և ունեցած փորձառութեանը մասին:
Տասնըեօթներորդ դարու կարգ մը Անգլիացի բանգէտներ այնպէս կարծեցին, որ Աստուած Իր արարչագործութեան արդիւնքովը չի զբաղիր: Անոնք զԱստուած նմանցուցին մեքենագործի մը, որ աշխարհը լարած է որպէս ժամացոյց, և թող տուած է որ ան ինքնիրմով և ինքնիրեն աշխատի, առանց որ Ինք զբաղի անով այլեւս, որովհետեւ մարդ արարածին տուած էր տրամաբանութիւն: Այս վարդապետութեան հաւատալիքը այն էր, որ Աստուած այնքաՙն հեռու է Իր ստեղծագործութենէն և գերազանցապէս մեծ (transcen-dant) որ մանրիկ մարդ էակով չուզեր սբաղիլ կամ հետաքրքրուիլ: Այս վարդապետութիւնը կոչուեցաւ "Deism" (Latin deus բառէն): Այս տասնըեօթներորդ դարու ինքնակոչ բանգէտները չէին հաւատար որ մեր Արարիչը աշխարհ կը ղրկէ Իր Բացայայտնութիւնը, օգնելու համար մարդ-արարածներուն, ըլլայ հաւաքաբար՚ որպէս ազգ, կամ անհատաբար՚ որպէս անձ: Աստուծոյ միջամտութիւնը այս աշխարհին մէջ, սահմանած կամ սահմանափակած էին միայն Աստուծոյ կողմէ մարդուն տրուած բանականութեամբ:
Երբ աշխարհաթաւալ անիւը տասնըութերորդ դարը ողջունեց, և մտաւ տասնըիններորդ դար, աստուածաբաններ յոգնած էին Deism-ին պաշտպան կանգնելէ: Ուստի սկսան զգալ և մտածել՚ թէ Աստուած բարի է և չի կրնար անտեսել Իր ստեղծած մարդ արարածը: Որպէս Քրիստոնեայ հաւատացեալներ՚ անոնք դարբնեցին "Theism" (Յուն. Theos, god) բառը: Այս նոր շարժումը, որ հակապատկերն էր նախկին "Deism"-ին, հաւատալով հանդերձ Աստուծոյ մեծութեան, (transcendence)-ին, կը հաւատային նաեւ մեր հայ հաւատքի հերոսին՚ Ս. Ներսէս Շնորհալիի նման, թէ Աստուած որոշ աստիճան մը հասկնալի է բանաւոր մարդ էակին և Իր ամենազօրութեամբ մատջելի է մարդկային փորձառութեան Աստուած կ՛ուզէ մասնակցիլ և օգնել մարդոց ապրելու եղանակին: Ինչպէս մարդկային ընկերութիւնը իր ազդեցութիւնը կը ներգործէ անհատին կենցաղավարութեան, նոյնպէս ալ աստուածային Ներկայութիւնը կամ ընկերակցութիւնը կ՛ազդէ և կը ներշնչէ մարդ անհատին ապրելակերպը կամ կենցաղավարութիւնը:
Դիր պահապան.--
Մեր Տիրոջ՚ Յիսուս Քրիստոսի ձայնակցելով է, որ կ՛աղօթէ Սուրբ Շնորհալին, ըսելով. «դիր պահապան»: Յիսուս աղօթեց այսպէս. «Չեմ աղաչեր որ զանոնք աշխարհէն վերցնես, այլ որ պահես զանոնք չարէն: Անոնք այս աշխարհէն չեն, ինչպէս ես ալ աշխարհէն չեմ:--Յով. ԺԷ.15: Իսկ Ս. Ներսէս Շնորհալի կը ձայնակցի Անոր՚ ի խնդիր պահապանի: Անշուշտ՚ ոմանք կրնան ասիկա նախաքրիստոնէական կռապաշտութեան (fetishism)ի վերագրել: Չմոռնանք որ նախաքրիստոնէական կրօնքներու մէջ ալ կային ճշմարտութեան մարգարիտներ և արժէքներ: Հայոց թագաւոր Աբգար՚ հազար մղոն հեռուէն հաւատաց Յիսուսի, առանց Զինք տեսած ըլլալու, և պատգամաւորներ ուղարկեց ու հրաւիրեց մեր Տէրը որ երթայ և խաղաղութեամբ ապրի ի Հայաստան աշխարհ: Ներկայ սերունդի տղոց չես կրնար մօտենալ և օգնութիւն մատուցանել, որովհետեւ անմիջապէս քեզի կ՛ըսեն. "ես պիտի ընեմ, քու օգնութիւնդ չեմ ուզեր": Զաւակներ և թոռներ ունեցողներուն ականջը խօսի:
"Դիր պահապան" աղօթողը՚ կը զգայ իր անզօրութիւնը, ոչ թէ իր տկարութիւնը: Գիտակից անձ մը երբ դէմ հանդիման կու գայ այս աշխարհի չարին, ու աստուածայայտնութեամբ կը տեսնէ չարին զօրութիւնը, միայն այն ատեն կը հասկնայ թէ ինք որքան անզօր է մարտնչելու չարին դէմ: Ինչպէս առաքեալը կ՛ըսէ. «Մեր պատերազմը մարմնի և արիւնի հետ չէ, այլ իշխանութիւններուն և պետութիւններուն հետ, այս խաւար աշխարհի տիրակալներուն և երկնքի տակ եղող չար ոգիներուն հետ»--Եփե. Զ.12:
Այս տիեզերական չարութեան դէմ, մարդ պարտ է աղօթել, որ Աստուած Իՙնք օգնական ըլլայ մարդուն, որ ան իր կեանքը ապրի ճշմարտապէս և աստուածահաճոյ եղանակով: Երբ Պէտրոս նաւուն մէջն էր ու տեսաւ իր Տիրոջ քալելը ծովուն ալեացը վրայ, ինք ալ ուզեց քալել նման Յիսուսի: Երբ նաւուն մէջ էր, չկրցաւ տեսնել ալիքներուն ահաւորութիւնը, իսկ երբ նաւէն դուրս ալիքներուն մէջն էր, չկրցաւ տեսնել Յիսուսը և աղաղակեց, «Տէ՜ր, ազատէ զիս»: Նմանապէս, իրազեկ Քրիստոնեան ալ՚ տեսնելով չարին ահաւոր ալիքները, կ՛ըսէ՚ "դիՙր Պահապան":
Աչոց իմոց զերկիւղ քու սուրբ.--
Ս. Շնորհալիի ժամանակաշրջանին, որ 12-րդ դարն է, Եկեղեցին աւելի կարեւորութիւն կ՛ընծայէր Հին Կտակարանին քան թէ Աւետարաններուն: Հետեւաբար, Մովսիսական ըմբռնումով "աստուածային վախը" աւելի արմատացած էր ժողովուրդին սրտին մէջ՚ քան Հայր Աստուծոյ սէրը:
Այստեղ՚ կուզեմ Հին Կտակարանի և Նոր Կտակարանի գիրքերուն վերլուծական կարճ պատմութիւնը ընել:
Մինչեւ երկրորդ դար, Քրիստոնէական Եկեղեցիներու մէջ կարդացուած կամ ճանչցուած Կանոնական Սուրբ Գիրքը, Հին Կտակարանն էր Յունարէնի թարգմանուած, Ք. Ա. 285-280 թուականներուն Աղեքսանդրիոյ մէջ, Պտղոմէոս Փիլատելփոս--Ptolemy Philadelphus-ի օրով: Նոր Կտակարանի Աւետարաններն ու Պօղոս Առաքեալի նամակները կը կարդացուէին Եկեղեցիներէն ներս որպէս յորդորական գրականութիւն կամ քարոզներ: Մեր ճանչցած և ունեցած Նոր Կտակարանը որպէս Կանոնական հաւաքածոյ Եկեղեցիներէն ներս, գոյութիւն չունէր:
Երկրորդ դարուն՚ շատ նշանաւոր Եպիսկոպոս և բարեկարգիչ անձնաւորութիւն մը--որ ծնած էր Պոնտոս, Սեւ Ծովու ափերուն՚ 1ՕՕ Յ. Տ.--եկաւ և հաստատուեցաւ Հռոմ քաղաքը: Այս հռչակաւոր բարեկարգիչին անունը Մարսիոն էր: Մարսիոնի մասին շատ բան չենք գիտեր, որովհետեւ Հռոմի Պատրիարքին հետ թիւրիմացութիւն ունեցաւ եւ Ուղղափառ Եկեղեցի- ներու կողմէ ճանչցուեցաւ որպէս առաջին և գլխաւոր հերետիկոսը:
Դեպէտ կոչուեցաւ աղանդաւոր ու եկեղեցիին կողմէ բանադրուեցաւ, սակայն ունեցաւ իր դրական օգտակարութիւնը Նոր Կտակարանի հաւաքումին և կանոնագրութեան մէջ: Այս ականաւոր եկեղեցականը չկրցաւ հանդուրժել Հին Կտակարանի"նախանձոտ և վրէժխնդիր" Աստուծոյ տեսութիւնը և մերժեց Հին Կտրակարանը որպէս սուրբ գրականութիւն, որովհետեւ Հին Կ.ը չէր հաւասարէր Յիսուս Քրիստոսի յայտնաբանած "Բարեգութ ու Ողորմած" Հայր Աստուծոյ: Մարսիոն կազմեց "Նոր Կտակարան" մը որ կը ներկայացնէր Պօղոս առաքեալի 10 նամակները և Ղուկասու Աւետարանը, որովհետեւ Ղուկաս աւետարանագիր գործակիցն ու ճամբորդակիցն էր Պօղոսի: Այսուհանդերձ Մարսիոնի կը պատկանի պատիւն ու յարգանքը (թէեւ աղանդաւոր կոչուեցաւ) որովհետեւ ան ունեցաւ տեսիլքը Նոր Կտակարանի մը կազմութեան: Որպէս հակազդեցութիւն Մարսիոնի "Նոր Կտակարանին", Ընդհանրական կեղեցիներու մէջ տեսիլք և շարժում տեղի ունեցան Նոր Կտակարանի մը կազմաւորման և կանոնաւորման:
Մարսիոն ջանաց ի յայտ բերել գերազանցութիւնը Յիսուսի Աւետարանին և փաստել, որ Յիսուսի Աւետարաններուն նկարագրած Աստուածը շատ աւելի սիրող և ներող է քան Հին Կտակարանի մարգարէներուն նկարագրած Աստուածը: Մովսէսի Օրէնքը կը պահանջէր "աչքի տեղ աչք և ակռայի տեղ ակռայ":
Դժբախտաբար, կարգ մը Հայրապետներ մոլեռանդութեան դիմեցին և Մարսիոնը բանադրելով Եկեղեցիէն դուրս ըրին: Մարսիոն հիմնեց իր եկեղեցին և սկսաւ ձեւ ու կերպարանք տալ Նոր Կտակարան կոչուած Աւետարաններուն և Առաքեալներու գրած նամակներուն: Մարսիոնի ազդեցութիւնը, Եկեղեցիներու վրայ, երկար դարեր տեւեց: Ուղղափառ կոչուած Եպիսկոպոսներու և Հայրապետներու վայրագ յարձակումն ու հալածանքը Մարսիոնի և իր հետեւորդներուն մօտ, ունեցաւ նաեւ դրական և բեղմնաւոր արդիւնք:
Քրիստոնեայ Եկեղեցիներ, վախնալով որ Մարսիոն պիտի կործանէ իրենց եկեղեցական հիմնարկութիւնը ու օրէնքները, պարտաւորուեցան իրարու հետ սերտ կապ հաստատել և ճանչցուիլ որպէս "Մէկ և Ընդհանրական Եկեղեցի":
Արեւմուտքի մէջ, Լիոն քաղաքի Երանոս (Irenaeus) Եպիսկոպոսը ձեռնարկեց վերակազմելու "Նոր Կտակարանը" աշխատակցութեամբ Արեւելքի մէջ, երկրորդ դարու նշանաւոր աստուածաբան Որոգինեսի հետ: Որոգինես նախ Աղեքսանդրիոյ ճեմարանին աստուածաբանն էր, ու յետոյ Կեսարիոյ դպրեվանքին դասախօս: Այս երկու մեծաւոր ուսունմականներ ու նոր հաստատուած "մէկ և Ընդհանրական Եկեղեցի"-ն հաստատեցին Կանոնական Նոր Կտակարանը այնպէս ինչպէս մենք ունինք ներկայիս, շատ քիչ տարբերութեամբ: Աստուած, որ խաւարէն լոյս ծաթեցուց, ծագեցուց նաեւ Աւետարանին Լոյսը՚ համայն Քրիստոնէական շփոթ և մոլեռանդ հոգիներուն, ձօնելով Սուրբ Աւետարանները, որոնք ի վերջոյ ներշնչեցին Քրիստոնեաները տեսնելու իրենց Տէրն ու Աստուածը որպէս Սիրոյ և ներողամտութեան Աստուածը, այնպէս ինչպէս յայտնաբանած էր Յիսուս Քրիստոս:
Ոչ եւս հայել յայրատ.--
Շնորհալին՚ կարծես մարգարէի հոգիով՚ գրած է վերի այս բառերը, որ ճիշտ այս օրերուս կը պատշաճին: Անցեալները, երբ կը խօսէի բարեկամի մը հետ, հարցուցի՚ թէ ո՞ւր էր իր պաշտօնեան: Ան ըսաւ ինծի, թէ ճամբած է զայն: Իրեն հարցուցի, ինչո՞ւ այդպիսի արժէքաւոր պաշտօնեայ մը կը ճամբես: Պատասխանեց ինծի, թէ իրենց եկող կին յաճախորդները իրմէ չեն ախորժիր, որովհետեւ ան իր աչքերու հայեացքով զանոնք կը մերկացնէ: Ահաւասիկ "հայել յայրատ"ի բացատրութիւնը:
Ականջաց իմոց՚ ոչ ախորժել լսել զբանս չարութեան.
Երբ Տրովաթայ քաղաքին պատերազմը տեղի կ՛ունենար քրիստոսէ մօտ 1,400 տարիներ առաջ՚ Աթէնացիներու յարձակող բանակը ի վերջոյ յուսահատեցաւ, տասը երկար տարիներ կռուելով և կորսնցնելով իր շատ մը քաջերը, մէջն ըլլալով նաեւ Աքիլլէսը: Յունական բանակը մտածեց խորամանկութեամբ գրաւել այս անառիկ բերդաքաղաքը, Տրովաթացիներու պաշտած "Ձին" բերելով պարտուած ռազմադաշտին վրայ:
Այդպէս է նաեւ չարը: Երբ չարին յարձակողականը ապարդիւն կ՛ըլլայ և ան չի կրնար գրաւել մարդաքաղաք էակը, կը դիմէ խորամանկունթեան: Երբ անառիկ դռները չի կրնար խորտակել, խաբէական հրապոյրներով բանալ կուտայ մարդ էակին ականջները. լսելի դարձնելով իր կախարդիչ և խաբուսիկ չար սադրանքները որպէս ճշմարիտ և օգտաբեր երաժշտութիւն: Առանց որ ենթական անդրադառնայ թէ անոր իւրաքանչիւր խօսքը կը պարունակէ խայթիչ թունաւոր օձ և կարիճ:
Դժբախտաբար, այսօրուան կեղծ տեմոքրատի անուան տակ կարգ մը սադայելական կազմակերպութիւններ ամէն կերպ չար, սուտ և լկտի խօսքերով լեցուցած են գրական թերթերն ու հանդէսները, և երաժշտական աշխարհը իրենց ռատիոկայաններով և հեռատեսիլներով:
Մարդկային ականջը այնքան սուտ ու չար իմացած է, որ ճշմարիտը և ուղիղը անհաւատալի և վաղնջական կը թուին այլեւս, մեր նոր սերունդին:
Բերանոյ իմոյ՚ ոչ խօսիլ զստութիւն.--
Ճշմարիտը և իրականը խօսիլ՚ անշուշտ աստուածային պատուէր մըն է, սակայն՚ վերեւ յիշուածը աւելի "սուտ վկայութիւն չտալ"-ն է: Ինչպէս գիտէք, ընտանիքէն ներս, անդամներ երբեմն ինքնապաշտպանութեան համար "ճերմակ" կամ "պզտիկ" սուտեր կը խօսին, որ անշուշտ փափաքելի և ընդունելի չէ. սակայն Ս. Շնորհալիին խոստովանանքը աւելի "սուտ վկայութիւններու կ՛ակնարկէ: Օրինակի համար. գաղութի մը մէջ հարց մը կ՛ըլլայ, կամ ընկերութեան մէջ հարց մը կը ծագի, որ պէտք է լուծուի ազգին բարւօք ընթացքին և մարդկային ընկերութեան բարօրութեան համար: Այսպիսի պարագայի մը մէջ սուտ չխօսիլը՚ կամ ճշմարտութեան համար վկայութիւն տալը մեծ կորով և անձնազոհութիւն կը պահանջէ: Այսօր՚ այս կորովը կը պակսի մարդկային ընկերութեան մէջ՚ ու անոր փոխարէն կայ կաշառքը, փառամոլութիւնը և կեղծաւորութիւնը իրենց կործանարար հետեւանքներով, թէՙ գաղութէն և թէՙ ալ Եկեղեցիներէն ներս:
Սրտի իմոյ՚ ոչ խորհել զչարութիւն.--
Չարութիւն չխորհիլը, պիտի ըսեմ, ամենադժուար արարքն է: Որովհետեւ, անձ մը իր մարմինը դժուար կը զսպէ, իսկ երբ հարցը իր խորհուրդներուն կու գայ՚ կարծես խորհուրդ ըսուածը անզուսպ է՚ նման սնդիկի, որ կը շարժի կամ կը սահի միշտ դէպի վար: Այս պատճառաւ, Յիսուս ըսաւ,
«Երանի սրտով մաքուրներուն, որովհետեւ
անոնք պիտի տեսնեն զԱստուած»:
Սրտի և խորհուրդի մաքրութիւնը և սրբութիւնը, մարդ էակ միայն մէկ միջոցով ձեռք կրնայ ձգել, և այդ՚ աղօթքով կարելի կը դառնայ: Ոչ թէ աղօթել՚ որ Աստուած մեր սիրտն ու խորհուրդը մաքուր պահէ, այլ մեզի ոյժ և կարողութիւն տայ որ մեՙնք մաքուր պահենք մեր խորհուրդները: Աստուած տուները մաքրող նորագաղթ քաղաքացի մը չէ, որ մեր տան գործերը Ինք կատարէ: Մենք, մեր միտքը և խորհուրդները այնպիսի ներդաշնակութեան մէջ պահելու ենք՚ որ սուտ, պիղծ ու չար խորհուրդներ ծնունդ չառնեն: Վերոյիշեալ վատ խորհուրդները կրնան մեր մտքին վերեւ սաւառնիլ և անցնիլ, սակայն պէտք չէ որ անոնք բոյն դնեն և վառեակներ ծնին մեր մտքին մէջ: Մեր խորհուրդներէն ու սրտէն չար մտածումները կ՛անհետանան երբ Աստուած Ինք շարունակ ներկայ է մեՙր հրաւէրով՚ մեր հոգիներէն ներս: Չարը Աստուծոյ ներկայութենէն կը փախչի, ու Աստուծոյ ներկայութիւնը մեզ կ՛ազատէ չար խորհուրդներէ: Անցեալի բոլոր սուրբ և խորհրդապաշտ հաւատացեալները մէկ միջոց գտած էին չար խորհուրդներէ պաշտպանուելու համար, այդ եղած էր աղօթել և Աստուծոյ ներկայութիւնը խնդրել:
Ձեռաց Իմոց՚ ոչ գործել զանիրաւութիւն.--
Եթէ դիտենք կենդանական աշխարհը՚ հոն պիտի տեսնենք տարբերութիւնը մարդոց ձեռքին և անասուններու թաթերուն: Բոլոր կենդանիները իրենց թաթերը կը գործածէն, քիչ թէ շատ: Սակայն մարդ արարածը՚ առանց իր ձեռքի գործածութեան կարծես կը կորսուի: Աՙյդքան կարեւոր է մարդկային ձեռքի գործածութիւնը: Դիտեցէք մարդկային ձեռքի գործածութիւնը արուեստի մէջ՚ քանդակագործութիւն, նկարչութիւն կամ մանրանկարչութիւն. երաժշտութիւն, գրականութիւն և ճարտարարուեստ կամ ճարտարապետութիւն: Ինչպէ՞ս վերեւ յիշուած արուեստի գործերը գոյութիւն պիտի ունենային եթէ մարդ անասնակաՙն թաթի փոխարէն մարդկային ձեռք չստանար:
Եթէ մարդկային ներկայ ձեռքի միտումները մնան այնպէս ինչպէս որ են, քնացած հողային յատկութիւններ, այսինքն անասնական ձգտումներ գործելու՚ անիրաւութիւններ, մինչեւ իսկ ոճիրներ, ինչպէս կիմանանք ամէն օր:
Յառաջիկայի համաշխարհային պատերազմը, որ պիտի պայթի, նորէն տեղի պիտի ունենայ մարդկային ձեռքով, հոգ չէ թէ սուրի փոխարէն մարդ պիտի գործածէ «push button»:
Մարդկային սերունդը, ազատելու համար ապագայի սպառնացող նախճիրներէն և վերջնական սպանդէն, մարդ պարտաւոր է փոխակերպել իր ձեռքերը՚ մարդկայինէն աստուածայինի: Այդպիսոՙվ միայն մարդ իր կաւաշէն անդամը պիտի փոխակերպէ և ստանայ վերածնեալ ձեռքեր, որոնք անիրաւութիւն գործելէ դադրած ու աստուածային սիրոյ հոգւոյն միացած պիտի ըլլան:
Ոտից իմոց՚ ոչ գնալ ի ճանապարհս անօրէնութեան.--
Անցեալին մէջ երբ օրաթերթ ու գրականութիւն չկար, մարդիկ չարութիւն թխսելու համար քով քովի կուգային և կը մտածէին թէ ինչպէս, կողոպտեն այս կամ այն հարուստ հողատէրը կամ ագարակապանը: Մարդիկ իրարու քով գալու համար, որպէսզի որոշում առնեն, պարտաւոր էին ոտքերով քալել և իրարու քով հաւաքուիլ:
Այսօր այդ բոլոր անօրէն արարքները և ագահութեան աւերները կը գործուին առանց ոտքերը շարժելու: Մարդ՚ այսօր իր ոտքով չ՛երթար անօրէններուն ճանապարհը՚ այլ կ՛երթայ հեռաձայնի և հեռատեսիլի պաստառին վրայ: Բազմած իր պալատանման գրասենեակին մէջ, մարդիկ՚ հեռատեսիլի պաստառին վրայէն կը հաւաքեն պատուաւոր կարծեցեալ իրենց անօրէն ընկերները և սոյն վայրէն՚ հեռաձայնով կ՛որոշեն, թէ զո՞վ պիտի խաբեն այդ շաբաթ և որո՞նց պիտի կողոպտեն: Այս բոլորը կը կատարուին առանց հրապարակի վրայ ոեւէ մէկը տեղեակ ըլլալու: Այս անօրէն, և պատուաւոր կեղծ ազգասէրները կամ մարդասէրները ռամիկ ժողովուրդը կը խաբեն, սակայն չեն կրնար խաբել զԱստուած, որովհետեւ Աստուած ծածուկը կը տեսնէ ի յառաջագոյնս:
Ներսէս Շնորհալին, որ ականատես և իրազեկ եղած էր նաեւ իր ժամանակաշրջանի գործուած նոյնանման գաղտնի անօրէնութեանց, կը ջանայ զգուշացնել Հայ հաւատացեալը այդպիսի գաղտագողի և օձանման անօրէնութիւններէ:
Եթէ ուղղափառութիւն և ուղղադաւանութիւն կայ Հայաստանեայց Եկեղեցիին մէջ--և կը տեսնենք թէ կաՙյ--այդ կը պարտինք Ներսէս Շնորհալիի նման երկնառաք Հայրապետներու ստեղծած մշակոյթին ու բարոյագիտութեան:
Այլ ուղղեա զշարժումն սոցա.--
Մենք գիտենք, որ մարդ, իր ողջութեանը շարունակ շարժման մէջ կը դնէ իր բոլոր մարմնական գործարանները և աշխատանքի լծած կ՛ըլլայ իր հոգեկան խորհուրդները արտադրելու համար բարի կամ չար գործադրումներ:
Ս. Շնորհալին չ՛աղօթեր որ մեր շարժումները դադրին, այլ որ ուղղուին և մաքրուին: Ոչ թէ մեր չար շարժումը կենայ, այլ այդ շարժումը, որ չարիք կ՛արտադրէ, այլեւս բարիիՙն սպասաւորէ: Մարդ նման է մեքենայի մը, որ ապսպրուաՙծը կ՛արտադրէ: Երբ մեր խորհուրդները Սուրբ Հոգիով առաջնորդուին, ապսպրանքները կ՛ըլլան սրբութիւն և բարութիւն և միայն բարի ու օգտակար գործեր, ի շահ մարդկութեան, ազգին, ընտանիքին նոյնիսկ իր անձիՙն համար:
10.--Հուր Կենդանի Քրիստոս, զհուր սիրոյ քո զոր արկեր յերկիր, բորբոքեա յանձն իմ, զի այրեսցէ զաղտ հոգւոյ իմոյ, և սրբեսցէ զխիղճ մտաց իմոց, և մաքրեսցէ զմեղս մարմնոյ իմոյ, և վառեսցէ լոյս գիտութեան քո ի սրտի իմում. և ողորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս:
Հուր Կենդանի Քրիստոս.--
Աշխարհի մէջ կան կրակներ որ կ՛այրեն ու կը փճացնեն: Հրդեհներ՚ որոնք մարդոց տուները կը կործանեն և անտառները կը մոխրացնեն: Իսկ Յիսուս, որպէս կենդանի կրակ, չ՛սպառէր ենթական, այլ կը ջերմացնէ և կը լուսաւորէ ինչպէս այրող մորենին: Մորենին, որ աննշան թուփ մըն էր անապատի լեռներուն վրայ: Յիշատակութեան արժանի եղաւ Սբ. Գրոց մէջ, որովհետեւ աստուածային կրակի զօրութեան ենթարկուեցաւ:
Ինքզինքդ անպետ կը կարծես: Ընկերներուդ մէջ աննշան ես: Կ՛ուզես ըլլալ ստեղծագործող և պիտանի: Խնդրէՙ որ Յիսուսի հուր Հոգին քեզի ալ դպչի, քեՙզ ալ խանդավառէ: Հոգիդ ու մարմինդ ի սպաս դիՙր Փրկչիդ ու դոՙւն ալ պիտի ըլլաս աշակերտ և վկայ Յիսուս Քրիստոսի: Ասիկա քու մեծագոյն համբաւդ պիտի ըլլայ և անունդ արձանագրուած պիտի տեսնես Կենաց Գիրքին մէջ: Յիսուս կենարար և կենսատու կրակ մըն է դրական, Իր բուժիչ և յեղաշրջիչ յատկութիւններով:
Զհուր Սիրոյ Քո Զոր Արկեր Յերկիր.--
Սիրոյ կրակը, որ այս աշխարհը երբէք տեսած ըլլայ՚ խաչելութեան յայտնագործած սէրն է ի վերայ Գողգոթայի: Սէր մը՚ որ աննման է և աննախընթաց: Այս աշխարհը շատ տեսած է վիպային սէրեր, ազգային սէրեր, ծնողական և որդիական սէրեր: Սակայն Գողգոթայի սէրը գերազանցած է այդ բոլորը, որովհետեւ Խաչելութիւնը եղած է բուժարաՙր սէր, հաշտարաՙր սէր և փրկարաՙր սէր: Սէր մը, որուն պատուանդանին, Հռոմէացի հարիւրա- պետը փոխակերպուելով՚ դարձի եկաւ և ծնրադիր Յիսուսիՙ առջեւ՚ հաւատքով խոստովանեցաւ ըսելով. «Իրաւցընէ այս մարդը արդար էր»--Ղուկ. ԻԳ.47:
Յիսուսի, այս աշխարհի հանդէպ յայտնաբերած կրակը, կամ մարդկութեան մատուցած հուրը, այսպիսի շինարաՙր կրակ մըն է: Կրակ մըն է, որ իրեն դպչողը կը փոխակերպէ միշտ դէպի բարին, ազնիւը և գեղեցիկը, դէպի անաղարտելի դրականութիւն:
Բորբոքեաՙ Յանձն Իմ.--
Ընդհանրապէս բորբոքում բառը կը գործածենք ժխտական իմաստով, բայց այդ չէՙ ինչ որ Շնորհալին իր մտքին մէջ ունի: "Բորբոքիլ" բառը վերեւ աղօթքին մէջ փոխանակ խռովք, զայրոյթ կամ կատաղութիւն նշանակելու, կը նշանակէ խանդավառել և բոցավառել: Այսինքն՚ ներշնչուիլ ու ներշնչել, ոգեւորել ու ոգեւորուիլ աՙյն աստիճան, որ ուրիշներն ալ իրմով խանդավառուին: Ինչպէս Պենտէկոստէին օրը օտարականներ, Յիսուսի աշակերտները գինովցած կարծեցին, մինչդեռ Յիսուսի հաւատարիմ աշակերտները, կնդանի կրակին դրոշմը և կնիքը կ՛ստանային Սուրբ Հոգիէն:
Կարգ մը անձեր այսպիսի հոգեկան գինովութեան ենթարկուելու համար ֆութպոլի խաղարկութեան կ՛երթան. ուրիշներ իրենք զիրենք ըմպելիի գինովութեան կուտան ու նաեւ կարգ մը անձեր ալ՚ Գրիգոր Նարեկացիի կամ Ֆրանսիս Ասսիծէցիի նման աղօթքով և ծոմապահութեամբ Յիսուսի կրակով կը վերանան և զմայլանքի ու վերացումի պահեր կ՛ապրին:
Այն վառօթը զոր Չինացիները հրախաղութիւններու կը գործածէին տօներու առթիւ և ժողովուրդները կը խանդավառէին ու կ՛ուրախացնէին, Եւրոպացիք հրացանի և թնդանօթի գործածութեան լծեցին ու միլիոնաւոր անձերու մահուան ու կորստեան պատճառ եղան: Իսկ Ս. Շնորհալին, աչքերը երկինք յառած, կենդանի կրակին, փրկչական անմեռ և ստեղծագործ ու շինարար կրակին համար կ՛աղօթէ ըսելով. "Բորբոքեա յանձն իմ", այսինքն բորբոքեցուր իմ անձս . . .:
Զի Այրեսցէ Զաղտ Հոգւոյ Իմոյ.--
Երբ Յիսուս՚ որպէս կենդանի կրակ, մեր հոգիները կը խանդավառէ ու մեր անձերը կամ ինքնութիւնը կը վերացնէ, մենք հոգեկան արբեցութեան և զմայլանքի պահեր կ՛ապրինք, և մեր ներաշխարհին մէջ ինչ որ ժանգ է, աղտ է և անպէտ ու անպիտան մեղք, Յիսուսի ներկայութեաՙմբ կը մոխրանան ու կը չքանան: Սիրոյ այս կրակը որքան պահենք մեր սրտերուն մէջ՚ այնքան աւելի կը սրբանանք ու կը դառնանք շինարար և ստեղծագործ հանդէպ մարդկութեան և անհատներու:
Սրբեսցէ Զխիղճ Մտաց Իմոց.--
Մարդիկ կրնան մաքրել իրենց մարմինները, հագուստեղենները, նոյնիսկ իրենց կարգ մը հիւանդութիւնները: Սակայն երբ հարցը կու գայ բարոյակաՙն աղտերու և հոգեկան ախտերու, մտքի և խղճի խայթի մաքրագործման, մարդ արարած ինքզինքը անզօր կ՛զգայ և զինաթափ կ՛ըլլայ:
Յուդայ, որ եղաւ մատնիչը Յիսուսի՚ չկարենալով մտքի և խղճի խայթէն ազատիլ, գնաց և ինքզինքը կախեց: Անձնասպան եղող անձերու մեծ մասը՚ իրենց խղճի խայթէն ազատելու համար կը դիմեն սոյն միջոցներու: Մարդ արարած կարիքը ունի լսելու գերբնական զօրութեան Ձայնը, որ Յիսուս Փրկիչ ըսաւ անդամալոյծ հիւանդին. «Որդեակ, քու մեղքերդ ներուած են քեզի»:
Մաքրեսցէ Զմեղս Մարմնոյ Իմոյ.--
Երկնային կենդանի հուրէն հրահրւող իւրաքնաչիւր անձ, սիրոՙվ կը լեցուի ամէն անձի և ամէն պատահարի հանդէպ: Յիսուսի կրակէն անցնողը՚ լաւ մարդասէր է, լաւ ազգասէր, լաւ ծնողասէր, լաւ եղբայրասէր, լաւ որդեսէր և իրաՙւ սիրողն է Աստուծոյ ստեղծած ամեն իրին, բոյսին և կենդանիին:
Հայոց Հայրապետ Ներսէս Շնորհալին այնքա՜ն ազգասէր էր, որ ուզեց իր ազգակիցներն եւս ապահովագրել չարին դէմ: Հետեւաբար, ան պատուիրեց աղօթել և յիշել մոռցուած մեղանչումները:: Մարդուն միտքէն ու խորհուրդէն, խիղճէն ու հոգիէն վերջ՚ ան կը կեդրոնանայ մարմնոյ ցանկութիւններու մաքրագործման: Ան չուզեր, որ իր Հայ հաւատակիցները, որեւէ մոռացութեամբ, ունենան "Աքիլլէսի" կրունկ մը՚ որուն պատճառաւ կորսնցնեն իրենց յաւիտենական կեանքը:
Վառեսցէ Լոյս Գիտութեան Քո Ի սրտի Իմում.--
Ներկայ եկեղեցիներու մեծ մասին թափուր մնալուն պատճառը այն է՚ որ գիտութեան լոյսէն զրկուած են: Քրիստոնեայ մը հաւատք կրնայ ունենալ սակայն անոր կը պակսի հոգւոյ գիտութեաՙն հաւատքը: Բոլոր անոնք, որ լոյսի և գիտութեան ծարաւը ունին, ներկայիս, կը պարտաւորուին այցելել օտար հաստատութիւններ, ուր կը գտնեն հոգիի լոյսը և մտքի գիտութիւնը, բայց ոՙչ մեր Տիրոջ Յիսուսի Սիրոՙյ լոյսն ու գիտութիւնը: Հայ Եկեղեցիի ոչխարները ոչ թէ կը հեռանան ոչխարներու բակէն, այլ իրենց հոգեկան անօթութիւնն ու ծարաւը յագեցնելու համար, կը կորսուին օտար արօտավայրերու մէջ գտնելով միայն պատրանք և շլացուցիչ կրկներեւոյթներ: Յիսուս դարձաւ Երուսաղէմի կղերներուն և ըսաւ. «Վա՜յ ձեզի՚ օրէնքի վարդապետներուդ, որ կը պահէք գիտութեան բանալիները, դուք չէք մտներ և մտնողներուն ալ արգելք կ՛ըլլաք»--Ղուկ ԺԱ.52: Ի՜նչ զօրաւոր անէծք անոնց՚ որոնք չեն թողուր հաւատացեալներուն որ ունենան աստուածային գիտութեան լոյսը՚ Յիսուսի Աւետարաններու ուսումնասիրութիւնը:
Ի՞նչ պիտի մտածէ Շնորհալին այսօր՚ եթէ այցելէ շատ մը ամրաշէն, հարուստ և արդիակառոյց հսկայ եկեղեցիները Լուսաւորչին: Իւրաքանչիւր եկեղեցւոյ կողքին կառուցուած են արդիական սրահներ ու ճաշարաններ, խաղարաններ ու մարզադաշտեր. սակայն ո՞ւր է աստուածային գիտութեան լոյսի փարոսը: Ո՞ւր են այն դպիրները՚ որոնք հոգեշարժը պիտի ըլլային նոր սերունդին հոգեմտածողութեան և կենսազգացումին ուղիղ կազմակերպման: Պարզ Բառերով, քրիստոնէական դաստիարակութեան հիմնական կարգաւորման: Ո՞ւր են այն հաւատարիմ ուխտաւորներու բազուկները, որոնք պիտի ստանձնեն Լուսաւորչի կանթեղն ու ջահը փոխանցելու նոր սերունդի ջահակիրներուն:
Ո՞ւր են նոր ջահակիրները՚ լոյսի և գիտութեան: Բնական գիտութիւնը անկասկած կը յառաջդիմէ: Անհաւատութիւնը թեւեր առած կը սլանայ. իսկ եկեղեցիները կը մնան թափուր և կղերականները՚ իրենց քաղաքացիական գոյութիւնը ապահովելու համար, փառամոլութեան և ցուցամոլութեան ախտէն վարակուած՚ կը մոռնան գառնուկն ու ոչխարը և փարախը:
Հաւատամքին հեղինակը շատ գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ յաղթանակը գիտութեան լոյսին, մասնաւորաբար Յիսուսիՙ ճանաչմաՙն լոյսին: Ճշմարիտ է, որ մոմի մը լոյսով խաւարը կը չքանայ՚ առանց որ դուն որեւէ ճիգ թափես զայն հեռացնելու: Շնորհալիի ջատագոված գիտակցական սիրոյ լոյսը՚ այս միակ պարզ մոմն է: Աւետարանի Գիտութեան պարզ մոմովը՚ մարդու էութեան յետսամուտ խաւարը գոյութիւն ունենալէ կը դադրի: Յետսամուտ՚ կը նշանակէ ետքէն մուտք գործած աղտն ու մեղքը մարդու ներաշխարհին մէջ: Երկինքի փառաւորման համար գործող կրօնքներուն մէջ՚ լոյսն ու գիտութիւնը միասին պէտք է ընթանան որպէս բարիի յատկանիշներ:
Բոլորիս ծանօթ գիտութիւն է, գիտական նախնական երեւոյթ է՚ զգուշացնել փոքրիկները որ լուցկիով չխաղան: Ինչո՞ւ: Որպէսզի հրդեհ յառաջ չիգայ և տուն կամ թաղ չայրի և չկորսուի: Շատ դժուար է կասեցնել գնացքը բոցավառած կրակի մը: «Երկրի վրայ կրակ ձգելու եկայ. և որքա՜ն կը փափաքիմ որ արդէն իսկ բորբոքած ըլլայ»--Ղուկ. ԺԲ.49: Այսպէս, երբ անձ մը ինքզինք կը յանձնէ Յիսուսի ու Անոր գիտութեան լոյսին, կը բռնկի, այդ վառուած լոյսի և գիտութեան կրակը այլեւս չի մարիր: Հապա, այն անձին սրտին մէջ կը վերածուի մշտավառ վառարանի մը, որ իր շուրջ կը հաւաքէ բոլոր անոնք, որոնք կը ցանկան տաքնալ գիտութեան լոյսով, ու այդ լոյսի վառարանը կը դառնայ եկեղեցի, դպրեվանք, Էջմիածին և Արմաշ:
11.--Իմաստութիւն Հօր Յիսուս, տուր ինձ իմաստութիւն զբարիս խորհել, խօսել և գործել առաջի քո յամենայն ժամ. ի չար խորհրդոց, ի բանիս և ի գործոց փրկեա զիս. և ողորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս:
Իմաստութիւն Հօր Յիսուս.--
Շատ մը մարգարէներ, իմաստասէրներ, բանաստեղծներ և օրէնսգէտներ, սկսեալ Համուրապիէն ճառեցին աշխարհաըմբռնումի և կենցաղավարութեան մասին: Վերոյիշեալ հանճարները կրցան շօշափել ու հոգեկան հասկացողութեամբ ըմբռնել, թէ տիեզերքի մէջ կայ իմաստութեան միակ և մէկ ընդհանուր Խորհուրդ, որ բաշխած է Ինքզինք համայն աշխարհի: Անոնք կրցած էին հաւատալ՚ որ Ճշմարիտը և Բարին միայն մէկ Աղբիւրէ կը բխի և կը տարածուի բոլոր աշխարհ: Այս պատճառաւ Պղատոն աւելի բարձր դասեց անտեսանելին՚ գաղափարը և տիպը ու ջանաց բացատրել, թէ ինչ որ կ՛երեւնայ՚, անտեսանելիին մէկ նիւթեղինացումն է միայն:
Պղատոնէ առաջ և իրմէ յետոյ եկողներն ալ կը հաւատային տիեզերական մէՙկ ճշմարտութեան և իմաստութեան, սակայն միշտ ծածկուած քօղ մը կար, կարծես, թէ արգելք կ՛ըլլար իրենց ըմբռնումին ու հասկացողութեան յառաջխաղացման: Ասիկա իրենց մարդկային չափանիշն ու սահմանումը ցոյց կու տայ, որուն պատճառով՚ Ճշմարտութիւնն ու Իմաստութիւնը մասնակիօրէն ըմբռնեցին:
Այս աշխարհի մարդ էակին ամենամեծ ժառանգութիւնը եղած է Յիսուսի Մարդեղութիւնը (the Divine Incarnation): Սիրելի Առաքեալը՚ Յով- հաննէս, իր խոր ծերութեան մէջ երբ գրեց իր Աստուածաբանական Աւետարանը, անոր մէջ զետեղեց շատ իմաստալից համար մը՚ գրելով.
«Օրէնքը Մովսէսի միջոցով, իսկ շնորհն ու
ճշմարտութիւնը Յիսուս Քրիստոսի միջոցով
եղան»--Յով. Ա.17:
Յիսուս, մարդկային հանճարներու նման, Իր միտքէն չհնարեց իմաստութիւնն ու ճշմարտութիւնը, այլ Իր Հօրը հետ ապրած շրջանին, ունեցած փորձառութիւնն էր, որ յայտնաբերեց կամ փոխանցեց մարդկութեան և ըսաւ.
«Չե՞ս հաւատար որ ես Հօր մէջ եմ, և Հայրը՚ իմ մէջս: Այս խօսքերը զոր ես կը խօսիմ ձեզի, ինքիրմէս չեմ խօսիր, այլ Հայրը որ կը բնակի իմ մէջս, Աՙն կը կատարէ գործերը»--Յով. ԺԴ.10:
Մարդկութիւնը Յիսուսի միջոցաւ կրցաւ ըմբռնել աստուածային իմաստութիւնը և ճշմարտութիւնը: Ինչ որ դժուարիմաց էր մարգարէներուն և իմաստուններուն, Յիսուս դիւրամատչելի դարձուց և ձօնեց համայն մարդկութեան: Յիսուս այնքան պարզօրէն ջանաց բացատրել Հայրը՚ տիեզերքի Արարիչին ինքնայայտնութիւնը մարդոց, որ ըսաւ յարմար առիթով մը. «Ես և իմ Հայրս մէկ ենք»--«ան որ Զիս տեսաւ Հայրը տեսաւ»--Յով. Ժ.29, ԺԴ.9:
Յիսուս վար առաւ մարդկային սահմանումի քօղը, որ ծածկած էր ցարդ զԱստուած: Թէպէտ մարդիկ շօշափելով կը փնտռէին զԱստուած, Յիսուս ցոյց տուաւ աշխարհին, թէ Աստուաՙծ է որ կը ջանայ յայտնել Ինքզինքը մարդ արարածներուն և իրենցմէ շատ հեռու չէ, այլ նոյնիսկ իրենց մէՙջ ըլլալ կը փափաքի: «Ճշմարտութեան Հոգին, զոր այս աշխարհը չի կրնար ընդունիլ, որովհետեւ չի տեսներ զայն և չի ճանչնար զայն. բայց դուք կը ճանչնաք զայն, որովհետեւ ձեր մօտ կը բնակի և ձեզի հետ պիտի ըլլայ»--Յով. ԺԴ.17:
Տուր Ինձ Իմաստութիւն.--
Ս. Ներսէս Շնորհալին չիՙ խնդրեր հարստութիւն կամ փառք, հապա իմաստութիւն: Ոչ թէ տեսանելի բան մը՚ այլ անտեսանելի, "Որովհետեւ տեսանելին ժամանակաւոր է, իսկ անտեսանելին յաւիտենական": Ան կը խնդրէ իմաստութիւն՚ որովհետեւ ծախոՙւ առարկայ մը չէ իմաստութիւնը: Շուկայի մէջ չի ծախուիր, այլ՚ շնորհք մըն է Աստուծմէ, որ կը տրուի հաւատարիմ հետեւողին՚ որ ցոյց տուած է անձնուիրում և ծառայութիւն:
Մարդիկ հարստութիւն կը դիզեն փառամոլութեան և իշխանամոլութեան համար, իսկ մաքրակրօն Շնորհալին իմաստութիւն կը խնդրէ Աստուծմէ՚ իր հոգիին պայծառացման համար:
Զբարիս Խորհել.-
Մարդ-արարածը իր խորհուրդներուն մէկ արտադրութիւնն ու արդիւնքն է: Ինչպէս առածը կ՛ըսէ. "Մարդուս դէմքը իր անձնաւորութեան արտայայ- տութիւնն է": Յիսուս ալ, առիթով մը ըսաւ.
«Քանի որ սրտէՙն է որ կ՛ելլեն չար խորհուրդներ, սպանութիւններ, շնութիւններ, պոռնկութիւններ, գողութ- իւններ, սուտ վկայութիւններ և հայհոյութիւններ: Այս ամէնն է որ կը պղծեն մարդս. իսկ անլուայ ձեռքերով ուտելը չի պղծէր մարդս»-Մատ. ԺԵ.19:
Ս. Շնորհալին կ՛ուզէ Յիսուսի սիրոյ-լոյսով արմատէն բժշկել մարդկային հիւանդութիւնը և ոչ թէ երեսանց՚ նիւթական մաքիաժ մը ընելով:
Խօսել և Գործել.--
Ճշմարիտ և անկեղծ անձի մը համար խօսքն ու գործը կառքի մը երկու անիւներն են, որ միշտ միասին և զուգընթաց կ՛ընթանան: Այն անձը որ միայն կը խօսի առանց գործի՚ ծոյլ և կեղծաւոր արարած մը նկատուի: Իսկ աՙն որ իր խօսքը՚ գործի կը վերածէ՚ ճշմարիտ է:
Ինչ արժէք պիտի ունենար հռչակաւոր ճարտարապետներու խորհուրդը՚ եթէ ատիկա մարմին չառնէր--չկառուցուէր շօշափելիօրէն: Որքան աննշան և անարժէք պիտի ըլլային Պրամանդէ, Միքայէլ Անճէլոյ կամ Պէրնինի՚ եթէ իրենց խորհուրդները մնային միայն իրենց մտքին մէջ կամ իրենց լեզուին վրայ:
Այս է պատճառը, որ Աստուած յայտնագործած է Ինքզինք Իր արարչագործութեամբ և Իր մեծագոյն խորհուրդի յայտնութիւնը եղած է Յիսուս Քրիստոս, ինչպէս Հայ-Քրիստոնեան կըսէ, "խորհուրդ մեծ և սքանչելի", Յիսուս ծնաւ և յայտնեցաւ, ինծի քեզի մեծ Աւետիս . . .:
Առաջի Քո Յամենայն Ժամ.--
Շնորհալին այնքան մտերիմ է Յիսուսի հետ, որ չ՛ուզեր նոյնիսկ գաղտնի խորհուրդ կամ գործ ունենալ Յիսուսէն հեռու: Ան կ՛ուզէ իր բոլոր անձնաւորութեան գործունէութիւնը կատարել ի ներկայութեան կամ ի ընկերութեան Յիսուսի: Շնորհալին ոչ թէ միայն ուսումնասիրութիւն մը ըրած է Յիսուսի մասին՚ այլ ապրաՙծ է Անոր հետ, փորձառութիւն մը խորհրդապաշտ և հոգեկան, որ զինք միացուցած և զօդած է իր Տիրոջ ու Փրկչին՚ Յիսուսի:
"Առաջի քո", կամ քու մօտդ, ի՜նչ քաղցր յիշատակներ կ՛արթնցնէ այն անձերուն մօտ, որոնք ունեցած են սիրային, վեհ մտերմութիւններ: Շնորհալին, Աստուծոյ հետ ունեցած այսպիսի մէկ մտերմութեան մը փորձա- ռութենէն կը պատմէ իր գրիչովը: Ոչ թէ միայն կ՛աղօթէ "քեզի մօտ," այլ նաեւ կը խնդրէ՚ որ սոյն սիրաբորբոք փորձառութիւնը ըլլայ "յամենայն ժամ" մեզի հետ: Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ Քրիստոնեայ կնքուածի մը պայքարը «Մարմնի և արիւնի հետ չէ, այլ իշխանութիւններուն և պետութիւններուն հետ, այս խաւար աշխարհի տիրակալներուն և երկնքի տակ եղող չար ոգիներուն հետ»--Եփե. Զ.12: Որոնք մարդուս խորհուրդը և միտքը կ՛ուզեն գրաւել, որպէս զի իշխեն, տիրեն, տիրապետեն մարդուն և գործածեն անոր աստուածային ստեղծագործ ոյժը ի նպաստ չարի, կործանումի և մահուան: Հետեւաբար՚ մեր սուրբ մատենագիր Հայրապետը կը շարունակէ և կը գրէ.
Ի Չար Խորհրդոց, Ի Բանից և Ի Գործոց
Փրկեա Զիս.--
Միայն հպարտ անձն է, որ ինքնախաբէութեամբ կը յուսայ փրկել ինքզինք: Այն անձը որ ունի Յիսուսի խօսքը՚ քաջ կը տեսնէ չարին ահաւորութիւնը ու չի ջանար չափուիլ չարին հետ, այլ կը լուսաւորէ իր շուրջը միշտ անսալով իր Փրկչին՚ որ ըսաւ.
«Չարին հակառակ մի կենաք»:
ոչ թէ Ան ըսել ուզեց տեղի տուէք չարին, այլ այդ գործը Իՙնծի յանձնեցէք: Եՙս գիտեմ ինչպէս յաղթել չարին ու զգետնել մահն ու գերեզմանը: Յիսուս ոչ թէ միայն խորհրդածեց և տեսաբանեց խօսքով, այլ Իր կեանքոՙվն ու ապրումովը յաղթեց չարին ու մահուան, և դուրս եկաւ գերեզմանէն յաղթական դափնեպսակով: Շնորհալին այս անպարտելի Փրկչին կ՛ուղղէ իր խօսքը երբ կ՛ըսէ՚ «Փրկեա Զիս»: Մենք ալ ըլլանք հետեւողը Սբ. Ներսէս Շնորհալիին:
12.--Կամեցող բարեաց տէր կամարար, մի թողուր զիս ի կամս անձին իմոյ գնալ, այլ առաջնորդեա ինձ լինել միշտ ըստ կամաց քոց բարեսիրաց. և ողորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս:
Կամեցող բարեաց Տէր Կամարար.--
Աղօթող սուրբը այնքան մօտէն ճանչցած էր զԱստուած, որ կրցած էր Աստուծոյ տալ կամեցող բարեաց հանգամանքը: Աստուած կոյր զօրութիւն մը կամ տիեզերքի կայծակներու վիթխարի մէկ բախումը չէ, ինչպէս կարգ մը մեծամիտ գիտնական քահանաներ կ՛ուզեն բացատրել և հաւատացնել: Ս. Շնորհալին փորձառաբաՙր ճանչցած էր, որ Աստուած զգայուն, գիտակից և բարիՙն կամեցող Հոգիՙն է: Հոգ չէ որ Զինք չենք տեսած և չենք ալ կրնար տեսնել: Հիւլէն ալ չենք տեսած և չենք կրնար տեսնել մեզի շնորհուած աչքերով: Այս ըսել չէ որ Աստուած անտեսանելի է, այլ՚ մեր տեսանելիքը՚ աչքը անկարող է զԱստուած տեսնել: Իսկութեան մէջ, մարդ, Աստուած կը տեսնէ, բայց ոչ իր ֆիզիքական աչքերով: Մենք կը տեսնենք զԱստուած՚ այնպէս ինչպէս կը տեսնենք սէրը, ճշմարտութիւնը կամ արդարութիւնը: Ասոնք բոլորը առանց աչքի կը տեսնուին: Բարձրագոյն մաթեմաթիքը բոլորվին միտքով կ՛ըմբռնենք, առանց աչք գործածելու:
Կամեցողութեան մէջ փափաք մը կայ, բաղձանք մը և յօժարութիւն մը: Այս ցոյց կու տայ Աստուծոյ հետաքրքրութիւնը և սէրը հանդէպ Իր մարդ արարածին: Եթէ մարդ եւս կարենայ զգալ և հասկնալ Աստուծոյ մտերմութիւնը և Իրեն հանդէպ մեՙր ունեցած հետաքրքրութիւնը, Ինքզինք որքան երջանիկ պիտի զգայ գիտնալով որ այս անհուն և անսահման տիեզերքին մէջ առանձին չէ, որքան ալ լքուած ու բաժնուած ըլլայ իր հարազատներէն կամ նմաններէն:
Սաղմոսերգուն երբ կը մտաբերէ աստուածային բարիքներն ու շնորհքները իր սքանչացումին մէջ սապէս կ՛արտայայտուի.
«Ո՞ւր երթամ Քու հոգիէդ, և Քու երեսէդ ո՞ւր փախչիմ: Եթէ երկինք ելլեմ, Դուն հոն ես, եթէ դժոխքը անկողինս ընեմ, ահա Դուն հոն ես. Եթէ արշալոյսին թեւերը առնեմ, և ծովուն վերջին ծայրերը բնակիմ, հոն ալ Քու ձեռքերդ ինձ պիտի առաջնորդեն, ու աջ Ձեռքդ զիս պիտի բռնէ»--Սաղ. ՃԼԹ.7-10:
Այս է վկայութիւնը բոլոր անոնց, որոնք մօտէՙն ճանչցած են զԱստուած և իրենց կեանքի փորձառութեամբ տեսած են ու զգացած Անոր մօտիկութիւնը, ֆիզիքական աչքով անտեսանելի Աստուծոյն:
Շնորհալին իր աղօթքը ուղղելով, այս անգամ, մեր Տիրոջ՚ Յիսուսի, թագուն և խոր գիտակցութեամբ կ՛ըսէ. "Տէր կամարար": Խորհրդապաշտօրէն հայորդի սուրբը կը փառաբանէ Աստուածորդին, որովհետեւ Տէր կամարար կը նշանակէ ուրիշին կամքը կատարող: Այսինքն, Դուն ով Յիսուս որ կատարեցիր Քու Հօրդ կամքը հաւատարմաբար, նոյնիսկ երբ հարկ եղաւ Քու կեանքդ նուիրել մարդկութեան սիրոյն, օգնէՙ ինձ ալ կատարելու իմ կամքս ի հաճութիւն Քու կամացդ:
Ինչպէս առաւօտեան լուսարձակ արեւը կը փարատէ խաւարը և իրերը կը տեսնենք իրենց հարազատ գոյներով և ձեւերով, նոյնպէս երբ աստուածային լոյսը ճառագայթէ մեր հոգիներէն և միտքերէն ներս, մեր կեանքին իմաստը և ուղղին կը տեսնենք ճշմարտապէս առանց դիմակի, ու մեր աղերսն ու աղօթքը կ՛ըլլայ.
Մի թողուր զիս ի կամս անձին իմոյ գնալ.--
Ինչո՞ւ չհետեւիլ մեր անձնական կամքին: Որովհետեւ Ադամորդին կաւէ շինուած է, իր անձին մէջ մէկ կամք չունի, այլ քանի մը կամքերու ձգողական զօրութիւններէն կը տարուի: Որոնք են՚
1. Մարմնական կամք--կաւեղէն ցանկութիւններ
2. Մտային կամք՚ բնական հպարտանք:
:Յ. Հոգեկան կամք--Աստուածային:
Այս երեք կամքերու գոյութեան պատճառաւ մարդ արարածը, երբ բարդութեան առջեւ գտնուի, կ՛սկսի խորհիլ, վիճիլ, նոյնիսկ բարկանալ ինքզինքին դէմ, մինչեւ եզրակացութեան մը յանգիլը: Եթէ այս երեք կամքերը գոյ չեն մարդուս անձին մէջ, ուրեմն մարդ երբ կը խորհրդածէ որո՞ւ հետ կը խորհրդածէ, որո՞ւ կը բարկանայ կամ երբեմն որո՞ւ հետ բարձրաձայն կը խօսի երբ բոլորովին առանձինն է:
Երբ մարմնոյ կամքը յաղթէ միւս երկու կամքերուն, մարդ անասունէն աւելի վայրագ և խոզէն աւելի աղտոտ կը դառնայ: Իսկ երբ միայն մտային կամքը յաղթէ, մարդ արարած կը հպարտանայ և կ՛ուզէ ճանչցուիլ որպէս աստուածաստեղծ ոյժ: Իսկ հոգեկաՙն կամքը բնաւ միահեծան չիշխեր միւս երկու կամքերուն վրայ: Հոգեկան կամքը գիտէ որ, ըլլայ մարմնականը, ըլլայ մտայինը, իրենք-իրենց մէջ, որոշ չափով ունին աստուածային կայծ: Հոգեկան կամքը համոզելով Ադամորդւոյն միւս երկու կամքերը երկնային լոյսի ճառաքայթին տակ, կը ներդաշնակէ երեք կամքերը և առաջնորդութիւն կը խնդրէ Մարդեղեալ Յիսուսէ, որ Ռահվիրան եղաւ ընդհանուր աշխարհին, թելադրելով ըլլալ ճշմարիտ և հաւատարիմ Կամարարը Հայր Աստուծոյ:
Աշխարհի մէջ ամենամեծ հերոսութիւնը ոչ թէ պարտութեաՙն մատնել է թշնամին, կամ յաղթել ողիմպիական խաղերուն մէջ, այլ՚ իր ազատ կամքով անձնատուր ըլլալն է Աստուծոյ Կամքին: Ոչ թէ վախիՙ պատճառաւ, այլ սիրելով և վստահութեամբ կ՛ըսէ. "Լինել միշտ ըստ կամաց Քոյ բարեսիրաց": Ասիկա կոյր հաւատքի հետեւանք մը չէՙ, այլ անձնական փորձառութեան և գիտակցութեան արդիւնք:
11.--Արքայ երկնաւոր, տուր ինձ զարքայութիւն քո զոր խոստացար սիրելեաց քոց, և զօրացո զսիրտ իմ ատել ըզմեղս, և սիրել զքեզ միայն, և առնել զկամս քո. և ողորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս:
Արքայ Երկնաւոր.--
Անգլերէն լեզուի մէջ արքայ բառը կը թարգմանուի KING, որ շատ գեղեցիկ և իմաստալից նշանակութիւն մը ունի: Անգլերէն king բառը կու գայ kin բառէն, որ կը նշանակէ ազգական կամ ազգակից: Չէ՞ որ Աստուած ալ մեզ եւս տեսակ մը ազգակից ըրած եղաւ՚ Իր պատկերը և նմանութիւնը դրոշմելով մեր վրայ, մանաւանդ Մարդեղութեամբը մեր Տիրոջ՚ Յիսուս Քրիստոսի:
Պօղոս առաքեալ Աթէնք Քաղաքին մէջ իր միսիոնարական քարոզչութեան պահուն, մէջբերումը կ՛ընէ Յոյն իմաստասէր բանաստեղծներու հետեւեալ խօսքը.
"Ինչպէս ձեր բանաստեղծներէն մէկ քանիներն ալ ըսին, քանզի մենք անոր ցեղեն ալ ենք: Եւ արդ, քանի որ Աստուծոյ ցեղէն ենք"--Առաք. ԺԷ.29: Պօղոս, Յիսուս-Քրիստոսի առաքեալը, կ՛ընդունի թէ մարդ-արարածը տեսակ մը աստուածային սերունդ է և Աստուծմէ սերած: Երբ "երկնաւոր" տիտղոսը կուտանք Աստուծոյ, այս չնշանակեր զԱստուած անորոշութեան մէջ դնել անհունութեան մէկ հեռաւոր անկիւնը և անտեսանելի ընել մարդկութեան: Երկնաւոր մակդիրը, նշանակութիւնն է մեծութեան, բարձրութեան և վեհութեան:
Ներկայիս Ամերիկա կը տիրապետէ 3 միլիոն քարակուսի մղոն տարածութեան մը վրայ: Չինաստան՚ Յ միլիոն, Գանատա՚ Յ ու կէս միլիոն, Պրազիլ՚ Յ միլիոն, Հնդկաստան՚ Մէկ միլիոն, Սովետ Միութիւն՚ 9 միլիոն: Եթէ կարելի ըլլար չափել երկինքի ծաւալը՚ կրնա՞ք ըսել թէ քանի՞ միլիոն քառակուսի մղոն պիտի ըլլայ ատիկա: Ուստի կը տեսնե՞ք թէ ինչու համար սուրբ Ներսէս կ՛ըսէ. «Արքայ Երկնաւոր»: Ոչ միայն մեծ է երկինքը, այլ բոլոր աստղերն ու վիթխարի մոլորակները ներդաշնակօրէն պար են բռնած տիեզերքի թատրոն միջոցի բեմին վրայ՚ որպէս արուեստագետներ և երաժիշտներ: Այս հիասքանչ տեսիլք թատերգութեան առջեւ, Շնորհալին իր ձեռքերը դէպի երկինք բարձրացուցած, ծնրադիր ու խոնարհած, կՙըսէ.
Տուր ինձ զարքայութիւն քոյ.--
Ոչ թէ Աստուծոյ արքայութեան կ՛ուզէ տիրանալ, այլ կ՛ուզէ իՙնք եւս մաս կազմել այդ երկնատեսիլ արուեստագէտներու և երաժիշտներու խումբին: Ինչպէս մարդկային աչքը ինքզինքը չի տեսներ, այլ ինչ որ աչքէն դոՙւրս է որ կը տեսնէ, այդպէս ալ՚ երկինքը մարդկային աչքին չի յայտներ իր գաղտնիքը և իր ինքնութիւնը, այլ կը յայտնուի միայն մաքոՙւր հոգիներուն:
Երբ մեր աչքերը բարձրացնենք դէպի երկինք, մեր տեսողութիւնը միայն անհուն կապոյտը կ՛ըլլայ, երբեմն ամպամած և երբեմն ալ թափանցիկ: Այս կապոյտ երկնակամարը իր մէջ ունի շատ մը խորհրդաւոր և սքանչելի յատկութիւններ, որոնք հազարաւոր դարեր ծածկուած մնացած էին մարդկային փորձառութենէն:
18ՕՕ թուականներուն, երբ գիտնական Մարքոնի գտաւ և հնարեց անթել հեռագիրը, որմէ յետոյ եկաւ հեռատեսիլի գիւտը, և մարդիկ հասկցան որ այս գեղակապոյտ կամարը, որ կը պարուրէ ամբողջ երկրագունտը և տիեզերքը, պարապութիւն մը չէՙ, այլ՚ բնական զօրութիւններու շտեմարան: Բնական գիտութեան մասնագէտներ, այժմ, գիշեր և ցերեկ կաշխատին բացատրելու այն զօրութիւնները՚ զորս երկինք իր մէջ պահած էր երկա՜ր դարեր:
Երկնային շնորհներով օժտուած այս գիտնականները, որոնք ճշմարտութեան որոնումը իրենց իտէալը ըրած են, դժբախտաբար կը շահագործուին աշխարհի խաբեբայ և եղեռնագործ կառավարութիւններէն, որոնք մէկ նպատակ միայն կը հետապնդեն. աՙյն է՚ հասնիլ երկնային զօրութեան ու գերեվարել և ստրկացնել բոլոր միւս ազգերն ու ժողովուրդ- ները:
Ինչ որ գիտնականները տեղեկացան երկու հարիւր տարի առաջ կամ ընթացքին, Յիսուս քսան դարեր առաջ ըսած էր Իր աշակերտներուն.
«Ասկէ աւելի մեծ բաներ պիտի տեսնէք:
Ճշմարիտ ճշմարիտ կ՛ըսեմ ձեզի, ասկէ
ետեւ պիտի տեսնէք երկինքը բացուած»--Յով. Ա.51:
Եթէ բնական գիտութեան մասնագէտներ, առանց բնական զօրութեան իրերը տեսնելու կրնան հնարել կատարելագործուած գործիքներ կամ մահացու մեքենաներ, ինչո՞ւ համար սուրբ և Յիսուսը սիրող հաւատացեալներ չխնդրեն Իրմէ, տեսնեՙլ "երկինքը բացուած", որպէսզի առաջնորդեն իրենց ժողովուրդը հաւատքի, աղօթքի և սքանչելի տեսիլքներու՚ մինչեւ որ հասնին խորքը աստուածային սիրոյ:
Եւրոպայի վերազարթնումի շրջանին՚ երբ արուեստագէտներու հոյլեր իրարու հետ կը մրցէին արտադրելու և ստեղծագործելու քանդակներ, գեղանկարներ և ճարտարապետական կոթողներ, տաղանդաւոր և հանճարեղ Պէրնինի քանդակեց Ս. Թէրէզայի մարմարիոնէ մէկ հմայիչ արձանը: Երբ դիտես Ս. Թէրէզայի այս հրապուրիչ քանդակը, հոն կը տեսնես ոչ թէ անձ մը միայն ու միայնակ, այլ անձ մը որ միացած է յաւիտենականին հետ: Էակ մը, որուն դէմքէն կ՛արտացոլայ գերմարդկայինը, ուր մարմարիոնի ցուրտը կ՛անհետանայ, և անկենդանը իր հմայիչ ներկայութեամբ քեզ կը ներշնչէ վեհութեամբ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ Ս. Թէրէզա յափշտակութեան տեսիլքը ունեցած է երկնայինին: Յիսուս բացած է երկինքը այս անձին՚ անոր դիտել տալու սքանչելիքներն ու զմայլելի գաղտնիքները, որոնք ծածուկ կը մնային ինքնահաւան հոգիներէ, որոնք իրենք զիրենք մեծազօր կը կարծեն:
Երբ սուրբերը կը տեսնեն աշխարհի արքաներուն թաւալումը և անկումը վերէն վար, որ կան այսօր ու չկան վաղը, իրենց աստուածային իմաստութեամբ կը խնդրեն յաւիտենակաՙնը, փոխանակ ժամանակաւորին: Մանաւանդ երբ ծանօթ են Երկնաւոր Արքային խոստման.
Զոր խոստացար սիրելեաց քոյ.--
Աստուածային խոստումը կաշառք մը չէ, այլ սիրոյ արտայայտութեան նուէր մը: Նուէր մը, որ երբէք փոխադարձութեան ակնկալութիւնը չի փնտռեր: Նուէր բառը իր մէջ ունի նաեւ զոհողութեան իմաստը: Յովհաննէս՚ սիրոյ առաքեալը, շատ իմաստալից կերպով զետեղած է մարգարտեայ նուէրը իր Աւետարանին Յրդ գլխուն 16րդ համարին մէջ, ուր ան կ՛ըսէ.
«Վասնզի Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը, մինչեւ Իր Միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ով որ Անոր հաւատայ՚ չկորսուի, հապա յաւիտենական կեանք ունենայ»:
Շնորհալիին աղօթքը պարզապէս ընդունիՙլ է աստուածային այս նուէրը և ոչ մերժել:
Շնորհալին շատ հաճելի կերպով մեզի ուրիշ գաղտնիք մը եւս կը յայտնէ, "սիրեցեալ" բառը գործածելով: Ան չըսեր խելացի, քաջ կամ ուսեալ, հապա՚ կը գործածէ բառ մը, որ իսկապէս գործածուած է Յիսուսի կողէ. «Քու սիրելիներուդ»: Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ Աստուած կարող է տալ իմաստութիւն, քաջութիւն և խելք, սակայն Աստուած չի կրնար տալ և կամ ստիպել որ զԻնք սիրես: Եթէ Աստուած ստիպէ մեզ՚ որ զԻնք սիրենք՚ այլեւս այդ սէրը, սէր ըլլալէ կը դադրի և կ՛ըլլայ գերութիւն կամ ստրկացում:
Եւ զօրացո զսիրտ իմ ատել ըզմեղս.--
Բարոյական չարը կամ վատութիւնը սայթաքիլ է, իսկ կրօնական հասկացողութեան մէջ՚ չարը կամ վատութիւնը՚ մեՙղք կը համարուին: Մարդ իր երկրին օրէնքներուն դէմ չի կրնար մեղանջել: Ան օրինազանց կ՛ըլլայ կամ կը դաւաճանէ: Մեղքը կը զանազանենք ոճիրէն քաղաքական օրէնքի դրժումէն, սա ըմբռնումով, որ արարք մը կամ դիրք մըն է հակա-Աստուած, ուրացում մը, որ կ՛այլասերէ մարդկային ըմբռնումը աստուածաճանաչումէ: Կրօնական պատմութեան մէջ, մեղքի հասկացողութիւնը եղած էր որպէս նախատական ապստամբութիւն մը աստուածային սրբութեան դէմ: Պօղոս Առաքեալ, իր Քրիստոնէական բացատրութեան մէջ, շատ գեղեցիկ և հակիրճ կերպով կը բացատրէ մեղքին ինչ ըլլալը, ան կ՛ըսէ. «Քանզի ինչ բան որ հաւատքով չէ, մեղք է»--Հռոմ. ԺԴ.23 Յունարէն թարգմանութեամբ. «Ինչ բան որ հաւատքէն չբխիր մեղք է»: Պօղոս Առաքեալի համոզման այս արտայայտութիւնն է, որ դարերու մէջէն առաջնորդած է Սբ. Օգոստինոսը, Լուտէրը և Տանիմարքացի իմաստասէր Քիրքէկաարտը (Kierkegaard) յայտարարելու իրենց հաստատ և անյեղլի համոզումը:
Մեծագոյն մեղքը, որ շօշափելի կերպով կրնանք բացատրել՚ հպարտութիւնն է, ու երկրորդը, որ շատ նման է առաջինին՚ կ՛ուզեմ կոչել կեղծաւորութիւն: Այս երկու մարդկային միտումները կու գան ենթակային ազատ կամքով ընտրելու և պաշտելու ինքզինքը որպէս Աստուած: Այսպէսով մարդ կը վերածուի եսամոլ, եսապաշտ անբանի և կարհամարհէ աստուածային վեհապետութիւնն ու Անոր տիեզերածաւալ սէրը:
Մեղքի այն խոր գիտակցութիւնն է, որ կը յորդորէ պատմութեան սուրբերը, որպէսզի ատեն մեղքը: Շատ դժուար է, հարեւանցի ակնարկով տեսնել սուրբ մը, որ իր ներսիդին ատելութիւն ունի: Այս մակերեսային դատողութեան հետեւանքով է, որ կարգ մը հայ աշխարհականներ և թէՙ հոգեւորականներ իրենց սրտերէն ներս հիւրնկալած են ատելութիւնը հանդէպ Թուրքին և Իսլամներուն:
Արարատորդի Շնորհալին չ՛ատեր անձ մը, արարած մը կամ կրօնք մը, այլ՚ ան կ՛ատէ մեՙղքը: Մեղք ըսուածը կամ ըլլալիքը նման է ախտի և հիւանդութեան, ինչպէս գանսէր-ը: Երբ մեր ընտանեկան անդամներէն մէկը հիւանդանայ, բժիշկը կը կատարէ հիւանդութեան ախտաճանաչումը՚ միթէ մենք մեր սիրելին կատե՞նք, տունէն դո՞ւրս կ՛ընենք զայն, կամ կ՛սպանե՞նք այդ հիւանդը: Մենք այդ հիւանդին հանդէպ աւելի սէր և գուրգուրանք կ՛ընծայենք. սակայն կ՛ատենք այդ անձին ախտը, մեզի նոյնիսկ գարշանք և զզուանք կու տայ այդ հիւանդութեան անունն անգամ կրկնել կամ իմանալ:
Աՙյս եղած է սուրբերուն կեցուածքը հանդէպ մեղքին: Զզուանքով դիտած են մեղքը, որ որքան աւերներ գործած է թէՙ եկեղեցիներէ ներս և թէ ալ դուրս: Ու Ներսէս Շնորհալի իր ձայնը կը բարձրացնէ և կը ջանայ հասցնել զայն Աստուծոյ գահուն՚ ըսելով. "Զօրացուր սիրտն իմ":
Սիրել զՔեզ միայն, և առնել զկամս Քո.--
Ինչո՞ւ ըլլալ կոյր՚ չտեսնելու համար տիեզերածաւալ աստուածային սէրը, որ կը ժպտի, քեզի և ինծի, իւրաքանչիւր ծաղիկէ, իւրաքանչիւր բոյսէ կամ անձէ: Կարելի՞ է չանդրադառնալ քաղցրութեան մը կամ ազնուութեան մը, որ ծանօթ կամ անծանօթ մը գործած է չսպասուած մէկ պահուդ: Տիեզերքի մէջ գոյութիւն ունեցող այս անուրանալի քաղցրութիւնն ու ազնուութիւնը, սիրոյ ժպիտն ու քնքոյշ համբոյրը՚ ապացոյցներ են, թէ տիեզերքի Իշխանը կոյր մեքենայ մը չէ, այլ զգացող և բարին կամեցող Աստուաՙծ է: Մարդկային իրականութեան բոլոր զգացումները կու գան այս Ստեղծագործ Աստուծմէ, և բոլոր ստեղծագործ հանճարեղները՚ իրենց իմաստութիւնը կը պարտին Երկնաւորին: Այս պատճառաւ, մեր Սբ. հեղինակը կ՛ըսէ. «Սիրեմ միայն Քեզ»:
Ինչպէ՞ս կրնաս սիրել զԱստուած:
Սիրելու համար զԱստուած, դիտէՙ շուրջդ ու պիտի տեսնես Զայն ամէն տեղ և ամէն բանի մէջ: Եթէ չես կրնար տեսնել զԱստուած քու շուրջդ գտնուածներուն և եղողներուն մէջ, ուրեմն դուն տակաւին Աստուած չես ճանչցած: Իսկ եթէ Աստուած ճանչած ես՚ ու չես կրնար սիրել շուրջիններդ՚ ուրեմն դուն տակաւին չես սիրած զԱստուած: Աստուծոյ հաւատալդ, Աստուած սիրել չիՙ նշանակեր: Իսկ Աստուած սիրեՙլդ իր մէջ կը պարունակէ նաեւ հաւատալ: Եթէ սիրես քեզի շօշափելիօրէն երեւցող ստեղծագործուած հրաշալիքները, սիրած կ՛ըլլաս նաեւ զԱստուած:
Եւ առնել զկամս Քո.--
Մարդկային ազատ կամքի գոյութիւնը մարդ-արարածին մէջ ոչ թէ մարդակեՙրտ շնորհք մը կամ կարողութիւն մըն է ինքնին, այլ՚ աստուածատուր նուէր մը, որ կը զանազանէ մարդը անասունէն և ինքնագիտակից կը կացուցանէ մաՙրդ էակը: Երբ մարդ ճշմարիտ ինքնագիտակցութեան հասնի՚ անպայման կը ճանչնայ զինքը անասուններէն զատորոշող և մարդացնող Բարձրեալն Արարիչը՚ ու իր հաւատքին վրայ եթէ աւելցնէ նաեւ իր սէրն ու նուիրումը առ Աստուած, ոչ թէ կորսնցուցած կ՛ըլլայ իր կամքը տիեզերական կամքին մէջ, այլ՚ մարդկային սոյն արարքը ենթական կը դարձնէ գործակիՙցը իր Արարչին: Այս է վերջնական քայլը, որ սրբացած անձ մը կ՛առնէ: Այս անձին բոլոր ձգտումները և ամբողջ գործունէութիւնը, այնուհետեւ կ՛առաջնորդուին Սուրբ Հոգւոյն զօրութեամբ և իմաստութեամբ:
14.--Խնամող արարածոց պահեա նշանաւ խաչի քո զհոգի և զմարմին իմ ի պատրանաց մեղաց, ի փորձութեանց դիւաց, և ի մարդոց անիրաւաց, և յամենայն վտանգից հոգւոյ և մարմնոյ. և ողորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս:
"Խնամող արարածոց":--
Երբ "խնամող" ածականը կու տանք Աստուծոյ, այդ ոչ թէ մեր Տէրը մեծարելու համար է, այլ՚ զԱյն մեզի մօտեցնելոՙւ համար: Մօր մը համար աւելի դիւրին է ծնունդ տալ երախայի մը, քան զայն խնամելը: Ծնունդ տալու համար, մայր մը միայն ինը ամիս կը սպասէ. իսկ այդ երախան խնամելը, մօր մը գրեթէ ամբողջ կեանքին շրջանը կը տեւէ: Ճշմարիտ և նուիրեալ ծնողքներ՚ մինչեւ իրենց վերջին շունչը խնամք կը տանին իրենց զաւակներուն:
"Խնամել" բառը իր շատ մը իմաստներու կարգին, ունի նաեւ
1. դարմանել,
2. մշակել՚ թէ հողի և թէ միտքի վրայ,
3. համակրիլ,
4. մինչեւ չափահասութիւն, ըլլալ անոր խնամակալը:
Յիսուս երբ ղրկուեցաւ այս աշխարհ, դարմանեց հիւանդները բժշկելով կոյրերն ու կաղերը, մաքրելով բորոտները և բուժելով անդամալոյծները, ու վերակենդանացնելով մեռեալները, թէՙ մարմնական և թէՙ հոգեկան:
Յիսուս, որպէս Բարի Հովիւ և Մշակ, Իր շուրջը հաւաքեց անուս՚ սակայն գիտութեան ծարաւ աշակերտներ, բացաւ անոնց միտքը ու այնտեղ մշակեց, յաւիտենական սերմերը, որոնք քսան դարերէ ի վեր, ցարդ, պտուղ կը բերեն և կը բեղմնաւորեն Իր Եկեղեցին:
Յիսուս այս բոլորը ըրաւ, որովհետեւ համակրած էր մարդ արարածին: Հոգ չէ թէ ոմանք կամ շատեր Իրեն պէս չմտածեցին կամ գաղափարակից չեղան Իրեն: Նման այն երիտասարդ մտաւորական իշխանին, որ եկաւ Յիսուսի և հարցուց թէ ի՞նպէս յաւիտենական կեանք կրնայ ստանալ: Յիսուս, երբ նայեցաւ այս երիտասարդ իշխանին, տեսաւ անոր ունեցած հետաքր- քրութիւնը հաւատքի, հոգեւոր կեանքի ու աշխարհի հանդէպ, համակրեցաւ ու «սիրեց» զայն, այսինքն հաճելի գտաւ զայն և ուզեց առնել Իր շրջանակին մէջ: Յիսուս այս երիտասարդ իշխանը հրաւիրեց ըսելով անոր.
«Գնա, ծախէ ունեցածդ, տոՙւր աղքատներուն,
և ետեւէս եկուր»,
այսինքն՚ միացիՙր մեր համեստ խումբին, որ օր մը, Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ, պիտի կառավարէ բոլոր աշխարհը: Յիսուսի փրկչական նպատակը միայն Յորդանան գետի հովիտին մէջ գտնուող քանի մը հազար Հրեաները չէին, այլ ամբողջ աշխարհը:
"Պահեա նշանաւ խաչի Քո":--
312 Հոկտեմբեր-ին, երբ մեծն Կոսդանդին ջախջախիչ կերպով յաղթած էր իր թշնամւոյն և շահած պատերազմը, իր յաղթութիւնը վերագրեց այն տեսիլքին որ տեսած էր, այսինքն՚ խաչի նշան մը երկնակամարին վրայ: Խաչի նշանը, որ այնուհետեւ եղաւ խորհրդանիշն ու դրօշը համայն Քրիստոնեայ աշխարհին, այսքան թիւրիմացութեան առարկայ չէր եղած:
Քրիստոնեաներ շփոթեցին խաչը, սուրին հետ: Սուրը և խաչը շատ յար և նման են իրենց հպանցիկ կերպարանքով: Սակայն իրենց խորհուրդին, հասկացողութեան և գործածութեան մէջ՚ իրարու բոլորվին հակոտնեայ, հակապատկեր ու հակառակ են:
Սուրը կը նշանակէ յարձակում, գերեւարութիւն, բռնաբարում և սպանութիւն: Իսկ Խաչը, խորհրդանշանն է՚ զոհողութեան, սիրոյ, անձնուրացութեան և ծառայութեան:
Տեսնենք Յիսուս ի՞նչ կը խորհի սուրի մասին: Ան ըսաւ Պետրոսին «Սուրդ իր տեղը դարձուր», վասնզի ամէն սուր առնողները սրով պիտի կորսուին»--Մատ. ԻԶ.52: Հիմա տեսնենք թէ ի՞նչ կը խօսի Յիսուս խաչի մասին: «Եթէ մէկը Իմ ետեւէս գալ կ՛ուզէ, թող իր անձը ուրանայ և իր խաչը վերցնէ ու Իմ ետեւէս գայ» Մատ. ԺԶ.24:
Ի՜նչ անհամեմատելի կերպով տարբեր իմաստներ ունին՚ մէկը միւսէն: Ուրեմն ի՞նչ պիտի ըսենք խաչակիրներուն: Ի՞նչ պիտի անուանենք այն բանակները, որոնք իրենց մահացու մեքենաներուն վրայ, առջեւէն և ետեւէն խաչ կը կրեն: Քրիստոնեայ կոչուած ազգեր, ի՞նչպէս պիտի արդարացնեն իրենց գործած նախճիրները, կողոպուտը և բռնաբարումը ուրիշ ազգաց վրայ, յանուն խաչի և Յիսուսի: Երբ մտաբերենք Ամերիկաներու գրաւումը Սպանացիներուն կողմէ և Ափրիկէի բռնաբարումը Եւրոպական պետութիւններու կողմէ, խաչի անունով,--մենք աՙյսօր իսկ կը գայթակղինք:
Ինծի պիտի ըսուի անշուշտ, որ վերոյիշեալ սխալները գործուած են անցեալի մութ ու խաւար դարերուն: Կուզէ՞ք տեսնել ներկայ դարու կոտորածները, կամ այսօրուան՚ խաչի անունով եղած գայթակղութիւններն ու վերքերը, որ կը կրեն աշխարհի հաւատացեալները, մանաւանդ Հայ եկեղեցւոյ հաւատացեալները:
Ինչո՞ւ Հայ ազգին իմաստուն հաւատացեալները հեռացած կամ հեռացուած են ազգային առաջնորդարաններէ կամ եկեղեցական վարչական կազմերէ: Անոնք հեռու կեցած են, որովհետեւ վիրաւոր են, ու ոմանք ալ խաչուած: Հայ ազգին ու եկեղեցւոյն մեծերը չեն գործածեր պողպատեայ սուր ու զէնք. սակայն կը գործածեն բռնադատութիւն և մենատիրութիւն: Ի՞նչ պիտի ըսեն ապագայ պատմագիրները մեր բաժան բաժան եղած եկեղեցիներուն և շուարումի մատնուած հայ հաւատացեալ գառնուկներուն մասին:
Խաչի նշանը Հայ եկեղեցւոյ մէջ, ոչ պողպատէ սուր և ոչ ալ լեզուի սուր ըլլալու է, այլ՚ ըլլալու է անձնուրացութեան, նուիրումի, զոհողութեան և եղբայրսիրութեան խաչ:
"զհոգի և զմարմին իմ":--
Մարդկային ներկայ ընկերութիւնը իր մարմինն ու հոգին մարզած է ու կրթած մէկ նպատակի համար, որ է՚ ըստ ներկայ փիլիսոփայութեան՚ "յաջողութիւն" (success): Ու այս յաջողութեան նշանը դրաՙմն է և հարստութիւնը: Շատ քիչ հաւատացեալներ կան, որոնք նման Սբ. Շնորհալիին՚ հարստութիւնն ու դրամը պատրանք և մեղք կը դաւանին: Ես ըսել չեմ ուզեր որ աղքատ և կարօտ ըլլալը դրամ ունենալէն աւելի լաւ է: Բայց, կեանքի մէջ, աստուածահաճոյ և մարդավայել դիմագիծ ունենալու պայմանը՚ դիրքն ու դրամը պէտք չէ ըլլայ:
Շատ քիչ բացառութիւն է, գրեթէ բոլոր ազգաց մօտ, հարստութեան տիրացող մարդոց մէջ գտնել անձեր՚ որոնք միաժամանակ կրցած են կոչուիլ մեծահարուստ բարոյական յատկութիւններով, առաքինութիւններով, ապրած ու գործած անձնուրացութեամբ, զոհողութեամբ և իրենց ժամանակը տրամադրելով ուրիշներու:
Մեծահարուստներու մեծագոյն մասը՚ ուրիշները կողոպտելով, շահագործելով կամ կործանելով կերտած են հարստութեան կայսրութիւններ, որոնց, բուրգերուն իւրաքանչիւր քարին տակ կը հանգչին ոսկորները կամ գանկերը անմեղ գործաւորներու և գերի շինարարներու:
Մարդկային պատմութեան մեծահարուստ բայց աղքատահոգի այս յուսահատ-հարուստները, "գնելու" համար Աստուծոյ Արքայութիւնը, մեծ գումարներ կը նուիրէն կամ կը կառուցանեն կրօնական և մշակութային հաստատութիւններ: Անոնք չեն գիտեր, որ Աստուած՚ առեւտրական մը չէՙ: Աստուած երբ ներում շնորհեց մաքսաւոր մեծահարուստ Զաքէոսին, ոչ թէ որովհետեւ այդ մաքսաւորը նուիրատւութիւն ըրած էր Եկեղեցւոյ, այլ որովհետեւ ան ապաշխարած էր: Այսինքն՚ հրաժարած էր աշխարհիկ անվաւեր գործերէ: Զաքէոսի պատմութիւնը յոյս մըն է՚ նոյնիսկ մեծահարուստ կամ կողոպտիչ փառամոլի մը, զոր Աստուած՚ հակառակ անոր բոլոր մեղքերուն՚ կը սիրէ և պատրաստ է ներելու, եթէ ապաշխարէ:
Շնորհալին, որովհետեւ շատ լաւ գիտեր մարդ արարածին որքան տկար և դիւրաբեկ ըլլալը հանդէպ մեղքին ու փորձութեան, կու տայ պաշտպանութեան բանալին և գաղտնիքը, որպէս խաչ և ոչ որպէս սուր, որովհետեւ մեր պայքարը ոչ տեսանելի է և ոչ շօշափելի, այլ աննիւթական է և հոգեպէս կը տեսնուի: Խաչը, ցոյց կու տայ մեզի դեւերու փորձութիւնը, անիրաւութիւնը և մարմնոյ ու հոգւոյ վտանգաւոր սայթաքումները: «Որովհետեւ մեր պատերազմը մարմինի և արիւնի հետ չէ, այլ իշխանութիւններուն և պետութիւններուն հետ, այս խաւար աշխարհի տիրակալներուն և երկինքի տակ եղող չար ոգիներուն հետ»--Եբես Զ.12:
15.--Պահապան ամենայնի Քրիստոս, աջ քո հովանի լիցի ի վերայ իմ ի տուէ և ի գիշերի, ի նստիլ ի տան, ի գնալ ի ճանապարհ, ի ննջել և ի յառնել, զի մի երբեք սասանեցայց. և ողորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս:
"Պահապան ամենայնի Քրիստոս":--
Մարդ երբ հարստութիւն դիզէ կամ զօրաւոր դիրքի մը տիրանայ, զայն պահելը շատ աւելի դժուար կ՛ըլլայ և յոգնեցուցիչ, քան զայն շինելը: Որովհետեւ, եթէ ժառանգած է այդ հարստութիւնը՚ ինք չէՙ յոգնած, իսկ եթէ աշխատած է շինելու համար՚ երկար տարիներ յատկացուցած է: Իսկ զայն պահելու համար, մինչեւ կեանքին վերջը պէտք է աշխատի որ զայն չկորսնցնէ:
Ուրեմն, Յիսուսի դերը մեզի հանդէպ տակաւին չէ վերջացած: Յիսուս մեզ պահելով և պաշտպանելով կը զբաղի ներկայիս: «Եթէ երթամ ու ձեզի տեղ պատրաստեմ, նորէն կու գամ և ձեզ քովս կ՛առնեմ, որպէսզի ուր Ես եմ՚ դուք ալ հոն ըլլաք»--Յով. ԺԴ.Յ:
Յիսուս միայն Իրեն հաւատացողները չէ որ կը պահպանէ, այլ ամբողջ մարդկութիւնը, մէջն ըլլալով անասունները, բուսականութիւնը, լեռները, ջուրերը և ինչ որ կայ արարչագործուած: Որովհետեւ աշխարհ իր ամբողջութեամբ Իՙրն է, Իր Ձեռքերուն ու մտքին մէկ ստեղծագործութիւնը և արտայայտութիւնն է: Եւ Ինք՚ անբաժանելի Էութիւնն է Իր Հօրը:
Նշանակալից և ուշագրաւ է գիտնալ, թէ ինչո՞ւ համար Ս. Շնորհալին փոխանակ "Պահապան Յիսուս" ըսելու, "Պահապան Քրիստոս" կ՛ըսէ: Ինչո՞ւ: Որովհետեւ,
Քրիստոս անունը շատ տարբեր իմաստ ունի երբ պահապան բառին կը կցուի: "Յիսուս Քրիստոս" ոճը այդքան շատ իմացուած է, մանաւանդ հայ Քրիստոնեաներու կողմէ, որ կարծես իր իմաստը կամ խորհուրդը կորսնցուցած է: Հետազօտենք Քրիստոս բառին իմաստը՚ ըմբռնելու համար արժէքը այս անպարտելի և անմահ անունին:
"Քրիստոս" բառը Յունարէն բնագրին մէջ կը նշանակէ "Օծեալ", անուշահոտ իւղով օծուիլ, ինչպէս Հայաստանեայց Եկեղեցին Սբ. Միւռոնով կ՛օծէ երախան մկրտութեան ժամանակ, պահպանելու համար մկրտուող անձը մեղանչելէ, կամ սրբագործելու համար զայն: Քրիստոս բառը, Եբրայեցերենի մէջ կ՛արտասանուի Մէսիհ, Անգլերէն Messiah, որ նոյնպէս կը թարգմանուի օծեալ:
Ինչո՞ւ Օծեալ: Կամ ի՞նչ կը նշանակէ Օծեալ բառը
Ներկայ ճարտարարուեստի մէջ օծել չափազանց գործածական բառ մըն է, մանաւանդ մետաղագործութեան մէջ: Օթոներու բոլոր մասերը "գրոմով" կ՛օծեն, որ չժանգոտին: Երկնասլաց հրթիռներու և աստղանաւերու բոլոր մասերը և ներքին գործիքները ոսկիով կ՛օծեն, որպէսզի ապականութիւնէ չազդուին մթնոլորտին մէջ: Օթոները undercoat կ՛ընեն և կը ներկեն որ անթառամ մնան երկար ժամանակ:
Յոյն դիցաբանութեան մէջ Աքիլլէս հերոսը, Սթիքս գետին մէջ մխրճուած էր, այսինքն օծուած էր, որպէսզի անխոցելի դառնայ, ու չմեռնի: Բայց որովհետեւ զինք ջուրը մխրճողը անոր գարշապարէն բռնած էր, գարշապարը չէր օծուած: Առասպելը կամ պատմութիւնը կ՛ըսէ մեզի, թէ Աքիլլէս նետով մը գարշապարէն վիրաւորուելով մեռաւ Տրովաթայի պատերազմին միւս սովորական ռազմիկներու նման:
Երբ կարդաանք մեր Տիրոջ Յիսուսի կեանքը, Ան կը կոչուի Օծեալ Տէր: Յիսուսի օծումը ըլլալով ամբողջական և Հօր Աստուծոյ կողմէ, կարելի է, ազատ իմաստով, կոչել զԱյն Անխոցելի և Անպարտելի Փրկիչ, Անմահն Փրկիչ: Այլ խօսքով՚ Անպարտելի Պահապան ու Պաշտպան արարածոց և իրաց:
Աջ քո հովանի լիցի ի վերայ իմ.--
Աղօթող հաւատացեալին փափաքն ու աղերսը անձնական և մտերմիկ հպում մըն է իր Տիրոջ հետ: Շփում մը Յիսուսի հետ: Դպչիլ մը Յիսուսի Աջին, ոչ որպէս տարակուսող Թովմաս, այլ Միքայէլ Անճէլոյի նկարագրութեան նման, կաւէն ու հողէն կենդանացող Ադամ մը՚ երբ Աստուած Իր Աջով զօրութիւն և կեանք կը փոխանցէ Իր արարած մարդ էակին::
Բոլոր կրօնքներու մէջ, նոյնիսկ, ոյժն ու օրհնութիւնը կը փոխանցուին քահանային աջովը--ձեռնադրութեամբ:
Ի տուէ և ի Գիշերի.--
Ինչպէս արկած մը կրնայ պատահիլ տան մէջ, օդին մէջ կամ ճամբորդութեան մը ընթացքին, նոյնպէս նաեւ փորձութիւնը կրնայ պատահիլ ցերեկին կամ գիշերին: Յիսուս շատ գեղեցիկ կերպով պատկերացուցած է Սատանային փորձութիւնը. «Ահա Սատանայ ձեզ փնտռեց, որ ցորենի պէս խարբալէ. բայց Ես քեզի համար աղօթեցի» --Ղուկ ԻԲ.31:
Ի նստիլ ի տան, ի գնալ ի ճանապարհ:--
Հաւատացեալ և փորձառու սուրբի մը վկայութիւնը ջափազանց յոյս և քաջալերանք կը ներշնչէ նորահաւատի մը: Այս կարելիութեամբ, հաւատացեալ մը ինքզինք բնաւ լքուած կամ Աստուծմէ մոռցուած պէտք չէ զգայ: Հաւատքիՙ կեանքին մէջ, ամենաքաղցր վիճակը, ընկերոչ մը ներկայութիւնն է: Ահա աՙյս է հարստութիւնը և գանձը, զոր Յիսուս կը մատուցանէ Իրեն հետեւողներուն, ու կ՛ըսէ.
«Եւ ահաւասիկ Ես ձեզի հետ եմ բոլոր օրերը՚
մինչեւ աշխարհի վախճանը»:
16.--Աստուած իմ, որ բանաս զձեռն քո, և լնուս զամենայն արարածս ողորմութեամբ քով. Քեզ յանձն առնեմ զանձն իմ. Դու հոգա և պատրաստեա զպէտս հոգւոյ և մարմնոյ իմոյ յայսմհետէ մինչեւ յաւիտեան. և ողորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս:
«Աստուած իմ, որ բանաս զձեռն քո».--
Որքա՜ն վստահութիւն ունի հաւատացեալ աղօթողը, որ Աստուծոյ ձեռքը բաց է ու ոչ երբեք գոց: Անոնք, որ իրենց ձեռքը բանալ չեն գիտեր, կը կոչուին ժլատ և կծծի, կամ գձուձ և ագահ: Միայն բաց ձեռքէն կը հոսի օրհնութիւն և բարիք: Բաց ձեռքերով կ՛ողջունես սիրած անձդ և կ՛ողջագուրուիս հետը: Երբ մարդ անասունի մը մօտենայ գոց ձեռքով, նման բռունցքի, այդ անասունը կը փախջի իրմէ, փոխանակ մօտենալու: Բաց ձեռքը սիրոյ հրաւէր է և բարեկամութեան նշան: Հաւատացեալը՚ այդ շնորհներով լեցուն կը դաւանի Աստուծոյ ձեռքը:
«Լնուս զամենայն արարածս ողորմութեամբ քով».--
Աստուոծոյ քով աչառութիւն չկայ: Ամէն էակ սիրելի է Իրեն, նոյնիսկ անբան, անխօս անասունները: Անասունները խօսիլ չեն գիտեր որովհետեւ Աստուած հետերնին չէ խօսած որ խօսիլ սորվէին:
Ողորմութիւնը, որ միշտ բարձրէն կամ բարձրագոյն Էութենէ մը կու գայ, կարեկցութեան և գթութեան դիրք մը կամ վարմունք մըն է: Այս չի նշանակեր, սակայն, զիջումի կամ խոնարհութեան նշան է հանդէպ սխալի կամ մեղքի, այլ՚ արտայայտութիւնն է Գթացողին սիրոյն ու քաղցրութեան հանդէպ Իր արարածներուն:
Սրբազան Գրականութեանց մէջ աստուածային ողորմութիւնը աննախապաշար ու ձրի կերպով կը տրուի արժան կամ անարժան սեպուողին, որովհետեւ այսպէս կ՛արտայայտուի աստուածային Էութիւնը: Քրիստոնէական աստուածաբանութեան մէջ, աստուածային ողորմութիւնն ու Անոր արդարութիւնը երբէք հակասական կամ աններդաշնակ չի գտնուիր, երբ դիտենք զԱստուած Յիսուսի խաչին ընդմէջէն: Յիսուսի խաչը՚ Աստուծոյ սիրոյն, հաշտութեան և ներումի արտայայտութիւնն է: Մարդ արարած այն ատեն միայն կը հասկնայ խորքը այդ խորհուրդին, երբ ինք եւս, իր կարգին, դառնայ ողորմած և ներող:
«Քեզ յանձն առնեմ զանձն իմ».--
Տիեզերքի մէջ մարդ էակին համար ամենարժէքաւոր բանը որ գոյութիւն ունի, իր անձն է: Մարդ իր անձին համար կը զոհէ իր հարստութիւնը, իր զօրութիւնը և ինչ որ ունի: Դիտա՞ծ էք երբ երեխայ մը, երբ կ՛սկսի խօսիլ: Երբ այս երեխան «Ես» կամ «Իմ» բառերը կ՛արտասանէ, այնպէս կը կարծէ թէ իր ամբողջ էութիւնը կը դնէ այդ կարճ բառերուն մէջ:
Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ, այս երեխային ամբողջ ունեցածը իր անձն է, իր գիտակցութեամբ ու հասկացողութեամբ:
Պահ մը կրնա՞ք երեւակայել, թէ ինչպէս գիտակից, ուսեալ և կեանքի փորձառութիւնները ամբարած ու կեանքի ապրումները վայելող անձ մը, իր այդ ունեցած անձնաւորութիւնը--իր էութիւնը--կրնայ վստահիլ ուրիշի մը, իր ինքնութիւնը տրամադրել ուրիշի իմաստութեան, ենթարկուի ուրիշի մը քմահաճոյքին և ինքզինք ստորադասել ուրիշի կամքին: Այս բոլորը կ՛ընէ ոչ թէ որովհետեւ կալանաւոր մըն է ինք կամ պարտուած մը, այլ՚ իր ազատ կամքով:
Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ աստուածային սէրն ու ողորմութիւնը այնպիսի անակնկալ լուսաւորում մը կ՛ըլլայ մեղաւորիս, որ ենթական կ՛ստիպուի կամ կը տարուի ինքն ալ փոխադարձել աստուածային այս անակնկալ սիրոյ նուէրը, որ իր անձը կ՛ընծայէ սիրոՙյ Արարիչին: Աստուած ոչ թէ կ՛ուզէ նուաճել մարդը, կամ պարտութեան մատնել մեղաւորը, այլ՚ կ՛ուզէ գրաւեՙլ և շահիՙլ մարդը: Անկարելի է հրապուրել կամ մոլորեցնել աստուածային գիտութիւնը ունեցող էակ մը առանց սիրոյ: Անձ մը երբ սիրոՙյ միջոցով հմայես, այդ անձին հետ կը նոյնանաս. իսկ եթէ նոյն անձը ուժի զօրութեամբ գրաւես, անպայման օր մը կ՛ըմբոստանայ քեզի դէմ:
«Դու հոգաՙ և պատրաստեաՙ զպէտս հոգւոյ և Մարմնոյ իմոյ.--
Ասոնք ոչ թէ պարտութեան խօսքեր են, այլ՚ սիրոյ և վստահութեան: Սիրոյ և վստահութեան Անոՙր, որ ոչ թէ զինք կալանաւորեց և գերեց, այլ որդեգրեց: Ինչպէս չորրորդ դարու Ս. Օգոստինոս կը վկայէ ըսելով.
«Մեր հոգիները--անձերը--պիտի չհանգչին,
մինչեւ որ հանգչին Քու մէջդ»:
Հոգալ կը նշանակէ դարմանել, խնամել, ճարել կամ հայթայթել: Մարդկային գերագոյն զբաղմունքը եղած է ինքզինք հոգալ, պատմութեան սկիզբէն մինչեւ մեր օրերը: Մարդոց ամենամեծ հոգը եղած է հոգալ իրենց մարմնական պահանջքը և ապա իրենց հոգիները:
Եգիպտոսի Փարաւոնները այնքան հոգ կը տանէին իրենց մարմինին և հոգիներուն, որ իրենց հպատակները մոռցան որպէս մարդկային էակներ:
Աշխարհի պատմութեան բոլոր մեծամեծները (չեմ գիտեր բացառութիւններ կա՞ն) մեծ Եղան, ուրիշները հարստահարելով կամ բռնատիրութեամբ՚ հոգալով միայն իրեՙնց անձերուն դիրքն ու փառքը: Իրենց արարքը քրէական պիտի չըլլար, եթէ իրենց ընկերները գերի չ՛ընէին կամ անոնց հետ անբան անասուններէ աւելի գէշ չվարուէին: Պատմութեան մէջ, հզօր, մեծահարուստ և հերոս կոչուածներ, քիչ բացառութեամբ, ոչ թէ հոգացած են իրենց ենթակայ եղող ժողովուրդները, այլ անարդար և անիրաւ կերպով կեղեքած են զանոնք ու երբեմն հաճոյքի համար սպաննած են զանոնք:
Մեծն Թէոդոս Հռոմէացի, Քրիստոնեայ կարծուած Կայսրը, 390 թուականին՚ բարկութեան մը պահուն հրամայեց սպանդը ամբողջ Թէսաղոնիկէի ժողվուրդին--մեծերուն, երեխաներուն, կիներուն և այր մարդոց, մօտ 7000 հոգի: Ահաւասիկ արքայ մը, որուն յանձնուած էր քաղաքի մը պաշտպանութիւնը:
Երբ հազարաւոր արի Հռոմէացի երիտասարդներ կամաւոր արձանագրուելով կռուեցան հայրենիքի և իրենց կայսրերուն համար, երբ վերադարձան տուն, ափ մը հող չունէին՚ զոր կարենային կոչել իրենցը: Որովհետեւ իրենց բացակայութեան իրենց հօրենական հողը գրաւուած էր հարուստ դրամատէրներու կողմէ:
Անգլիոյ Սէսիլ Ռոհտըս իր համբաւն ու մեծութիւնը կերտած է անզէն Ափրիկեցի խափշիկներ սպաննելով ու հազարաւոր թշուառ անգլիացի զինւորներ անթաղ ձգելով Ափրիկէի կիզիչ անապատներուն մէջ, յանուն Մայր Հայրենիքի յաղթանակին ու փառքին:
Սակայն, իսկական մեծն ու իրական Գերագոյնը՚ Աստուած Ճշմարիտ Իՙնք կը հոգայ Իրեն ենթակայ եղողները և Իր Արեաՙն գնով կը պաշտպանէ Իրեն յանձնուած անձերը:
"Դուն հոգաՙ" խօսքը սուրբ Շնորհալիին, անձնական պատասխանատուութենէ փախչիլ չէ, այլ՚ ընդունիՙլ է իրմէ աւելի Զօրաւորին և Սիրողին երկարած օգնութեան Ձեռքը: Իրմէ աւելի Հզօրին կամովին ենթարկուիլը և Անոր ապաւինիլը՚ ծուլութեան կամ տկարութեան նշան չէ, այլ՚ ներդաշնակութիւնը սիրել է: Գիտակից անձնէ միայն, որ սահմանագծումը կամ սահմանափակումը կրնայ ճանչնալ և ըմբռնել:
«Յայսմհետէ մինչեւ յաւիտեան.--
Երբ մարդ կ՛ունենայ իր էութեան ու հանգամանքին աժէքաւոր և յաւիտենական ըլլալու գիտակցութիւնը, և կը հասնի իր ներկայ գոյութեան որքան կարճ ըլլալու հասկացողութեան, մերկանալով իր ամբարտաւանութենէն, ինքզինք կը յանձնէ տիեզերքի Յաւիտենականին՚ Արարիչին վստահելով Անոր սիրոյն և ողորմութեան:
Ինչո՞ւ տիեզերքի ամենակարեւոր արարածը՚ հանճարեղ մարդը, որ հասած է հեռատեսիլի, օդանաւի և հիւլէական ոյժի նման գիւտերու, իր կեանքը, և ներկայ գոյութիւնը կը վստահի աստուածային Էութեան, զոր չիՙ տեսնէր:
Շատ բաներ կան զորս մարդ արարածը չի տեսնէր, սակայն կ՛զգայ: Կրնա՞ս տեսնել, թէ զաւակդ քեզի որքան հաւատարիմ պիտի ըլլայ կամ պիտի սիրէ՞: Բայց, ծնունդ կու տաս անոր և երկար տարիներ կը խնամես զինք առանց որեւէ ակնկալելութեան:
Երբ կը դիտես քու գոյութիւնդ կամ կեանքդ և կը բաղդատես քու ապրումի շրջանդ յաւիտենականութեան հետ՚ քու կեանքդ միայն կայծ մը կը թուի ըլլալ: Կայծ մը ինչպէս գիշերային շողարձաակ ճճիի մը: Սակայն սա մէկ գլխաւոր տարբերութեամբ, որ յաւիտենականութիւն կաՙրժէ: Այդ տարբերութիւնը սա է՚ որ այդ կայծին մէջ գիտակցութիւն մը կայ: Այս գիտակցութիւնը մարդկային կայծին մէջ անուրանալի իրողութիւն է: Մարդկային արժէք կու տայ այդ հիւլէական փոքրաժամ րոպէին: Երբ մարդ որպէս արարած իր Արարչին ապահովութեան և պաշտպանութեան կը վստահի և կը յանձնէ իր «Կայծ հիւլէն», Աստուած զայն կ՛ընէ հիւլէական ռումբի նման զօրեղ և յաւիտենական:
17.--«Դարձուցիչ մոլորելոց դարձո զիս ի չար սովորութեանց իմոց ի բարի սովորութիւն, և բեւեռեա ի հոգի իմ սոսկալի օր մահուն, և զերկիւղ գեհենոյն. և զսէր արքայութեանն, զի զղջացայց ի մեղած, և գործեցից զարդարութիւն. և ողորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս»:
Դարձուցիչ մոլորելոց.--
Որքա՜ն հանճարեղ և հեռատես է այս ադամորդի սուրբը, որ չ՛ըսէր վերա-դարձուցիչ, այլ կ՛ըսէ դարձուցիչ:
Ինչո՞ւ:
Առարկայ մը կամ անասուն մը երբ կը դարձնես կամ կը վերա-դարձնես, երբեք տարբերութիւն չ՛ընէր, իսկ երբ մարդկային մոլորեալ անձի մը գայ հարցը, տարբերոութիւնը կ՛ըլլայ անպարագրելի:
Որովհետեւ մարդ էակ գիտակցութիւն և ազատ կամք ունի: Երբ փորձես զինք իր ընթացքի առանցքին և հոլովումին մէջէն վերա-դարձնել դէպի ուղիղ ճանապարհ, փոխանակ իրեն օգտակար ըլլալու կրնաս վնասակար ըլլալ: Մեղաւոր մը եթէ ուրիշի մը թելադրութեամբ ետ դառնայ դէպի ուղիղ ճամբայ, մօտ ատենէն կրկին կրնայ մոլորիլ: Իսկ, երբ մոլորեալ անձը՚ իր առանցքի թաւալումին մէջ լման շրջան մը ընէ ու տեսնէ իր մոլորումը և նշմարէ իր կորուստը, նման "Անառակ Որդւոյն" առակին: Որովհետեւ, մինչեւ որ Անառակ Որդին սովահար ըլլալով խոզերու գարշելի ներկայութիւնը չ՛զգաց և "ինքզինքին" չ՛եկաւ: Անգամ մը որ իր անկումին հաղորդ, եղաւ, ապաշխարեց: Այնուհետեւ իր առանցքին վրայ շարունակեց դառնալ ու եկաւ հասաւ իր հօրը տունը:
Երեւակայենք պահ մը, եթէ Անառակին հայրը աճապարէր և իր բարեկամները ղրկէր իր որդւոյն ետեւէն որ զայն տուն վերադարձնեն: Կարելի է որ տղան վերադառար տուն, սակայն անոր հոգին միշտ քաղաքի զուարճութեանց մէջ պիտի ըլլար. պիտի վերադառնար հօրը տունը, բայց առանց զղջումի և ապաշխարութեան ու հաւանաբար պիտի մնար մոլորած:
Աստուած ինչո՞ւ մոլորեալները դաարձի բերել կ՛ուզէ: Որովհետեւ "մոլորեալ" բառը կը նշանակէ խաբուած կամ տարհամոզուած: Երկնակամարի վրայ երբեմն երեւցող գիսաւորներուն մոլորեալ աստղ անունը կու տանք: Որովհետեւ իրենց ընտրական թափառումին մէջ աննպատակ են: Նոյնպէս նաեւ մոլորեալները ասդանտական և անիմաստ կեանքեր կը վարեն: Շուարած, խաբուած և իրենց ճամբան կորսնցուցած անձեր են...:
Այսպիսի հոգիներ աշխարհի վրայ բազմաթիւ են, և մեզ չեն մտահոգեր: Ինչո՞ւ, որովհետեւ մերը չեն. մեր զաւակները չեն: Երեւակայեցէք պահ մը, որ ձեր զաւակը խաբուելով ու սխալ և սուտ համոզումներով տունէն հեռանայ կամ հեռացուի: Ի՞նչ կ՛ըլլայ այդ ծնողքին վիճակը: Միայն այսպիսի փորձա- ռութեան մը մէջէն անցնող անձ մը կ՛զգայ վիշտն ու տառապանքը: Կը յիշեմ, 37 տարիներ առաջ մեծահարուստ բարեկամ մը եկաւ մօտս և լալով խնդրեց որ օգնեմ իրեն: Իր մէկ հատիկ զաւակը համոզած, խաբած և իրմէ հեռացուցած էին: Երկնաւոր Հայրն ալ կը տառապի իր միլիոնաւոր մոլորած զաւակներուն համար:
«Դարձոՙ զիս ի չար սովորութեանց իմոց ի բարի սովորութիւն:
Երբ գնդակ մը վերէն վար իյնայ, մինչեւ որ գետին չզարնուի, վեր չի ցատկեր: Այնպէս ալ է մոլորեալ մը: Այսպէս ալ մոլորեալ անձ մը չ՛զգայ, չ՛անդրադառնայ կամ չգիտակցի իր անկումը, զոր զգացական հանդիպում մը կը նկատեմ ես, այն անձը չխոստովանիր ու չապաշխարէր: Այս հոգեկան ընդհարումը մարդուս բանականութեան մէջ արժէքներու պայքար մը կ՛սկսի, բարիի և չարի գիտակցութեան, ու ենթական կը տեսնէ չարին ահաւոր զօրութիւնը ու բազկատարած կ՛աղերսէ իր Տիրոջ, ինչպէս Պետրոս ըսաւ. «Տէ՜ր ազատէ զիս»: Նոյն պահուն Յիսուս կը հասնի, քալելով ու կոխկռտելով ամեհի ալիքները, ու բռնելով մոլորեալին երկարած ձեռքը, կ՛ազատէ զայն կատղած ալիքներու ճիրաններէն:
Մինչեւ որ մեղաւոր մը իՙր մոլորած վիճակին գիտակցութիւնը չունենայ, ու աստուածային միջամտութիւնը չխնդրէ, Աստուած չիՙ կրնար օգնել այդ թշուառականին:
«Բեւեռեալ ի հոգի իմ զսոսկալի օր մահուն».--
Մահուանէ չսոսկալ՚ հերոսութիւն մը չէ, այլ՚ կեանքին իմաստը կամ գեղեցկութիւնը չհասկնալ է: Թէեւ ոչ ամէն պարագայի մէջ, մահը կեանքի մը վերջաւորութիւնը կը նշանակէ: Ինչպէս կեանքը ապրիՙլ կը նշանակէ կամ գոյ ըլլալ, նոյնպէս մահը կը նշանակէ չգոյ ըլլալ: Երբ կարգ մը մարդոց համար կեանքը կորսնցնէ իր իմաստն ու հրապոյրը, այդ անձերէն ոմանք երբեմն անձնասպան կ՛ըլլան: Որովհետեւ այլեւս իրենց համար կեանքի գոյութիւնը իմաստ ունենալի կը դադրի:
Իսկ անոնք որ կեանքի նշանակութիւնը ճանչցած են, ու ապրիլը իրենց համար երջանկութիւն եղած է, կուզեն յաւերժօրէն ապրիլ:
Դաժան ու անողոք մահուան դիմաց, կային նաեւ ուրիշ դասակարգի պատկանողներ, ինչպէս Ս Իգնատիոս, Ս. Կիպրիանոս և կամ իմաստասէր Ս. Յուստինոս և հազարաւոր մարտիրոսներ նման Հռիփսիմեան կոյսերուն ...: Ասոնք դիմագրաւեցին զարհուրելի մահը՚ ոչ թէ որովհետեւ կեանքի մասին անգէտ էին, այլ՚ հաւաՙտք ունէին իրենց յաղթական Փրկիչին Յարութեան: Այս դասակարգի անձերուն մօտ մահը սոսկում չէր ազդեր, որովհետեւ իրենց հաւատքը և գիտակցութիւնը սեւեռեալ և բեւեռալ էր, իրենց Անպարտելի Փրկչին Յիսուսի յաղթութեան, մահը Յաղթահարողին վրայ:
«Զերկիւղ գեհենոյն».--
«Գեհեն» բառը Յունարէն (Geenna) է և Եբրայերէն (Hinnom), որ կը նշանակէ Հիննոմի հովիտը, ուր Իսրայէլացիներ ժամանակին իրենց երախաները չաստուածներու կը զոհէին, Մողոք չաստուծոյն: Ի վերջոյ այս ձորը որպէս անէծք գործածուեցաւ և դարձաւ աղբանոց: Այս ձորին մէջ գիշեր ցերեկ կրակ կը վառէր, որպէսզի հոն թափուած բոլոր աղբերը չհոտէին և հիւանդութիւն չտարածուեր: Գեհեն բառը երբեմն փոխաբերաբար գործածուած է "դժողք" բառին տեղ:
Սուրբ Գրոց թարգմանիչներ (sheol) բառը 31 անգամ "գերեզման" թարգմանուած է ու 31 անգամ ալ "դժողք" նոյն Եբրայէրէն բառը. 3 անգամ ալ "անդունդ": Իսկ Յունարէն (Hades) բառը 10 անգամ "դժողք" թարգմանուած է ու մէկ անգամ "գերեզման": Վերոյիշեալ Եբրայերէն և Յունարէն դժողք և գերեզման բառերը իրենց իրական իմաստով կը նշանակեն անտեսանելի վիճակ, կամ անտեսանելի աշխարհ:
Մահուան սոսկումը հաւատացեալ Քրիստոնեայի մը համար չէ, ինչ որ նկարագրած է մեզի բանաստեղծ Տանթէ իր քերթուածագիրքին մէջ, այլ՚ այն անգտանելի, անհասանելի գիտակցութիւնն է, որ վարագոյրի նման մեզ անդենականէն կը զատէ: Մարդ որ կենդանի է այժմ, մահը զայն կ՛ընէ անկենդան: Մեր այս ինքնութեան կորոՙւստն է, որ մեզ կը սարսափեցնէ մահուան դուռը զանգելէ առաջ:
«Եւ զսէր արքայութեանն».--
Ս. Ներսէս Շնորհալին իր սրտին մէջ ոչ թէ միայն վախ ու սոսկում կ՛ուզէ բեւեռել, այլ նաեւ սէր հաստատել իր ներաշխարհին մէջ: Ինչպէս երկրագունդը ունի երկու բեւեռներ, հիւսիսային և հարաւային, նոյնպէս հաւատացեալ մը ունի սոսկում հանդէպ մահուան և դժողքի, ու սէր առ Աստուած և Անոր արքայութեան: Հարկ է շեշտել սա մէկ կարեւոր կէտը, թէ մեր սոսկումը և վախը Աստուծմէ չէ, այլ մահուանէն և մեղքէն, իսկ մեր սէրը ու վստահութիւնը առ Աստուած է:
«Զի զղջացայց ի մեղաց, և գործեցից
զարդարութիւն».--
Երբ սուրբեր ու ճշմարիտ հաւատացեալներ, այսպէս յաճախ և շարունակ, զղջում և մեղք բարերը կը գործածեն, թող մեզի խորթ չթուի և ոչ ալ անպատեհ: Մեզմէ քանինե՞ր գտնուած են արդիական բնալուծարաններէ ներս, կամ արբանեակներու շինարարական աշխատանոցին մէջ: Գիտէ՞ք որքան մանրազննին քննութիւններէ կ՛անցընեն այցելուն, պահանջելով մարմնի մաքրութիւն, զգեստի մաքրութիւն, կոշիկներու հանում, գլխու ծածկոց: ինչո՞ւ այս խստագոյն մաքրութիւնը և սրբութիւնը: Որովհետեւ ամենափոքր մէկ փոշին կրնայ այդ շինութեան մէջ եղող մեքենան խանգարել:
Նոյնն է նաեւ աստուածային սրբութիւնը բարձրագոյն գիտակցութեան ըմբռնումին մէջ: Որքան մօտենաս Աստուծոյ, այնքան աւելի աչքառու կ՛ըլլան սխալներդ: Որքան ծանօթանաս Յաւիտենականին՚ այնքան անարդար կը տեսնես նախկին արդար սեպած արարքներդ ու կը ջանաս նմանիլ Արարչիդ, Որուն համար Յիսուս ըսաւ. «Կատարեալ եղէք ինչպէս ձեր Երկնա- ւոր Հայրը»--Մատթ. Ե.48:
18.--Աղբիւր անմահութեան, աղբերացո ի սրտէ իմմէ զարտասուս ապաշխարութեան որպէս պոռնկին, զի լուացից զմեղս անձին իմոյ յառաջ քան զելանելն իմ յաշխարհէս. և ողորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս:
«Աղբիւր անմահութեան«.--
«Անմահութիւն» բառը Սրբազան Գիրքերուն մէջ միայն հինգ անգամներ գործածուած է, այդ ալ միայն Նոր Կտակարանին մէջ: Երբեմն «անեղծանելի» իմաստով և երբեմն ալ «անմահ»՚ որ կը նշանակէ "չկարենալ մեռնիլ կամ մեռցուիլ": Անմահութիւնը՚ առաքելաշունչ բացատրութեամբ, կը յատկացուի միայն Հաՙյր Աստուծոյ: Պօղոս առաքեալ իր հոգեշունչ և հոգետես ներհայեցողութեամբ կը նկարագրէ զԱստուած, ըսելով.
«Որ միայն ունի անմահութիւն՚ անմերձենալի լոյսի մէջ բնակաեծ, զոր մարդոցմէ մէկը չտեսաւ. ոչ ալ տեսնելու կարող է. որու պատիւ ու զօրութիւն յաւիտեանս. ամէն»--Ա Տիմ. Զ.16:
Շատ խանդավառիչ և խորհրանշական է «աղբիւր» բառը որ Ս. Շնորհալին խոր իմաստով կը գործածէ»:
1. Այն իմաստը կու տայ որ Աստուած ըլլալով նախապատճառը բոլոր պատճառներու, տրամաբանական է եւս որ Ան ըլլայ նաեւ Անմահ:
2. «Աղբիւր» բառը իր մէջ ակամայօրէն կ՛իմաստաւորէ բխիլ և հոսիլ նշանակութիւնները: Ի՞նչպէս կարելի է որ աղբիւր մը իր չորս կողմը վազէ կամ հոսի առանց իր շրջապատը ոռոգելու կամ կենսաւորելու: Շնորհալին զԱստուած անմահութեան լիճ չի կոչեր՚ այլ աղբիւր կ՛անուանէ հոսումը որ կ՛ակնարկէ այն շարժուն Զօրութեան որ "ջուրերուն վրայ կը շարժէր" ու նաեւ շարժման դրաւ համայն տիեզերքը: Ուստի աս կը նշանակէ, ուր որ այս Անմահութեան շարժուն Ջուրը հասնի կամ դպչի՚ այդ ենթական անպատճառ պիտի ենթարկուի կենսախրախոյս կեանքի ազդեցութեան:
«Աղբերացո ի սրտէ իմմէ զարտասուս
ապաշխարութեան».--
Այստեղ պատկերալից երկու աղբիւրներու կը հանդիպինք, մին անմահութեան և Աստուածային որ կը նշանակէ կեանք տուող՚ իսկ միւսը մարդկային և արցունքաբեր, որ զղջում, ապաշխարութիւն և թողութիւն կը նշանակէ:
Յունարէն լեզուին մէջ՚ «ապաշխարութիւն» (metanoia) իր բառական իմաստով՚ մտքի և խորհուրդի--գաղափարի--յեղաշրջումն է: Օրինակ, երբ անձ մը նպատակ կամ ասպարէզ հետապնդէ ու յետոյ իր ուղղութիւնը փոխէ, ապաշխարած կ՛ըլլայ: Երբ պատերազմի մէջ զօրավար մը իր պարտութեան պատճառաւ իր ռազմավառութիւնը փոխէ՚ ապաշխարած կ՛ըլլայ:
Կրօնական փորձառութեան մէջ ալ, մարդ երբ իր յանցանքները և իր ընթացքին սխալ ըլլալը տեսնէ ու փոխէ իր ընթացքը՚ ապաշխարած կ՛ըլլայ: Աւետարաններու մէջ Մատթէոս Դ.17 և Մարկոս Ա.14,15 Յիսուս կոչ կ՛ուղղէ մարդոց որ փոխեն իրենց միտքը, մտադրութիւնը և սխալ հեռանկարը. այլ խօսքով, ապաշխարեն: Որովհետեւ Հրեայ ժողովուրդին մտադրութիւնն ու ակնկալութիւնը Աստուծմէ՚ միայն իրենց ազգայիՙն ազատութիւնն էր Հռոմէական լուծէն:
Առաքելադաւան Քրիստոնէութեան մէջ, ինչպէս կը հասկնանք Պօղոս առաքեալէն, ապաշխարութիւնը պարզ դերակատարութիւն մը չէ, այլ լման փորձառութիւն մըն է, զզուելով մեղքէ, գործելու ինչ որ ճշմարիտ և բարի է, և ինչ որ արդար ու աստուածահաճոյ: Այսինքն ընդհանուր ապրելակերպի ամբողջական կերպարանափոխութիւնը:
Ս. Յովհաննու Աւետարանին մէջ՚ ապաշխարութիւն բառը բնաւ գոյութիւն չունի: Բայց նոյն իմաստը տուող, կամ անոր փոխարէն նոյնքան զօրաւոր նշանակութիւն ունեցող պատուիրանը «Վերստին Ծնանիլն» է մտնելու համար Երկինքի Արքայութիւն.--Մարկ. Ա.15 և Յով. Գ.3:
«Որպէս պոռնիկին».--
Չ՛ըսէր քանի մը կաթիլ արցունք, այլ կ՛ըսէ պոռնիկին նման: Աւետարանին տեղեկագրութեան համաձայն այս պոռնիկը Յիսուսի ոտքերը իր արցունքներով կը լուայ ոչ թէ միայն կը թրջէ: Այս կը նշանակէ որ ապաշխարանքը արմատական փոփոխութիւն մըն է ու ոչ առ երես համաձայնութիւն մը նախկին մեղանչականութեան: Մարդկային արիւնը փոխուելով արցունքի պիտի լուայ ենթական, որ ան ալ իր կարգին փոխուի չարէն՚ բարիի և մեղքէն սրբութիւն:
«Զի լուացից զմեղս անձին իմոյ».--
Երբ մէկը լուացուելու չափ ապաշխարանքի արցունք թափէ, այլեւս ոչ ապացոյց հարկ է հաւատալու անոր զղջումին և ոչ ալ վկայ: Չմոռնանք երբեք որ սրտաբուխ արցունքներով ապաշխարող մեղաւորը՚ իՙնք կը լուայ իր մեղքերը, ինք ներքնապէս կը կերպարանափոխէ իր ապրելակերպը ներհայեցողութեամբ և ինքնամփոփման կարգապահութեամբ: Ներկայիս՚ բանտարկեալներ կ՛ուտեն ու կը խմեն առանց նիւթական վճարումի և խորհդազգաց զղջումի, ու երբ բանտէն կ՛արձակուին, կը կրկնեն իրենց նախկին ոճիրները: Ինչո՞ւ, որովհետեւ իրենց յանձանքները չեն լուացած զղջումի և ապաշխարանքի արցունքներով:
«Յառաջ քան զելանելն իմ յաշխարհէ.--
Մարդ երբ կը գիտակցի որ ինք այս աշխարհի վրայ միայն այցելու մըն է ու պիտի չուէ օր մը, իր կեանքը կ՛ապրի բոլորովին տարբեր հայեացքով, քան այն անձը որ կը կարծէ թէ ինք տեւականօրէն պիտի ապրի և մահը պիտի զանգէ ուրիշի մը համար: Բոլոր անոնք որ կեղեքած ու շահատիրած են մարդկութիւնը ու կոխկռտած անոնց իրաւունքերը, անձեր են որ չեն հաւատացած թէ օր մը մահը իրեՙնց ալ պիտի այցելէ:
Սուրբերը այնպէս ապրած են ու կ՛ապրին, որպէս թէ մահը աՙյդ օր իրենց դուռը պիտի զարնէ: Ոչ թէ որովհետեւ մահէն կը վախնան, այլ որովհետեւ մահուան հետ իրենց հաշիւը փակած են: Երբ անձ մը անսասան հաւատքով համոզուած է թէ ինք միայն այցելոՙւ մըն է այս աշխարհի մէջ, իր կեանքը կ՛ապրի որպէս Յիսուսի ուխտաւորը և զինուորեալը:
19.--Պարգեւիչ ողորմութեան, պարգեւեա ինձ ուղղափառ հաւատով, և բարի գործով, և սուրբ մարմնոյ և արեան քո հաղորդութեամբ գալ առ քեզ. և որորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս:
Պարգեւիչ ողորմութեան.--
Յաճախ մեր խնդրուածքները կ՛ուղղենք սխալ հասցէի: Հարուստներէ կը խնդրենք կամ ազգականներէ կ՛ակնկալենք: Երբ ամէն տեղէ մեր յոյսը կը կտրուի՚ միայն այն ժամանակ Աստուծոյ կ՛աղօթենք և կը դիմենք Երկնաւորին: Աստուաՙծ է պարգեւիչը, այլ խօսքով՚ Ան չի կրնար չպարգեւել: Ինչպէս արեւը չի կրնար լոյս չտալ, այնպէս ալ Աստուած չի կրնար չընծայել: Մեր ընելիքը միայն ընդունիՙլ է Իր նուէրը:
Ինչո՞ւ ոմանք ողորմութիւն չեն ստանար:
Մարդ երբ հպարտ է՚ ուրիշէ ողորմութիւն չ՛ուզեր ընդունիլ: Նպաստը, իր արժանապատուութեանը դպած կ՛ըլլայ: Արժանապատուութեան զգացումը որ մարդը՚ մարդ կ՛ընէ, երբ զուգորդուի գոռոզութեան հետ, արգելք կ՛ըլլայ որ մարդ, աստուածային ողորմութեան հասնի, և կը զրկուի երկնային պարգեւներէ:
Մարդ որքան ինքնագիտակից ըլլայ իր կարողութեան և իմաստութեան, նոյնքան նաեւ պէտք է ճանչնայ որ Աստուած անչափելի և անհունօրէն մեծ է իրմէ: Մարդը անասուններէն զատորոշող բնոյթը՚ իր արժանապատուութիւնն է, որ կու գայ արժանիք բառէն: Մարդ կ՛արժանանայ հերոս կամ իմաստուն կոչուելու, ուրիշներէՙ ու կը տիրանայ այդ տիտղոսներուն ուրիշներոՙւ միջոցաւ:
Յաճախ, մարդիկ արժանապատուութիւնը և հպարտութիւնը իրարու հետ կը շփոթեն: Հպարտութիւնը՚ մարդ ինք իր մէջ կ՛ստեղծէ, կ՛արտադրէ ուրիշները անարգելով: Արժանապատուութիւնը՚ պատիւի և արժանիքի միացումն է: Պատիւն ու արժանիքը մարդիՙկ է որ կու տան ուրիշներուն: Ուստի երբ մարդու մը արժանապատուութիւնը արգելք ըլլայ ընդունելու աստուածային ողորմութիւնը՚ այդ անձին արժանապատուութիւնը փոխակերպուած կ՛ըլլայ հպարտութեան, որ մեծագոյն մեղքը կը սեպուի:
«Պարգեւեայ ինձ ուղղափառ հաւատով».--
Ի՜նչ խոնարհութիւն աղօթողին սրստին մէջ: Խնդրուածքը ինքնին ապացոյց մըն է, որ այդ անձը ինչ վսեմութեամբ և հեզութեամբ կը տեսնէ զԱստուած:
«Ուղղափառ հաւատքը» ուղղափառ հաւատամքէ կը տարբերի: Անձ մը ուղղափառ հաւատք կրնայ ունենալ ոչ ուղղափառ հաւատամքով: Օրինակի համար, Հրեաները որ ուղղափառ հաւատամք ունէին որ Օրէնքն էր, ոչ ուղղափառօրէն հաւատացին Յիսուսի: Իսկ անդին խաչքամող Հռոմէացի հարիւրապետը որ ոչ-ուղղափառ հաւատամք ունէր--Հռոմէակաՙն հաւատամք-ուղղափառօրէն հաւատաց Յիսուսի, ըսելով. «Իսկապէս այս մարդը Աստուծոյ Որդի էր»--Մարկ. ԺԵ.39: Ուրիշ առթիւ Յիսուս զարմանալով ոչ Հրեայ հաւատացող Հռոմէացի հարիւրապետի մը համար ըսաւ. «Իսրայէլի մէջ անգամ ես այսչափ հաւատք չգտայ»--Մատթ. Չ.10:
Ինչո՞ւ հաւատալը հաւատամքէն կը տարբերի: Որովհետեւ հաւատալը գրական տառերով չի կրնար բացատրուիլ: Հաւատալը՚ մարդկային միտքը նիւթի կապանքներէն կ՛ազատագրէ և ինքնագիտակցութիւնը կը միաձուլէ աստուածային գիտակցութեան հետ: Եթէ երբեք կարելի ըլլար հաւատքն ու հաւատամքը բանաձեւել, Յիսուս իՙնք հաւատամք մը պիտի յօրինէր: Յիսուս ոչ միայն հաւատամք մը չշարադրեց՚ այլ նաեւ չի պահանջեց Իր աշակերտներէն: Յիսուսի փնտռածը, անձի մը խոստովանանքը չէր, այլ անոր անձնատուութիւնը, նուիրումը, զոհողութիւնը և սէրը առ Աստուած: Չմոռնանք երբեք Յիսուսի վերջին կտակը Իր աշակերտ Պետրոսին: Միթէ Յիսուս Պետրոսէն Նիկիակաՙն հանգանակը պահանջե՞ց: Ոՙչ: Յիսուսի անձկութիւնը և տենչը սա էր. «Պետրոս, զիս կը սիրէ՞ս»--Յով. ԻԱ.15:
Ներկայ Քրիստոնէական բոլոր եկեղեցիներու հոգեկան սնանկութեան պատճառը եղած է հաւատամքներու անհասկացողութիւնը և վարչաձեւերու պաշտամունքը: Կ՛ուզեմ անցեալէն բերել միայն մէկ օրինակ: Ս. Օհաննէս Ոսկեբերան Բիւզանդիոն մայրաքաղաքին Պատրիարքն էր: Իրեն հակառակորդ և իր աթոռին նախանձող, մրցակից Եպիսկոպոսներ, զինք հաւատաքննութեան ենթարկեցին ու իր հաւատամքին մէջ սխալներ գտնելով աքսորեցին Հայաստնի Կոկիսոն կոչուած վայր մը: Խեղճ ծերունի Պատրիարքը բոպիկ և հետիոտն Արարատեան լեռնաշխարհի ձիւնին ու թշուառութեան չդիմանալով հոգին աւանդեց:
Ահաւասիկ ուղղափառ հաւատացող Պատրիարք մը իբրեւ ոչ ուղղափառ հաւատամք ունեցող, բանադրուեցաւ, աքսորուեցաւ և չարչարանքով մահացաւ: Միթէ մեր Հայ ազգին հաւա՞տքը պակսած է, թէ եկեղեցիներու հոգեղէն պարեՙնը պակսած: Ոչ երբեք: Այլ վարչաձեւի և բառերու բաբելոնական կառուցուածքին պատճառաւ է, որ այսօր զիրար չենք հասկնար և չենք ճանչնար, որովհետեւ զիրար չենք սիրեր...: Սակայն մեր թշնամին՚ մեզ բոլորս ալ միայն որպէս մէՙկ ճանչցաւ, ու մեզ ջանաց սպաննել առանց դաւանական, վարդապետական և կուսակցական խտրութեան:
«Եւ բարի գործով».--
Ո՞ւր կրնաս սեղմեցնել ուղղափառութիւնը երբ գործ մը ինքնին բարի է: Բարիք գործելը ենթական գործակից կ՛ընէ Աստուծոյ, որովհետեւ Աստուած ինքն է Աղբիւրը բոլոր բարեաց: Երբ սիրենք անձ մը, կը ջանանք միշտ հաճելի երեւնալ անոր և գործել ինչ որ հաճելի է իրեն: Երբ սիրենք զԱստուած, և սիրենք Զինք ճշմարտապէս, չենք կրնար այլեւս բարի գործր չընել: Բարին գործելը մեզի բնական պիտի գայ որովհետեւ մեր ներսը պիտի բնակի այն Հոգին որ Սուրբ կը կոչուի: Ինչո՞ւ, Որովհետեւ.
«Սուրբ մարմնոյ և արեան քո».--
Ս. Իգնատիոս վկան, Յիսուսի Մարմնի և Արեան հաղորդութիւնը՚ "Անմահութեան կերակուր" կ՛անուանէր: Այս Սուրբ և խորհդանշական մենաշնորհը որ Յիսուս Իր հաւատարիմներուն վստահեցաւ, դժբախտաբար դարերու ընթացքին, դարձաւ ցաւի և կռիւի պատճառ: Այս բոլոր վշտալի և կրօնամոլ դէպքերը պատահեցան, ուղղափառ պահելու համար հաւատքը: Երկու կողմերն ալ պահեցին հաւատքը ուղղափառ, սակայն խաչած եղան կրկին՚ Սէրն ու Սիրողը: Ի՜նչ գեղեցիկ է Հայ բանաստեղծ Թէքէանի քերթողութիւնը այս մասին որ ան կ՛ըսէ.
«Ուր սկիհին մէջ կիՙջնէ Ինքն Աստուած, որուն առջեւ
գլխահակ՚ կու գայ իմ ազգս ամբողջ հաղորդուիլ
անցեալին, հաց ու գինւով կենսառողջ»:
Ինչո՞ւ չի հաւատալ որ Աստուած Իր Միածնին միջոցաւ կրնայ իջնել հացին և գինիին մէջ՚ երբ արդէն իջած էր կաւէ և հողէ մարդկային դիւրաբեկ մարմնին մէջ: Որովհետեւ, որպէս հաւատացեալներ, Տիրոջ Մարմնին ճաշակումոՙվ կը միանանք մեր Ստեղծիչին և իրարու հետ: Մենք ո՞վ ենք որ սահման կրնանք գծել ու եզր քաշել Յաւիտենականին շուրջ: Մարդ անսահման գիտութիւն չ՛ունի, այլ անհունութեան մէջ անոր գիտութիւնը տակաւին ենթադրութիւն մըն է բաղդատմամբ իսկականին ու էականին:
«Հաղորդութեամբ գալ առ Քեզ».--
«Հաղորդութիւն» բառը բազմիմաստ է բոլոր լեզուներու մէջ ինչպէս նաեւ Հայերէն լեզուի: Ցաւալին աՙյն եղած է՚ որ եկեղեցականներ այս անճառելի խորհրդանիշ բառ «հաղորդութիւն»ը իր սեղմ իմաստով գործածել կը շարունակեն: Հաղորդել կամ հաղորդուիլ կրնայ մարմնական ըլլալ, հոգեկան ըլլալ կամ իմացական: Հոգեկան կամ իմացական հաղորդութիւնը կրնանք հայերէն լեզուի մէջ կոչել փոխանցում:
Ս. Պատարագը որ հոգեկան և իմացական հաղորդութիւն մըն է Յիսուսի հետ որուն շօշափլելի նշխարները՚ հաց և գինի կու գան մեզի, հաւատացեալ- ներուս, հասկցնելու խորհուրդ մը, փոխանցելու գաղտնիք մը և տալու պարտականութիւն մը:
Հիւանդ մը երբ փոխանցիկ ախտով վարակուի, այդ անձը կը մեկուսացնեն որպէսզի հիւանդութիւնը ուրիշ մը չի վարակէ, այսինք՚ հիւանդութեան փոխանցումը ուրիշի մը չհաղորդուի:
Հաւատացեալ մը երբ հաղորդուի Ս. Պատարաքին՚ մասնակցած կ՛ըլլայ Յիսուսի բեկանեալ Մարմնին և հեղեալ Արեան: Այլ խօսքով հաւատացեալը պարտաւոր է փոխուիլ Յիսուսի ջախջախուած մարմնին: Հաւատացեալը ոչ թէ հաղորդուելու է միայն Յիսուսի Մարմնին և Արեան, այլ ինքն ալ նոյնանալով խաչեցեալին, դառնալու է խաչակից և տրամադրելով իր անձը անարգուելու, նախատուելու, վիրաւորուելու և նոյնիսկ նահատակուելու...:
Եթէ Կանտին և իր հաւատարիմ հետեւորդները չտրամդրէին իրենք զիրենք ծեծի, խոշտանգումի և նոյնիսկ մահուան, անոնք պիտի չկարենային ազատագրել իրենց հայրենիք Հնդկաստանը Անգլիական լուծէն:
Նոյն Ս. Պատարագի խորհրդանշանին թափանցած էր Մարթին Լուտէր Գինկ կրտս.: Ան ոչ թէ Ս. Պատարագի վարդապետական վիճաբանութեան կրկէսը մտաւ, այլ փոխակերպուեցաւ Յիսուսի հոգեմտաւոր զոհաբերութեանը, որ է՚ մարմնապէս կոտրտուիլ: Ինք և իր բազմաթիւ հաւատարիմները, որնցմէ շատեր յօշոտուեցան վայրագ շուներէ և ոմանք աւելի վայրագ մարդ գազաններէ, սակայն ի վերջոյ իրենց մարմնական ջախջախումը պարտութեան մատնեց յաղթական կարծուած բիրտ ուժը:
Կուզէ՞ս հաղորդուիլ Ս. Պատարագի խորհդազգաց վերացումին, մի մոռնար Անոր իմաստն ու խորհրդանիշը որ է, փոխակերպուիլ Յիսուսի կոտորակուած՚ "Բեկանեալ" Մարմնին և հեղեալ Արիւնին: Երբ հետեւինք մեր Խաչեցեալ Տէր Յիսուս Քրիստոսի որպէս ուխտաւորներ, շալակած մեր խաչերը, չենք կրնար ճամբան շեղիլ կամ նահանջել երբ հասնինք Գողգոթա: Զօդուելու համար մեր Տիրոջ Յիսուսի. հրամայական է և ակնկալելի որ կոտրտուինք փշրուինք ու մեռնինք:
20.--Բարերար Տէր, հրեշտակի բարւոյ յանլձն արասցես զիս քաղցրութեամբ աւանդել զհոգի իմ, և անխռով անցուցանել ընդ Յարութիւն այսոցն, որ են ի ներքոյ երկնից. և ողորմեա քո արարածոց և ինց բազմամեղիս:
«Բարերար Տէր».--
Ի՜նչ մեծ հպարտանքով կարգ մը անձեր կը ներկայացնեն իրենց բարերարները: Սոյն արարքը տեղին է և չափազանց վայելուչ: Անձ մը չի կրնար բարերար կոչուիլ մինչեւ որ բարիք մը չիրագործէ: Մարդ՚ խօսքով և թալաթասելով բարերար չ՛անուանուիր, այլ գործունէութեամբ: Ս. Ներսէս Շնորհալին՚ զԱստուած Բարերար Տէր կը կոչէ, այդ ապացոյց մըն է որ ան փորձառաբար վայելած է Աստուծոյ բարիքները, պաշտպանութիւն, խնամակալութիւն և մխիթարութիւն: Ոչ թէ միայն ականջալուր է, այլ իՙր կեանքին ու ապրումին մէջ ըմբոշխնած է Աստուծոյ բարերարութիւնները:
Աղքատ անձեր երբ հարստութեան տիրանան, ոմանք իրենց անցեալի բարերարները կը մոռնան: Այնպէս ըլլալու չէ հաւատացեալի մը համար: Հաւատացեալի մը բարերարը ճանցուելու է որպէս Տէր, որովհետեւ առանց Անոր միջամտութեան մարդ արարած պիտի շարունակէր ու մնար որպէս անբան անասուն՚ ընկեր չորքոտանիներու և կեր վայրի գազաններու: Պիտի նայէր, սակայն պիտի չտեսներ արեւածագը, պիտի դիտէր ծիածանն ու լսէր գեղգեղումը թռչնոց, սակայն պիտի չ՛ըմբռնէր այգալոյսի շողերն ու թռչուններու ներդաշնակ մեղեդիները: Ինչպէ՜ս չծնրադրենք ու չկոչենք այս Բարերարը՚ մեր Տէՙրն ու Աստուածը:
«Հրեշտակի բարւոյ յանձն արասցես զիս».--
Պարսկական կկրօնա-աւանդութիւններու մէջ հրեշտակներու գաղափարաբանութիւնը շատ զարգացած էր երբ Հրեայ աքսորեալներ տարուեցան Բաբելոն 700 Ն. Ք. տարիներ առաջ: Հրեշտակի գաղափարը Հրէական կրօնքին մէջ շատ հին է: Ծննդոց գիրքին մէջ յաճախ կը հանդիպինք հրեշտակներու մասին գրուած դէպքերու: Հրեաները երբ գերի տարուեցան Բաբելոն՚ հոն զարգացուցին հրեշտակներու գիտութիւնը:
Պարսկական կրօնքին հրեշտակներու յաւելեալ գաղափարները, մեզ Քրիստոնեաներս, պէտք չէ գայթակղեցնէ, զանոնք համարելով որպէս հեթանոսական առասպելներ: Ինչո՞ւ, որովհետեւ Յիսուս Ինք ալ հաստատ հաւատացող մըն էր հրեշտակներու գոյութեան և անոնց յարաբերական գործունէութիւնը մարդոց հետ: Յիսուս ներհուն և գեղեցիկ կերպով նկարագրեց հրեշտակներու գործունէութիւնը Մատթէոսի Աւետարան ԺԸ.10 մէջ, ըսելով. «Զգոյշ կեցէք որ չ՛անարգէք այս պզտիկներէն մէկը, քանզի կ՛ըսեմ ձեզի որ երկինքի մէջ անոնց հրեշտակները միշտ կը տեսնեն իմ Հօրս երեսը»:
Հրեշտակները կը պատկանին ոգիներու դասակարգին: Ոգիները ճանչցուած են որպէս սպասաւորներ կամ գործակատարներ մարդոց և Աստուծոյ միջեւ: Այսինքն՚ Աստուած կը գործէ հրեշտակաց միջոցաւ, կամ զանոնք ուղղարկելով ընդհանուր տիեզերք: Որովհետեւ հրեշտակները ոգիներու դասակարգին կը պատկանին, անոնց մէջ կը գտնուի բարի և չար հրեշտակներ: Այս պատճառաւ է որ Ս. Շնորհալին կ՛աղօթէ որ Աստուած զինք «բարի հրեշտակի» յանձնէ յետ մահու: Մտաբերելով Յիսուսի մէկ առակը, Ղուկ. ԺԶ.22, «Ու եղաւ որ այն աղքատը մեռաւ, ու հրեշտակները Աբրահամի գոգը տարին զանիկայ»:
Քրիստոնէական շարժման սկզբնաւորութեան՚ բոլոր հաւատացեալները կը հաւատային թէ Քրիստոսի յաղթական վերադարձը տեղի պիտի ունենայ Հրեշտակաց մեծ բազմութեամբ, ինչպէս եղաւ Անոր Ծնունդին: «Արեգակը պիտի խաւարի, ու լուսինը իր լոյսը պիտի չտայ: Եւ աստղերը երկինքէն պիտի թափթփին, ու երկինքի մէջի զօրութիւնները պիտի շարժին: Եւ այն ատեն պիտի տեսնեն Որդին Մարդոյ՚ ամպերու մէջ եկած մեծ զօրութիւնով ու փառքով»--Մատթ. ԺԳ.24-26:
Հրեշտակներու երեւումը մարդոց, և անոնց սատարած ծառայութիւնը, միայն գրական արձանգրութիւններ չեն կրօնաշունչ գիրքերու մէջ, այլ փորձառութիւններ են մարդկային կեանքին և պատմագիտութեան էջերուն մէջ: 16-րդ Դարու Աւետարանական և Բարեկարգութեան շարժումը իր բոլոր առաւելութիւններով, քանդիչ հարուածը տուաւ հրեշտակներու ըմբռնումին, և նամանաւանդ խորհրդապաշտական (mystic) որոնումներու յետազօտութեան: 17-րդ Դարու վերազարթնումին, Բողոքական մտաւորականութիւնը ջնջելով հրեշտակներու գաղափարը հոգեկան ասպարէզէն դասեց զայն բանաստեղծութեան երեւակայական կալուածը:
«Քաղցրութեամբ աւանդել զհոգի իմ».--
Հայերէն լեզուի մէջ "հոգին աւանդել" խօսքը ոչ Անգլերէնի և ոչ ալ Յունարէնի կը նմանի: Այնքա՜ն գեղեցիկ և իմաստալից են այս երկու բառերը Հայերէն լեզուի մէջ, որ կ՛արժէ հարցասէր ըլլալ:
Ինչո՞ւ:
Որովհետեւ "աւանդել" բառը կու գայ աւանդ բառէն որ կը նշանակէ՚ տալ պաշտպանութեան և հոգատարութեան համար կամ պահ դնել: Այլ խօսքով, կը նմանի դրամատան գործառնութեան: Ս. Շնորհալին չ՛ըսէր "թող զիս, հանգիստ մեռնիմ" կամ առանց չարչարուելու կորսուիմ ու չգոյանամ: Այլ՚ վստահ է Յիսուս Քրիստոսի Երկրորդ Գալստեան և մեռելոց Յարութեան:
Մարդիկ երբ երկար ճամբորդութիւն մը կը ծրագրեն, ընդհանրապէս իրենց արժէքաւոր սեպած առարկաները կամ դրամները, մէկու մը քով աւանդ կը ձգեն որ երբ վերադառնան վերստանան: Հայ հաւատացեալը նոյնպէս մահը կը նմանցնէ երկար ճամբորդութեան մը, և իր ամենաարժէքաւոր բանը որ իր էութիւնն է, իր կեանքը կամ իր հոգին, զայն կը յանձնէ Աստուծոյ որպէս աւանդ:
Ինչո՞ւ Ս. Ներսէս Շնորհալին Աստուծոյ կը վստահի և կը յանձնէ իր հոգին: Որովհետեւ այն Աստուածը որ յարուց Յիսուսը գերեզմանէն, կարող է նաեւ յարուցանել զինք երկարատեւ քունէ, որովհետեւ Քրիստոնեան չի մեռնիր՚ այլ ի Տէր կը ննջէ:
"Քաղցրութիւն" բառը այս աղերսին մէջ՚ "վստահութիւն" կը նշանակէ: Հաւատացեալի հոգին խռով չէ, միտքը կասկածոտ չէ ու իր գիտակցութիւնը մթագնած չէ: Բացարձակ վստահ է այնպէս ինչպէս Պօղոս առաքեալ կ՛ըսէ.
«Անոր համար այս չարչարանքներն ալ կը կրեմ. բայց ամօթ չեմ սեպեր, վասնզի գիտեմ թէ որու եմ հաւատացեր, և համոզուած եմ որ իմ իրեն աւանդած բանս --հոգիս--կրնայ պահել մինջեւ այն օրը»--Բ Տիմ. Ա.12:
Այսինքն, Յիսուս պիտի պահէ հոգիս մինչեւ Յարութեան արշալոյսին ծագիլը:
«Եւ անխռով անցուցանել ընդ չարութիւն այսոցն.--
Մարդ էակը՚ երբ շարունակաբար ինքզինք դիտէ և անտեսէ աշխարհն ու իր արտաքին և ներքին տիեզերքի անհունութիւնը, ինքզինք անգէտօրէն մեծ ըլլալ կը կարծէ, կամբարտաւանայ և ինքզինք աստուած կը կարծէ: Իրատես ըլլալէ կը դադրի և իր մտահաճոյ երեւակայութեան մէջ կ՛սկսի ապրիլ ու կը դառնայ պատրանքախաբ:
Իսկ այն անձը որ խոնահութեամբ կը դիտէ երկինքի անսահման արարչագործութիւնը կրնայ ճանչնալ ինքզինքը: Անծայրածիր անջրպետին մէջ՚ գիտէՙ իր էութիւնը, կը ճանչնայ իր ինքնութիւնը, իր ես-ն ու շունչը որոնք իրեն տրուած աւանդներ են միայն: Մարդ պէտք է իր կեանքը արգասաւորէ և բեղմնաւորէ յաւիտենականութեան այս կարճ շրջանին մէջ, որ նման է միայն կայծի մր տեւողութեան:
Ապրումի սոյն հոգեպարար կարճ տեւողութեան ընթացքին՚ մարդ էակ դէմ հանդիման կու գայ իր Արարչին ու կ՛սկսի ճանչնալ ճշմարտութիւնը, այլ խօսքով ինքզինքն ու իր Աստուածը: Գիտակցելով այս անճառելի Ուժին և տիեզերքի վիթխարի զօրութիւններուն, իր աղերսը լսելի կ՛ընէ Տիրոջ, իր հոգին և շունչը, որ իր բուն էութիւնն է, պաշտպանուելու դեւերու չար խափաններէն մինչեւ հասնիլը Աստուծոյ Թագաւորութիւնը:
21.--Լոյս ճշմարիտ Քրիստսոս արժանաւորեա զհոգի իմ ուրախութեամբ տեսանել զլոյս փառաց քոց ի կոչման աւուրն. և հանգչել յուսով բարեաց յօթեւանս արդարոց մինչեւ յօր մեծի գալստեան քո և ողորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս»:
«Լոյս ճշմարիտ Քրիստոս».--
Իրիկուան խաւարին մէջ երբ աստիճաններէ վար կ՛իջնենք, բազրիքները բռնելով կ՛իջնենք որպէսզի չգլորինք: Առաւօտուն երբ արեւը ծագի իրերն ու առարկաները կ՛սկսին երեւնալ և յետոյ անոնց գոյները յայտնուիլ: Մեր մարմնի կարգ մը ներքին մասերը երբ տեսնել հարկ ըլլայ, արդիական հնարաւորութիւնը իր տարբեր լոյսերով կամ ճառագայթներով մեզի շատ բաներ կը յայտնաբերեն:
Մարդ էակ միայն նիւթական մեքենայ (robot) մը չէ, այլ ունի յուզումնազգաց մտածումներ և ճանաչողութեան գիտակցութիւններ: Ուստի մարդ՚ թէՙ նիւթ է և թէՙ խորհուրդ, արեւի լոյսը չի կրնար թափանցել անոր մտածումին ու շարժառիթին խորքը: Ան պահանջքը կ՛զգայ լոյսի մը, որ կարենայ զանազանել չարը բարիէն ու ճշմարիտը կեղծէն:
Մարդկութիւնը չապրիր վճիտ ու պարզ աշխարհի մը մէջ, այլ՚ ան կապրի մանուածապատ, բարդ և խաւար աշխարհի մը մէջ: Աւետարանագիր Մատթէոս՚ խորհրդազգաց տեսողութեամբ կը գրէ. «Խաւարի մէջ նստող ժողովուրդը մեծ լոյս տեսաւ և մահուան աշխարհի ստուերներու մէջ նստողներուն՚ լոյս ծագեցաւ»--Մատթ. Դ.16: Ինչո՞ւ, որովհետեւ մարդ էակին ուղղուած մարտահրաւէրի կանչը և թիրախը, անասնութենէ դէպի երկնայինն ու աստուածանման ըլլալն է: Այս յորդորի անհրաժեշտ պահանջքը, Քրիստոսի ճշմարիտ լոյսին կարիքն է, որ մեր մտքին և գիտակցութեան մութը պիտի բարատէ ու մեր հոգիները և զգացումները պիտի լուսաւորէ իրենց թմբիրէն:
Յիսուս Ինք վկայակոչեց ըսելով. «Ես եմ աշխարհի լոյսը, ան որ իմ ետեւես կու գայ, խաւարի մէջ պիտի չգալէ, հապա կենաց լոյսը պիտի ունենայ»--Յով. Ը.12:
«Ճշմարիտ Լոյսը ան էր, որ աշխարհ եկող--կամ գալով--բոլոր մարդիկը կը լուսաւորէ»--Յով. Ա.9:
«Քիչ մը ատեն ալ լոյսը ձեզի հետ է. քանի որ լոյսը ունիք, քալեցէք, որ չ՛ըլլայ թէ մութը ձեր վրայ հասնի»--Յով. ԺԲ.35:
«Որոնց մէջ այս աշխարհի աստուածը--սատանան--անհաւաստներուն միտքերը կուրցուց, որպէսզի Քրիստոսի փառաց Աւետարանին լոյսը անոնց վրայ չծագէ»--Բ Կորնթ. Դ.4:
«Արժանաւորեա զհոգի իմ ուրախութեամբ տեսանել զլոյս փառաց քոյ ի կոչման աւուրն».--
Հազարաւոր օդանաւեր կը ճամբորդեն մթնոլորտային միջոցին մէջ: Երբ մութի մէջ հազարաւոր մղոններ թռչելէ յետոյ օդանաւերը կը հասնին օդակայան, զիրենք ընդունող օտար կառավարութեան օդակայանի պաշտօնեան լոյսի ճառագայթ մը կու տայ օդանաւորդին: Լոյսի այս ճառաքայթը միայն օդանաւորդ սպան կը տեսնէ, ոչ ճամբորդողները: Եթէ այս առաջնորդող լոյսի ճառաքայթը չ՛ըլլայ, հազարաւոր օդային ճամբորդներ կրնան կորսուիլ: Ս. Շնորհալին ալ իր խնդրանքին մէջ կ՛աղերսէ նման՚ «Փառաց լոյսը» Քրիստոսէ որ զինք ապահով նաւահանգիստ հասցնէ:
Մինչեւ քսան տարի առաջ, աշխարհի ճարտարարուեստը մեքենական էր, իսկ այսօր լուսեղէն է (electronics) լոյսի ճառագայթներով կ՛աշխատին բոլոր արդիական կազմածները:
Դարաւոր անցեալի ազգերը կը հաւատային թէ լոյսը սրբութիւն մըն է: Այս պատճառաւ աստուածաշունչ մատենագրութիւնը լոյսը կը զօդէ Աստուծոյ: Աստուած միայն լոյսի մէջ չբնակիր, այլ ինչպէս Մովսէս կ՛ըսէ. «Իսրայէլի Աստուածը տեսան ու անոր ոտքերուն տակ աղիւսով յատակածի պէս շափիւղայ, և պայծառութեամբ բուն երկինքի պէս էր»--Ելից ԻԴ.10:
Պօղոս առաքեալ եւս կը վկայէ. «Անմերձենալի լոյսի մէջ բնակած»--Ա Տիմ. Զ.16:
Աստուած ոչ միայն լոյսով հանդերձուած է, այլ լոյսը՚ ինքն է, «Թէ Աստուած լոյս է, ու Անոր մէջ բնաւ խաւար չկայ»--Ա Յով. Ա.5:
Ուստի երբ Աստուած Իր Միածնի Մարդեղութեամբ մեզի կը յայտնուի՚ կը կոչուի «Լոյս Աշխարհի»--Յով. Ա1-18, Ը.12:
Յուսահա՞տ ես, կամ մահամե՞րձ, կը կարծես թէ ադամամո՞ւթ խաւարը քեզ պիտի ծածկէ. լսէՙ Յիսուսաշունչ խօսքերը Պօղոս առաքեալին որ կ՛ըսէ. «Աստուած որ հրաման ըրաւ խաւարէն լոյս ծագել՚ Ինք մեր սրտերուն մէջ ծագեց՚ Աստուծոյ փառաց գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսի անձով»--Բ Կորնթ. Դ.5:
Վերոյիշեալ լուսեղէն խօսքերն են, որ կը մեղմեն խռով սիրտը հաւատացեալ Հայուն որ բարի յոյսով հանգստանայ ան արդարներու օթեւանին մէջ:
«Մինչեւ յօր մեծի գալստեան քո».--
Մարդուն մէկը հարցում մը կ՛ուղղէ իր շատ խելացի բարեկամին և կ՛ըսէ. "Մեղրէն աւելի անուշ ի՞նչ կայ": Իմաստուն բարեկամը պահ մը մտածելէն յետոյ կը պատասխանէ անոր մէկ բառ. «յոյս»:
Ի՞նչ արժէք ունի գիտակից կեանք մը առանց յոյսի: Անյոյս՚ սակայն գիտակից խելացի կեանք մը անձասպանութեամբ կը վերջանայ:
Անյոյս մարդու մը յոյսը՚ ինքզինք չգոյ ընելուն մէջ կը կայանայ: Իսկ յուսալից մարդու մը համար անկարելին՚ կարելի կը դառնայ: Քրիստոնեայ հաւատացեալի մը համար այդ գաղտնիքը, Յիսոսի վերագալստեան յոյսն է: Հրեշտակները աւետեցին ըսելով.
«Ինչո՞ւ կայներ դէպի երկինք կը նայիք, այս Յիսուսը որ ձեզմէ երկինք համբարձաւ, այսպէս պիտի գայ՚ ինչպէս տեսաք Անոր երկինք երթալը»--Առակ. Ա.11:
«Ու պիտի տեսնեն Որդին Մարդոյ երկինքի ամպերուն վրայ եկած զօրութիւնով և մեծ փառքով» --Մատթ. ԻԴ.30:
Այս է յոյսը հառաչող մարդկութեան,
հաւատացեալ սուրբերուն և նահատակներուն:
23.--«Դատաւոր արդար, յորժամ գաս փառօք Հօր դատել զկենդանիս և զմեռեալս, մի մտաներ ի դատաստան ընդ ծառայի քում, այլ փրկեա զիս ի յաւիտենական հրոյն, և լսելի արա ինձ զերանաւէտ կոչումն արդարոց յերկնից արքայութիւնը. և ողորմեա քո արարածոց և ինձ բազմամեղիս»:
«Դատաւոր արդար».--
Ցարդ՚ բազմաթիւ բացատրութիւններ եղան Սէր Աստուծոյ ողորմութեան և գթութեան մասին: Այսու ամենայնիւ Աստուծոյ արդարութիւնը և ուղղամտութիւնը պէտք չէ երբեք մոռնալ: Ի՞նչպէս կրնանք սէր կոչել զԱստուած երբ Իր սիրելի արարածներէն մին իրաւունքէ կը զրկէ իր եղբայրը: Ս. Շնորհալին երբ զԱստուած Դատաւոՙր կ՛անուանէ՚ այդ "դատաւոր" բառին կը կցէ նաեւ "արդար" ածականը:
Հին Կտակարան Մատենագրութեան մէջ, կարգ մը ակնարկութիւններ կան համաշխարհային եղեռնագործ ատեանի մասին Յովել մարգարէին կողմէ.
«Վայ այն օրուան համար, քանզի Տէրոջը օրը մօտ է. Խաւարի և մէգի օր, ամպի ու մառախուղի օրը քանզի Տէրոջը Օրը մեծ ու խիստ ահեղ է, ով կրնայ անոր դիմանալ: Արեւը խաւարի պիտի դառնայ, ու լուսինը արիւնի, դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ Օրը չեկած»--Ա.1, Բ.2, 31, Դ.5:
«Ահա ես Եղիա մարգարէն ձեզի պիտի ղրկեմ դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած»--Մաղաքիա Դ.5:
Տիեզերական ատեանի սկզբնական գաղափարը կու գայ Պարսկական մատենագրոթենէն: Հին Փարաւոնեան մեռելոց Գիրքին մէջ՚ եւս արդարութեան ատեանը տեղի կ՛ունենար անձի մը մահուանէ անմիջապէս վերջ: Նոյնպէս կը հաւատային նաեւ Հռոմայեցիները և Յոյները: Հրեայ Մարգարէներն ու բանահիւսները որոնք շփում ունցան Հելէն քաղաքակրթութեան և դասական իմաստասիրութեան, կը հաւատային նաեւ, թէ մեռնող անձը անմիջապէս կը ներկայանար Աստուծոյ ատեանին: Այս մասին շատ ընդարձակ գրութիւն ունի Ենովք Մարգարէն իր գրութիւններուն մէջ: Ենովք մարգարէի գրութիւնները ընդունուած են Նոր Կտակարանի մէջ, սակայն Պարականոն գիրքերու շարքին:
Երբ հաւատամքի կամ դաւանանքի մը սկզբնաւորութիւնը, այսինքն, ծնունդը վերագրուի ոչ Հին Կտակարանի և ոչ ալ Նոր Կտակարանի՚ կարգ մը Քրիստոնեայ հաւատացեալներու դէմքերը կը խոժոռին: Անոնց այնպէս կը թուի, թէ ինչ որ հեթանոսական է՚ դիւային նկատուելու է:
Հպանցիկ կերպով ներկայացնենք կարգ մը հիմնական հաւատալիքներ, թէՙ Հէական և թէ Քրիստոնէական կարծուած, որոնք նախա-Մովսիսական և նախա-Քրիստոնէական աւանդութիւններ են:
1. Թլփատութիւն--Այս արարողութիւնը ամենաահին և ամենաշատ ընդհանրացած սովորութիւն մըն էր: Թէՙ Հրեաներուն մէջ, թէ Արաբական աշխարհի մէջ, թէՙ Հին Եգիպտացիներու մէջ, թէ (Polynisians), Ովկիանեան Ժողովուրդներու մէջ: Ամերիկայի հնդիկներու մէջ, թէ Ափրիկէի նախնական ցեղերու և Աւստրալիոյ բնիկներու մէջ:
Մովսէս մարգարէին 618 պատուիրանքներուն ամենագլխաւոր օրէնքը կը համարուի թլփատութիւնը: Միթէ Հրեաները խոժոռ դէմքոՙվ կը դիտեն երբ իմանան թէ Մովսէս չէՙ հիմնադիրը թլփատութեան սովորութեան:
2. Մկրտութիւն--Սոյն աւանդութիւնը նախաքրիստոնէական արարողութիւն մըն էր: Մոռնալու չէ որ Յովհաննէս Մկրտիչ, Քրիստոսէ առաՙջ, ինք սկսաւ մկրտել Հրեայ ժողովուրդը: Այս արարողութեան պատճառը ենթական մաքրել էր հոգեմարմնական մեղքերէ, փոխանցումէ և վարակումէ: Մկրտութիւնը կը կատարուէր տան երեցի մը կամ ցեղապետի մը և կամ քահանայի մը միջնորդութեամբ: Գաղտնի կրօնքները՚ Որփէական ((rphic), Միհրական (Mithraic), և Եգիպտական, մկրտութիւնը կը պարտադրէին որպէս քաւութիւն բարոյական մեղքերու, որպէսզի ապահովեն անմահութիւն և յարաբերութիւն իրենց աստուծոյն հետ: Մկրտուիլը՚ մեռնիլ է հին կեանքին ու վերածնիլը նոր կեանքի մը:
3. Հաղորդութիւն--Այս արարողութիւնը որ կը կոչուի, Քրիստոնեայ հաւատացեալներու կողմէ, նաեւ Տէրունական Ընթրիք, մասնակցութիւն Քրիստոսի Արեան և Մարմնին, գոյութիւն ունեցած է Հրեաներուն մէջ որպէս Պասէք, և հեթանոսներուն մէջ, որպէս հաղորդութիւն իրենց աստուածներուն հետ:
Այս մասին Պօղոս առաքեալ կը գրէ Կորնթացիներու Եկեղեցիին.
«Չէ՞ որ այն զոհուածները ուտողները սեղանին հաղորդ կ՛ըլլան. Ուրեմն ի՞նչ կ՛ըսեմ, թէ կուռքը բա՞ն մըն է: Բայց զայս կ՛ըսեմ թէ այն բաները զորոնք հեթանոսները զոհ կ՛ընեն, դեւերուն կը զոհեն ու ոչ թէ Աստուծոյ. ու չեմ ուզեր որ դուք դեւերուն հաղորդ ըլլաք. չէք կրնար խմել Տէրոջը գաւաթը ու դեւերուն գաւաթը. չէք կրնար վայելել Տէոջը սեղանէն ու դեւերուն սեղանէն»--Ա Կորթ. Ժ.18-21:
Սուրբ Պատարագը որ Յիսուս Իր աշակերտներուն պատուիրեց կրկնել մինչեւ Իր վերադարձը, արդէն գոյութիւն ունէր թէ հեթանոսներուն մէջ և թէ Հրեաներուն: Յիսուս, ոչ թէ կրօնա-մշակութային պատմութեան մէջ գոյութիւն չ՛ունցած հաղորդութեան արարողութիւն մը հիմնարկեց, այլ՚ զայն սրբացոՙւց և իմաստաւորեց որ սխալ ճանչցուած և խաբեպատիր կերպով կը գործադրուէր հեթանոս կրօնքին մէջ ի պատիւ դեւերուն: Հեթանոսներն ալ, հաղորդութեան ընթացքին, կ՛ուտէին միս, հաց և գինի հաղորդուելու համար իրենց աստուածներուն հետ: Մարդ արարած՚ շարունակ աստուածային յայտնութիւն ունեցած է մօտենալու և հաղորդուելու իր Արարչին հետ, թէեւ սխալ ճամբով կամ պատրանքախաբ հասկացողութեամբ:
Վերոյիշեալ բոլոր բացատրութիւնները օժանդակ պատահարներ են պատմական իրականութիւններու, որոնք մինչեւ Յիսուսի յայտնութիւնը աղաւաղուած և խաթարուած էին, թէՙ Հրեաներու կողմէ և թէՙ հեթանոսներու: Ուստի Մարդեղացեալ Յիսուս Քրիստոս աղաղակեց և խօսեցաւ ըսելով.
«Եՙս եմ Ճշմարտութիւնը, Ճամբան և Կեանքը»:
Ամերիկացի հիւանդ մը բնաւ պիտի չմերժէ բուժիչ դեղ մը եթէ այդ դեղահատը պատրաստուած է Համայնավար երկրի մը մէջ, կամ Ռուս հիւանդ մը պիտի չմերժէ զինք ապաքինող դեղ մը որ հնարուած է Ամերիկայի մէջ: Որովհետեւ երկու դեղերն ալ բարի են--բուժիչ յատկութիւններ կը պարունակեն:
Վերադառնանք Տիեզերական Դատաստանին:
Մեզ հետաքրքրողը Յիսուսի խօսքերը ըլլալու են որովհետեւ մենք զանոնք վերջնակաՙն և անփոխարինելի կը համարենք: Մատթէոսի Աւետարանին մէջ կը կարդանք. «Թող տուէք որ երկուքն ալ մէկտեղ աճին մինչեւ հունձքի ատենը. և հուն:քի ատեն հնձողներուն պիտի ըսեմ, առաջ որոմը քաղեցէք, և զանիկա խուրձ խուրձ կապեցէք այրելու համար, իսկ ցորենը իմ ամբարս ժողվեցէք»--Մատթ. ԺԳ.30:
Վերոյիշեալ սերմնաքաղը վրէժխնդրութիւն չի նշանակէր, այլ արդարութիւն: Ներկայիս աշխարհի հզօր պետոութիւնները խաղաղութիւն կ՛ուզեն առանց արդարութեան: Անոնք կ՛ուզեն խաղաղութիւն հիմնել զէնքի զօրութեամբ: Ոչ թէ որովհետեւ մարդկութիւնը կը սիրեն, այլ իւրացնելու համար իրենց չարաշահութիւնը և շահատիրութիւնը: Աստուած Իր խաղաղութիւնը և Թագաւորութիւնը պիտի հիմնէ արդարութեան և իրաւունքի վրայ որ յաւիտեան պիտի գոյատեւէ:
«Յորժամ գաս փառօք Հօր».--
Երբ մահուան մութ վարագոյրը ծածկեց Յիսուսի լուսեղէն կեանքը մարդկային տեսանելի աչքերէն, միակ յիշատակութիւնը որ դանդաղօրէն մնաց Երուսաղէմի ու շրջակայ ժողովուրդին մտքին մէջ, պարտուած ու անարգուած Մարգարէ մըն էր որ չի կրցաւ ազատել ոՙչ Ինքզինքը խաչելութենէն ու ոչ ալ իր ազգը Հռոմէական լուծէն: Յիսուս լքուած էր ոչ միայն իր բարեկամներէն, այլ նոյնիսկ իր հաւատարիմ կարծուած աշակերտներէն: Խաչին շուքին տակ կայնած էին մի միայն քանի մը խեղճ կիներ ու Իր մայրը Մարիամ: Անոնք էին միակ ցաւակիցները Յիսուսի որ Զինք շատ սիրած էին: Որպէս վարձատրութիւն, յետ Յարութեան, Յիսուս Ինքզինքը յայտնեց ամէնէն առաջ կիներուն:
Ահաւասիկ այս անարգուած ու ամօթալի կերպով սպանուած Յիսուս, որ պարտուած և մեռած հաւատացին իր հակառակորդները, կրկիՙն պիտի գայ Հօրը փառքով: Պիտիՙ վերադառնայ: Պիտիՙ յայտնուի: Ամէՙն աչք պիտի տեսնէ Զինք: Վարագոյրը պիտի բարձրանայ և այս անգամ պիտի յայտնուի ոՙչ թէ պարտուած Յիսուս մը, այլ՚ յաղթականն ու անպարտելի Աստուած Որդին վերադարձած զօրութեամբ և փառքով Հօր: Պիտիՙ վերադառնայ Ան.--
«Դատել զկենդանիս և զմեռեալս».--
Ան պիտիՙ վերադառնայ, ոչ թէ Պիղատոսի ատեանը կամ քահանայապետին Սանհետրիմը ծաղրուելու և անարգուելու համար, այլ՚ նախագահելու Տիեզերքի Ոճրադատ Ատեանին որպէս Արդար Դատաւոր: Յիսուս նմոյշ մը ցոյց կու տայ Տիեզերական Ատեանի վճիռէն՚ ըսելով
«Եւ ով որ թողուց տուներ, կամ եղբայրներ, կամ քոյրեր, կամ հայր, կամ մայր, կամ կին, կամ որդիներ, կամ արտեր իմ անուանս համար, հարիւրապատիկ պիտի առնէ, և յաւիտենական կեանք պիտի ժառանգէ: Բայց շատ առաջիններ պիտի ըլլան յետին, և յետիններ՚ առաջին»--Մատթ. ԺԹ.29-30:
Վերոյիշեալ Յիսուսաշունչ խօսքերը՚ ամենաքաջալերական խոստումն է Հայ հաւատացեալին, մանաւանդ անոնց որ կրցան պահել իրենց հաւատքը, երբ կ՛անցնէին Թուրքին եաթաղանէն: Չկայ մէկը որ անպատիժ պիտի մնայ այս արդար դատաւարութենէն: Բոլոր անոնք որ իրաւունքը կերած են որբին կամ որբեւարիին, բոլոր անոնք որ գազանօրէն սպաննած են իրենց զոհերը, բոլոր անոնք որ կեղծած են արդարութիւնը և բոլոր անոնք որոնք յափշտակած են ուրիշին հողերն ու ինչքերը, պատասխան պիտի տան երբ դէմ յանդիման բերուին իրենց զոհերուն առջեւ: Յիսուս Իր ձեռքերը պիտի չլուայ վախկոտ Պիղատոսի նման որ ծռէ արդարութիւնը, այլ՚ Իՙնք պիտի վճռէ արդարօրէն և ճշմարտապէս զրկեալին իրաւունքն ու պահանջքը:
«Մի մտաներ ի դատաստան ընդ ծառայի քում».--
Անձնուէր հաւատացեալներու խնդրանքը՚ արդէն իսկ կատարուած է: Իրենց անունները Կենաց Գիրքին մէջ վաղուց արձանագրուած են ու իրենք նշանակուած յաւիտենական կեանքին: «Եւ ով որ Կենաց Գիրքին մէջ գրուած չգտնուեցաւ կրակի լիճին մէջ ձգուեցաւ»--Յայտ. Ի.15:
Ս Ներսէս Շնորհալիի վերոյիշեալ աղերսը. «Մի ըներ քու ծառային դատաստանը» չի նշանակեր արդարութեան թէքումը վախի պատճառաւ, այլ՚ թշուառ հաւատացեալը վաղո՜ւց երկրի վրայ դատապարտուած և անիրաուուած էր ընչաքաղց և անիրաւ դատաւորներու կողմէ ու կորսնցուցած ամէն իրաւունք: Անկուշտ թշնամին յափշտակած էր իր տունը, իր հօրենական կալուածը և նամանաւանդ իր պատիւը--իր ընտանիքը: Յիսուս այս իմացական էակը դատելու պէտք չունի, աշխարհ զինք արդէն դատած ու անիրաւած էր: Յիսուսի կը մնայ այս անձին իրաւունքները վերադարձնել ու զինք արդարներու շարքին դասել:
«Այլ փրկեա զիս ի յաւիտենական հրոյն».--
Ոմանք "Յաւիտենական կրակը" յաւիտենական "տանջանք" կը հասկնան: Ի՞նչպէս կարելի է մեղաւորի մը՚ որ յաւիտեան տանջուի, երբ ինք յաւիտենական կեանքէ զուրկ է: Կրակը կրնայ յաւիտենական կոչուիլ, որպէսզի անզէղջ դատապարտեալներ ազատութեան յոյս կամ միջոց չ՛ունենան: «...Բոլոր ստախօսներուն բաժինը կրակով ու ծծումբով վառած լիճին մէջ պիտի ըլլայ, որ է երկրորդ մահ»--Յայտ. ԻԱ.8:
Ի՞նչպէս "յաւիտենական տանջանքի" գաղափարը մուտք գործած է եկեղեցիներու հաւատալիքներէ ներս: Հին Հռոմէական (Etruscan) կրօնական հաւատալիք էր որուն պատկերալից և սրտաճմլիկ տեսարանները, Տանդէ կենդանի կերպով նկարագրած է իր Divine Comedy-ի քերթողականին մէջ:
Երկրորդ, Իսլամութիւնը չափազանց վառ նկարագրութիւններ ունի իր Գորՙան Գիրքին մէջ: Եկեղեցականներ՚ որպէսզի դիւրաւ կառավարեն իրենց ծուխերը, քարոզած են ու տակաւին, ոմանք, կը քարոզեն "յաւիտենական տանջանք" որ վախի միջոցաւ զսպեն չարերը: Մարդ արարածին "յաւիտենական տանջանք"ը երբեք գոյութիւն չունի Սուրբ Գիրքին մէջ:
Նոր կտակարանի գրութիւններուն մէջ կայ.
1. "Յաւիտենական դատապարտութիւն"--Մատթ. ԻԵ.64: Այս համարը Հայերէնի մէջ "տանջանք" թագմանուած էր, իսկ բնագիրին և ուրիշ թարգմանութիւններու մէջ "դատապարտութիւն" գրուած է Յունարէնով (kolasis):
2. "Յաւիտենական կրակ"--Մատթ. ԺԸ.31: «Աղէկ է քեզի կաղ կամ պակասաւոր մտնել կեանք, քան թէ երկու ձեռք կամ երկու ոտք ունենալ ու յաւիտենական կրակին մէջ ձգուիլ»: Կրակն է յաւիտենականը, բայց ոչ դատապարտեալը:
3. "Կորուստ"--Մատթ. Է.18: «Վասնզի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ այն ճամբան որ դէպի կորուստ կը տանի»:
Ծննդոց Գիրքին 6-րդ գլխուն 3-րդ համարին մէջ, Աստուծոյ խորհրդածութիւններու մասին գրութիւն մը կայ որ կ՛ըսէ, «Իմ Հոգիս միշտ մարդու վրայ պիտի չմնայ, վասնզի անիկա մարմին է. բայց անոր օրերը հարիւր քսան տարի ըլլան»: Ի՞նչպէս մարդ կրնայ յաւիտեան չարչարուիլ երբ ինք մարմին է, և իր կեանքի շրջանը 120 տարի է միայն:
«Եւ լսելի արա ինձ զերանաւէտ կոչումն արդարոց յերկնից արքայութիւնդ».--
Ահա այն բարեբաստիկ յոյսը որով աչքերը կը փակէ իւրաքանչիւր հաւատացեալ երբ կը ննջէ ի Քրիստոս: Այն հաստատ հաւատքով և վառ յոյսով որ Յարութեան Առաւօտուն իր անունն ալ պիտի փողահարուի կենաց Գիրքէն, դասելու համար զինք շարքը ներում ստացած մեղաւորներուն: Ես անձամբ իմացած եմ կարգ մը հաւատալու անկարող անձերէ, որոնք ըսած են «Երանի քեզի որ կրնաս հաւատալ»: Այո, կարենալ հաւատալը, շատ մեծ շնորհք մըն է որ ոմանք չ՛ունին: Ինչո՞ւ, չեմ գիտեր: Իմացած եմ նաեւ հետեւեալ խօսքերը, «Պատրաստ եմ փոխանակելու բոլոր գիտութիւնս և իմաստութիւնս հաւատքի և հաւատալու կարելիութեան փոխարէն»:
Ինչո՞ւ հաւատացեալներ ակնկառոյց կ՛սպասեն Երկնային Արքայութեան: Որովհետեւ հաւատացեալները, հաւատքի աննիւթական աչքերով, տեսած են այս աշխարհի հազարաւոր տարիներու պատմագիտութիւնը որուն իւրաքանչիւր սիւնակը լեցուն է անիրաւութեամբ ու շատեր կը յորդին արիւնով, կեղծիքով, անարդարութեամբ, գերեվարութեամբ, սուտով և ոճիրներով:
Հաւատացեալներ՚ այլեւս կը տենչաՙն տեսնել ճշմարիտը, իրականը, բարին և յաւիտենականը: Կը փափաքին հասնիլ և դպչիլ իրենց անպարտելի Փրկչին՚ Յիսուսի և յայտնել Անոր իրենց շնորհակալութիւնը: Անոնց հոգիները կը ցանկան սլանալ վեր ու միանալ, հպիլ այն տիեզերական Հոգիին, որ զիրենք դարձուցած է հոգեղէն՚ փոխակերպելով երկրային կաւն ու հողը երկնայինի: Այս է Խորհուրդը և այս է հրաշքը Սրբազան Մատենագրութեան որ կը ներկայացնէ կեանքի աննիւթապաշտ ըմբռնումները և կը ձգտի հաւատքի և յաւիտենական կեանքի:
Հաւատացեալ ըլլալ՚ կատարեալ ըլլալ չի նշանակեր: Ինչպէս բոլոր ապրող մարդկութիւնը որոնք առողջ մարզիկներ չեն: Աշխարհի մարդկութեան կէսէն աւելին հիւանդ է, անկողինի կը ծառայէ, կամ ծերանոցի մէջ է: Սոյն ըմբռնումով հասկնալի կ՛ըլլայ Ս Ներսէս Շնորհալին երբ ան ինքզինք կը նոյնացնէ հաւատացեալներու բոլոր դասակարգերուն: Մենք ալ նոյն կերպով՚ կատարելութիւն և սրբութիւն ակնակալելու չենք իւրաքանչիւր հաւատացեալէ, որովհետեւ մեՙնք կատարեալ չենք տակաւին: Մեր աշխատանքը ու գործունէութիւնը պէտք է նուիրենք հիւանդագին, տկարամիտ և տեսողութիւննին աղօտ Քրիստոնեաներուն:
«Իմոց և օտարաց».--
Քրիստոնեայ հաւաացեալի մը համար, ծանօթն ու անծանօթը, օտարականն ու ցեղակիցը եղբայր են: Օտարի և անծանօթի միջեւ սիրոյ յարաբերութիւն մը ստեղծուելու է: Ոչ թէ ազգութիւնները և լեզուները ջնջոուելու են, այլ՚ անոնց միջեւ եղած անծանօթութիւնը, խորթութիւնը անտարբերութիւնը և տգիտութիւնը կամրջուելու է բարի կամեցողութեամբ և հասկացողութեամբ:
«Կենդանեաց և մեռելոց».--
Կաՙյ սուրբերու հաղորդութիւն մը անցեալի ու ներկայի: Այս հաղորդութեան խորհուրդը հոգեկան ներթափանցողութեամբ և հայեցողութեամբ ըմբռնելի է ներկայ մեր կեանքի ընթացքին: Սակայն կայ խորհրդազգաց հաղորդութիւն մը անցեալի ննջեցեալ ու ներկայ ապրող սուրբերուն միջեւ: Յիսուս ոգեկան ներհայեցողութեամբ տեղեկացաւ Ղազարոսի մահը:
«Շնորհեա և թշնամեաց իմոց և ատելեաց
զթողութիւն որ առ իս յանցանացն».--
Վերոյիշեալ քայլը առնելու համար, Հայ հաւատացեալները, մտքի և հոգիի խոր փոփոխութեան ենթարկելու են իրենք զիրենք: Այս չի նշանակեր որ եթէ այս քայլը չառնեն, անհաւատ կը մնան: Ոչ, անհաւատ կամ անաստուած չեն ըլլար, այլ կ՛ըլլան հիւանդ կամ թերի հաւատացեալներ: Հաւատացեալ մը եթէ կը կամի հիւանդ ապրիլ, ատիկայ իՙր առանձնաշնորհը նկատուելու է: Սակայն իր ցաւերուն և անկարողութեան համար, թող չի գանագատի Աստուծոյ:
Շնորհալիին վերոյիշեալ աղերսը՚ կատարելութեան համար է: Մարդկային ներկայ կեանքը՚ իր ապրումը կատարելագործելու ժամանակաշրջանն է, բարձրացումի սլացք մըն է:
«Եւ դարձո զնոսա ի չարեացն զոր ունին վասն իմ».--
Աշխարհը շարժման մէջ դնողն ու զայն կառավարող զօրոյթը՚ խորհուրդ ըսուածն է որ կ՛ստեղծուի մտքի մէջ, այլ խօսքով մտայղացում: Ինչպէս մայրենի ծննդարան մը չի բեղմնաւորուիր առանց արտաքին օժանդակութեան, նոյնպէս միտքը չի կրնար գաղափարներ յղանալ առանց արտաքին միջամտութեան: Կրօնաբանասիրական ըմբռնումով, այդ միջամ- տութիւնը տիեզերական Հոգիի կը վերագրենք:
Այս խորհուրդը կամ միտքը եթէ չարին ձեռնտու դառնայ, տառապանք ու մահ կը պատճառէ, իսկ եթէ Բարիին ենթարկուի, կեանքի և ուրախութեան ակնաղբիւր կը դառնայ: Աջ կամ ձախ թեքիլը՚ ենթակային կամքէն կախեալ է: Մարդու տրուած առանձնաշնորհ մըն է ազատ կամքը:
Ս Շնորհալիին աղօթքը այն է՚ որ իր հակառակորդները դառնան իրենց չար խորհուրդներէն որ չկորսուին: Իրենց միտքը և հայեացքը փոխեն դէպի բարին: Համառօտակի՚ ապաշխարեն և դարձի գան:
«Զի ողորմութեան քում արժանի եղիցին».--
Ի՜նչ վեհանձնութիւն և Յիսուսաշունչ սէր, Հայոց հայրապետը՚ ոչ թէ մահ և կործանում կը ցանկայ իր հակառակորդներուն, այլ՚ տեսնել կը փափաքի անոնց փրկութիւնը: Ան կը տենչայ տեսնել աստուածային կերպարը նաեւ իր հակառակորդներուն մէջ: Ողորմած և բարեգութ անձի մը համար անկարելի է ատել ուրիշ անձ մը: Որովհետեւ ճշմարիտը ճանչցող հաւատացեալ մը կ՛ուզէ տեսնել իՙր անձին արտացոլացումը ուրիշին մէջ:
Անձ մը երբ իր նմանութիւնը տեսնէ նոյնիսկ անծանօթի մը մէջ, անմիջապէս կ՛սկսի սիրել զայն: Այս տեսողութիւնն է, որ կը կարօտի Հայ հաւատացեալը: Բժշկական այս գործողութեան պէտք ունի ազգս Հայոց:
Վերոյիշեալ մեկնաբանուած և բացատրուած բոլոր գրութիւնները մեզի՚ հաւատացեալներուս, ասպարէզ կը կարդան: Մենք որպէս բանգէտ, օրէնքներ ու կանոններ կը սահմանենք կրօնքի և հաւատալիքներու, մինչդեռ ճշմարիտ ու հաւատարիմ վկաներ իրենց գլուխները տուած են եաթաղանի սուրին, որպէսզի չ՛ուրանան իրենց Տէրն ու Փրկիչը եղող Յիսուս Քրիստոս Աստուած Որդւոյն: Ան խոստացաւ.--
«Ահա կու գամ շուտով, և ինծի հետ են իմ վարձքերս, որպէսզի հատուցանեմ իւրաքանչիւրին իր գործերուն համաձայն: Ես եմ Ալֆան և Օմեղան, Սկիզբը և Վախճանը, Առաջինը և Վերջինը»:
«Ամէն: Եկոՙւր, Տէՙր Յիսուս Քրիստոս»:
Յունիս 1986 Ալպէռ Նորատունկեան
Թորոնթօ Հայ-Քրիստոնեայ